Սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւե­լու կո­չո­ւած՝ հա­ւա­քա­կան յու­շի պահ­պան­ման ա­ռա­ջադ­րան­քով պատ­րաս­տո­ւած «­Հա­յե­րու Նէոս Գոզ­մոս» կար­ճա­մեթ­րաժ ժա­պա­ւէ­նը ար­ժա­նա­ցաւ «Իո­նիօ Փա­նե­փիս­թի­միօ»ի (­Յու­նա­կան հա­մալ­սա­րան) կող­մէ տա­րին ան­գամ մը կազ­մա­կեր­պո­ւող յու­նա­կան 800 լի­կիո­նե­րու մի­ջեւ յա­տուկ ընտ­րո­ւած նիւ­թով մը՝ 10 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ ժա­պա­ւէ­նի մը պատ­րաս­տու­թեան միջ-վար­ժա­րանային մրցու­մին:
Ար­տա­սահ­մա­նի ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ բա­ցատ­րու­թիւն մը տա­լու մի­տու­մով նշենք, որ Նէոս Գոզ­մոս (­Նոր Աշ­խարհ) ա­նունն է՝ Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք Ֆիք­սի շրջա­նին մէջ հաս­տա­տո­ւած բազ­մա­հա­զար հայ գաղ­թա­կան­նե­րու բնա­վայ­րին, ուր հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ապ­րե­ցան մին­չեւ 1947 (դէ­պի Հա­յաս­տան ներ­գաղթ), ինչ­պէս նաեւ մին­չեւ 1964, երբ յու­նա­կան պե­տու­թեան եւ գաղ­թա­կա­նաց մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ Ա­թէն­քի մօ­տա­կայ ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն մէջ բազ­մա­յար­կա­նի­ներ տրա­մադ­րո­ւե­ցան, ո­րու հե­տե­ւան­քով ալ քա­նի մը հա­րիւր հայ ըն­տա­նիք­ներ այդ շրջա­նէն «ա­պա­կեդ­րո­նա­ցան» հոն տե­ղա­փո­խո­ւե­լով:
Ան­շուշտ որ Ֆիք­սը կամ՝ վեր­ջին 40 տա­րի­նե­րուն Նէոս Գոզ­մոս վե­րանուա­նո­ւած շրջա­նը կը շա­րու­նա­կէ Գո­քի­նիոյ հետ՝ Ա­տի­կէ նա­հան­գի հա­յու­թեան միջ­նա­բեր­դնե­րէն մէ­կը հա­մա­րո­ւիլ թո­ւաքանակի, այ­լեւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ու աշ­խու­ժու­թեամբ:
Հի­նէն դէ­պի մեր օ­րե­րը հաս­նող շատ ա­րագ ո­դի­սա­կա­նի մը պատ­մու­թեան անդ­րա­դար­ձող այս ժա­պա­ւէ­նը բե­մադ­րո­ւե­ցաւ Նէա Զ­միռ­նիի 7րդ լի­կիո­նի եր­կու դաս­տիա­րակ­նե­րու՝ Փեթ­րոս Մու­յո­սի եւ բա­նա­սէր Տես­փի­նա Պա­քիր­ծօղ­լո­ւի կող­մէ, վա­յե­լե­լով վար­ժա­րա­նի հա­յազ­գի ա­շա­կերտ­ներ՝ Անդ­րա­նիկ Նա­ճա­րեա­նի եւ Ա­նա­յիս Ճէ­նա­պեա­նի ան­մի­ջա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը:
Ժա­պա­ւէ­նի պատ­րաս­տու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի ա­րո­ւես­տի կա­մա­ւոր ու սի­րո­ղա­կան Ηοmo Ludens խմբա­կին:
Հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ ժա­պա­ւէն­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան հա­մա­հել­լե­նա­կան 40րդ փա­ռա­տօ­նին, Փ­սի­խի­քո­յի ար­խի­ւա­յին հիմնարկի ցու­ցաս­րա­հին մէջ:
Կը յի­շեց­նենք, թէ սոյն ժա­պա­ւէ­նին մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած են ծա­նօթ պատ­մա­գէտ Վ­լա­սիս Աղ­ծի­տիս, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բը, Ֆիք­սի ըն­կեր­նե­րէն Պերճ Գու­յում­ճեան, տու­տու­կա­հար Վար­դան Ա­բո­վեան, ընկ. Մայք Չի­լին­կի­րեան եւ օգ­տա­գոր­ծո­ւած է «Ար­մե­նի­քա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­թեր­թի լու­սան­կար­չա­կան ար­խի­ւը:
Այս բո­լո­րէն ա­ւե­լի, սա­կայն, զան­ցա­ռու­թիւն պի­տի ըլ­լար չնշել, թէ սոյն ժա­պա­ւէ­նի պատ­րաս­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, կազ­մա­կեր­պու­մը, հե­տապն­դումն ու ի­րա­գոր­ծու­մը կը պատ­կա­նին Հ.Յ.Դ. Ֆիք­սի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» Կո­մի­տէի հե­տե­ւո­ղա­կան ու գործ­նա­կան ջան­քե­րուն:

Թղթակից