­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի Յու­նաս­տա­նի ­ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սըն­թաց­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զո­ւի պաշտ­պա­նու­թեան ու հա­յա­խօ­սու­թեան զար­գաց­ման նպա­տա­կով։
Ա­ռա­ջին հեր­թին վեց ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րող ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ծրա­գի­րը կը նա­խա­տե­սո­ւի կա­տա­րել եր­կու մա­կար­դակ­նե­րու հի­ման վրայ։ Սկս­նակ­նե­րու յա­տուկ խօ­սակ­ցա­կան հա­յե­րէն (հա­յե­րէ­նէ բո­լո­րո­վին ան­տե­ղեակ ան­ձե­րու հա­մար) եւ բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի վար­ժո­ղա­կան հա­յե­րէն (ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք խօ­սակ­ցա­կան նախ­նա­կան գի­տե­լիք­նե­րու ար­դէն կը տի­րա­պե­տեն)։
­Հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թաց­նե­րուն զու­գա­հեռ, միա­ժա­մա­նակ պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի, աշ­խար­հագ­րու­թեան, պատ­մու­թեան, եր­գի ու պա­րի շուրջ ու­սուց­ման ծրա­գիր, որ պի­տի ամ­բող­ջաց­նէ հայ­կա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։
­Հա­յոց լե­զո­ւին հետ մտեր­մա­նա­լու եւ ա­նոր յստակ հնչե­ղու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած են ա­ռո­գա­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու եւ բա­ռամ­թեր­քի հարս­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ուղ­ղագ­րա­կան վար­պե­տու­թեան դա­սա­պա­հեր։

­Դա­սըն­թաց­նե­րը պի­տի կա­տա­րո­ւին շա­բա­թը
եր­կու օր, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն, ­Ֆիք­սի եւ ­Գո­քի­նիոյ մէջ,
բո­լո­րո­վին անվ­ճար։

­Հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րը կրնան դի­մել «Հա­մազ­գա­յի­ն»ի
Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան։
Հեռ. 6972530584 (Հ­ռիփ­սի­մէ),
6946768714 (­Վեր­ժին),
6932525785 (­Յով­սէփ),
6947805546 (­Վահ­րիճ Վրդ.)

Ու­սուց­ման նստաշր­ջա­նը պի­տի ա­ւար­տի ­Յու­նիս 2018ին։

— ­Հա­յա­խօ­սու­թեան զար­գա­ցում
-­ Յու­նա­րէն լե­զո­ւի հետ բաղ­դա­տու­թիւն­ներ
(ա­սա­ցո­ւածք­ներ, տար­բեր խօ­սե­լա­ձեւ,
նոյ­նու­թիւն­ներ եւ տար­բե­րու­թիւն­ներ, ե­ւայլն)
-­ Հայ­կա­կան գրա­կա­նու­թիւն
— Ուղ­ղագ­րու­թիւն -­ Քե­րա­կա­նու­թիւն
-­ Դա­սա­գիր­քե­րու եւ ըն­թերց­ման յա­տուկ
գիր­քե­րու տրա­մադ­րում: