Սեպտեմբեր 18ին, Կ. Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, իր աշխատանքներուն սկսաւ «Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողով»ը:
Լիագումար նիստին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Համաժողովի մասնակիցներուն օրհնութեան իրենց խօսքը ուղղեցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ներկաներուն ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան:
«Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» վերնագրուած «Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողով»ին կը մասնակցին աւելի քան 1800 ներկայացուցիչներ: Ընդլայնուած է մասնակցութեան աշխարհագրութիւնը, համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի 71 երկիրներու հայկական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ, տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու հայ պատգամաւորներ, նախարարներ, տեղական մարմիններու մէջ ընտրուածներ՝ 1500է աւելի մասնակից, Արցախը կը ներկայացնէ 40 մասնակիցներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութենէն համաժողովին կը մասնակցին շուրջ 400է աւելի պետական, քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ ու լրագրողներ: Մեծ պատուիրակութիւններ ժամանած են Ռուսիայէն, Ա.Մ.Ն.էն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Արժանթինէն, Գանատայէն, Թուրքիայէն, Վրաստանէն: Առաջին անգամ համաժողովին կը մասնակցին Մալէյզիոյ, Թայլէնտի, Սինկափուրի, Ճափոնի, Մեքսիքոյի, Եթովպիոյ, Սուտանի, Մյամարի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Համաժողովի ընթացքին տեղի կ’ունենան 2 լիագումար նիստեր, ինչպէս նաեւ՝ 4 ուղղութիւններով նախատեսուած 16 թեմատիկ նիստեր՝ նուիրուած Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն եւ ազգային անվտանգութեան օրակարգին, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման, հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն: Թեմատիկ ուղղութիւններու կազմակերպման համար պատասխանատու գերատեսչութիւններն են Հ.Հ. պաշտպանութեան, արտաքին գործերու, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու, սփիւռքի նախարարութիւնները:
Համաժողովի ընթացքին տեղի կ’ունենան 2 կլոր-սեղանի քննարկումներ: Առաջին կլոր-սեղանի քննարկումը կը վերաբերի «համահայկական խորհուրդ»ի ձեւաւորման: Երկրորդ կլոր-սեղանի քննարկումը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտներու 100ամեակին, ինչպէս նաեւ՝ Էրեբունի-Երեւանի 2800ամեակի տօնակատարութիւններու կազմակերպման եւ իրագործման նախնական ծրագիրներու քննարկման:
Համաժողովի երկրորդ օրուան լիագումար նիստին հանդէս կու գայ Հ.Հ. վարչապետ Կարէն Կարապետեան՝ «Հ.Հ. կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները» նիւթով:
Համաժողովի աշխատանքներու ամփոփիչ նիստին ելոյթ կ’ունենայ Հ.Հ. Ա.Ժ. նախագահ Արա Բաբլոյեան, ապա՝ 4 ուղղութիւններու պատասխանատուները կը ներկայացնեն թեմատիկ նիստերու քննարկումներուն արդիւնքները:
Արդիւնքներու ամփոփումէն ետք, համաժողովը կ’ընդունի յայտարարութիւն:
Մարզահամերգային համալիրին մէջ ձեւաւորուած են տաղաւարներ, ուր իրենց նուաճումները կը ներկայացնեն այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպիսին են «Թումօ նորարարական տեխնոլոգիաների կեդրոն»ը, «Այբ» նորարարական դպրոցը, «Քվանտ» վարժարանը: Առանձին տաղաւարներով ցուցադրուած են գինեգործութեան, գոնեակագործութեան, տեքստիլ (հիւսուածեղէնի) արդիւնաբերութեան ձեռքբերումները ու հայ գորգագործութեան անցեալի նուաճումներն ու ներկայ զարգացման ընթացքը: Առանձին տաղաւարներով իր տնտեսական եւ մշակութային ձեռքբերումները կը ներկայացնէ Արցախը: Կը գործէ նաեւ «Ազգ-բանակ» գաղափարախօսութեան նուիրուած տաղաւար:
Համաժողովի ծիրէն ներս կը կազմակերպուին շարք մը մշակութային միջոցառումներ: Սեպտեմբեր 16ին Հանքաւանի «Նայիրի սպա ռեզորթս» հիւրանոցային համալիրի տարածքին մէջ արդէն բացուած է «Նայիրի» երաժշտական այգի-թանգարանը, ուր տեղադրուած են հայ երաժշտութիւնը, երգարուեստը, երաժշտական նուագարանները խորհրդանշող բրոնզաձոյլ հարթաքանդակներով 10 արձան: Սեպտեմբեր 18ին «Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոն»ին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ՝ նուիրուած Արաքս Մանսուրեանի ստեղծագործական գործունէութեան 50ամեակին: Սեպտեմբեր 19ին Կ. Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կը նշուի «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 10ամեակը: Սեպտեմբեր 20ին համաժողովի մասնակիցները ներկայ պիտի գտնուին Հ.Հ. նախագահի բարձր հովանիին տակ տեղի ունեցող «Նայիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի կալա-համերգին, ուր կը մեծարուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի արուեստի նշանաւոր գործիչներ: Սեպտեմբեր 5-29ը Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտին մէջ «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնի «Հայ կոլեկցիոներների ակումբ»ի հետ համատեղ առաջին անգամ կը կազմակերպուի «Ընտրանի» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են 19րդ դարի երկրորդ կէսէն մինչեւ 21րդ դարի սկիզբի 24 հայ նշանաւոր արուեստագէտներու 30 ստեղծագործութիւնները՝ բացառապէս մասնաւոր հաւաքածոներէ:
Նշենք, որ առաջին համազգային հաւաքը տեղի ունեցած է 1999 թ. Սեպտեմբերին եւ կոչուած է «Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողով», 2րդը՝ 2002թ. Մայիսին, 3րդ համահայկական խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2006թ. Սեպտեմբերին: Առաջին երեք համաժողովները կազմակերպած է Հ.Հ. արտաքին գործերու նախարարութիւնը, իսկ 2011 եւ 2014 թուականներուն՝ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութիւնը:
«Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողով»ին Յունաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, «Համազգային»ի, Հայ Գթութեան Խաչի եւ Հայ Կապոյտ Խաչի ներկայացուցիչները:
https://www.youtube.com/watch?time_continue=73&v=KMo7TF9ag30