Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած պատերազմի սկիզբէն, Յունաստանի մէջ գործող պոնտական միութիւնները եւ լոյս տեսնող մամուլը կանգնած են հայութեան կողքին։
Անոնցմէ մէկն է նաեւ «Փոնտիաքի Ղնոմի» ամսաթերթը, որ լայն տարածութիւն ունի պոնտական եւ յունական հասարակութեան մօտ։
Ամսաթերթը իր վերջին թիւի կողքը եւ խմբագրականը նուիրած է հայերուն, յատկանշանակօրէն գրելով՝ «Դաս մը յոյներուն համար. Հայերուն ամենայաջող դիմադրութիւնը ֆաշականութեան դէմ, անոնց հայրենասիրութիւնն է»։ Թերթը կը նշէ որ հայերուն կողմէ տրուած պատգամը ազգային տեսիլքի առկայութիւնն է, ընդգծելով, որ Յունաստանը եւս պարտի հայերու օրինակով զօրացնել իր ազգային հիմերը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ազգային Հայերու դիմադրութիւնը անոնց հայրենասիրութեան մէջ կը գտնուի. Պոնտական թերթի անդրադարձը