Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը հայերէն լեզուի դասընթացքներ կը կազմակերպէ, արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեան
ու հայախօսութեան զարգացման նպատակով։

Առաջին փորձառական նստաշրջանի յաջող աւարտէն ետք
եւ ուսանողներու յաւելեալ դիմումներու ընդառաջելով,
երկրորդ նստաշրջանի դասընթացքներուն կը ձեռնարկենք, արեւմտահայերէնի սկսնակներու ուսուցման ծրագիրը շարունակելով, հայերէնէ բոլորովին անտեղեակ անձերու համար։
Հայերէնի դասընթացքներուն զուգահեռ, միաժամանակ
պիտի իրագործուի հայկական մշակոյթի, աշխարհագրութեան,
պատմութեան, երգի ու պարի շուրջ ուսուցման ծրագիր,
որ պիտի ամբողջացնէ հայկական դաստիարակութիւնը։
Դասընթացքները պիտի կատարուին շաբաթական հերթականութեամբ, յետմիջօրէի ժամերուն, Ֆիքսի մէջ, բոլորովին անվճար։

Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան։
Հեռ. 6972530584 (Հռիփսիմէ), 6946768714 (Վերժին), 6932525785 (Յովսէփ)։

Ուսուցման նստաշրջանի առաջին հաւաքը
տեղի պիտի ունենայ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան»
ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս

Երկուշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2018,
ժամը 20։30ին։