Դպրոցական տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին։ Ճոխ ամավերջի հանդէսներով, անգամ մը եւս ուրախացանք մեր աշակերտութեամբ, որոնք մաքուր առոգանութեամբ եւ հայերէնով արտայայտուելու համարձակ ոճով, ներկայացուցին իրենց տարեկան աշխատանքը՝ հայոց լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան գեղեցիկ պատառիկներ ներկայացնելով հանրութեան։ Շրջանաւարտներէն կարեւոր թիւ մը արդէն կը պատրաստուի վերամուտին հայեցի կրթութեան իր ընթացքը շարունակելու Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան» ազգային միջնակարգի հայակերտ միջավայրին մէջ։
Կրթական շրջանի աւարտով, յաճախ մեր հայրենակիցներու մտայնութեան մէջ կը մնայ այն տպաւորութիւնը, թէ գաղութային գործունէութիւնը, յատկապէս այն, որ կապուած է պատանի եւ երիտասարդ սերունդին հետ, արձակուրդ կ՚առնէ՝ ամառնային հաճելի զբաղումներու մթնոլորտէն տարուելով։ Այսպէս, ակումբ յաճախող երիտասարդ սերունդին թիւը կը նուազի, ծնողները իրենց զաւակներուն համար նոր զբաղումներու առիթներ կը փնտռեն, երբեմն ալ իրենց առօրեայ հոգերուն մէջ կլանուած ըլլալով, նոյնիսկ այսպիսի զբաղումներու մասին մտածելու ժամանակ չի մնար։ Այսպէս, մեր փոքրիկները կրնան զբաղիլ զանազան տեսակի երկրորդական հետաքրքութիւններով, սակայն հեռու կը մնան ակմբային կամ միութենական միջավայրէն եւ իրենց բարեկամներէն։
Կարգ մը ծնողներ կ՚անտեսեն կամ տեղեակ չեն, թէ հայեցի դաստիարակութիւնը ու հայկական ընկերային կեանքը երբեք կանգ չէ առած մեր գաղութէն ներս, նոյնիսկ ամառուայ շրջանին։
Ակումբները կը շարունակեն բաց մնալ մեր երիտասարդութեան համար եւ միութենական աշխատանքը կը շարունակուի, առիթը տալով պատանիներուն եւ երիտասարդներուն՝ մարզական եւ ընկերային զբաղումներու միջոցով, զուարճանալու եւ միաժամանակ զարգացնելու իրենց հայակրթութիւնը։
Օգոստոսի առաջին օրերուն, պիտի բացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակումը Սունիոյի մէջ, որ առիթ պիտի հանդիսանայ տասնեակ մեր փոքրիկներուն համար հայկական միջավայրի բարիքները վայելելու եւ միաժամանակ ամառնային մթնոլորտին մէջ ապրելու արձակուրդի հանգիստ օրեր։
Օգոստոսի վերջին տասնօրեակին, Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւնը այս տարի իր 39րդ բանակումը կը կազմակերպէ, Յունաստանի ամբողջ տարածքէն՝ Աթէնքէն եւ հիւսիսային Յունաստանէն մատշաղ սերունդը համախմբելու լաւագոյն միջոցը հանդիսանալով։
Աննկարագրելի է երկու պատանեկան համախմբումներուն ընթացքին ստեղծուած հայաբոյր մթնոլորտը։ Զոյգ բանակումներու պարագային ալ, հայերէն լեզուն, հայկական գիտելիքները, ընկերային մթնոլորտը, հայ երգն ու պարը այնքան ազդեցիկ դերակատարութիւն կ՚ունենան մեր նոր սերունդի հոգեմտաւոր ծաղկումին մէջ, որ կեանքի փորձառութեան եւ իրենց անհատական ու ազգային նկարագրի կազմաւորման լաւագոյն միջոցները կը հանդիսանան։
Այս բանակումներուն ընթացքին յառաջ եկած են զօրաւոր բարեկամութիւններ, յարգանքի եւ սիրոյ ընկերային կապեր, եղբայրական կապեր, բայց աւելին՝ անոնք հիմերը դրած են մեր փոքրիկներու հոգիներուն մէջ, առաւել խանդով եւ յանձնառութեամբ անոնք մասնակից ըլլալու համար հայ կեանքի երիտասարդական եւ պատանեկան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի գործածութեան եւ հայկական արժէքներու ծաղկումին՝ անոնց նորակազմ եւ զգայուն ներաշխարհին մէջ։
Սիրելի ծնողներ, մի զրկէք ձեր զաւակները այս առիթներէն։ Քաջալերեցէ՛ք, խրախուսեցէ՛ք անոնց՝ մասնակցելու համար միտքն ու հոգին կազմաւորող այս բանակումներուն։ Առիթը տուէ՛ք անոնց՝ հեռու չմնալու իրենց ընկերներէն եւ բարեկամներէն, ո՛չ հեռուէն-հեռու անձնական հեռաձայներու ցուրտ հաղորդակցութեամբ, այլ կենդանի՝ իրար հետ միասին ըլլալու, միասին շնչելու, խօսելու, խնդալու, երգելու եւ պարելու այնքա՜ն հմայիչ մթնոլորտի ազդեցութենէն։
Հայեցի դաստիարակութիւնը լոկ գրական կամ պատմական գիտելիքներու դասընթացք չէ։ Հայեցի կրթութիւնը, վարժարաններէն եւ ակումբներէն ներս, մանաւանդ՝ բանակումներու ընթացքին, հայկական ինքնութեան ամրապնդումն է, իր բոլոր բարիքներով։
Մեր պարտքն է նորահաս սերունդներուն ցոյց տալ՝ այս ճամբէն քալելու միակ ու ապահով ձեւը։
«Ազատ Օր»