Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Disneyland եւ Universal ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու փոր­ձա­գէտ­նե­րը ­Հա­յաս­տան հրա­ւի­րած է ­Վա­նա­ձո­րի մէջ Disneylandի նման վայ­րի մը նա­խա­գի­ծի ի­րա­գործ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ: Այդ վայ­րը պի­տի կո­չո­ւի Noyland: Այս մա­սին յայ­տա­րա­րած է վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան:
«­Նա­խագ­ծի աշ­խա­տանք­նե­րը սկսո­ւել են մէկ տա­րի ա­ռաջ, մեկ­նար­կել է 100 մլն. ­դո­լա­րի ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րը  ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ո­լորտ­նե­րում, եւ այժմ ի­տա­լա­ցի լա­ւա­գոյն խորհր­դա­տու­ներ օգ­նում են մեզ ­Վա­նա­ձո­րի զար­գաց­ման հա­յե­ցա­կար­գը մշա­կե­լու գոր­ծում»,- ը­սած է վար­չա­պե­տը:
­Վեր­ջինս նաեւ ա­ւել­ցու­ցած է, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կը քննար­կէ են­թա­կա­ռու­ցա­յին կա­րե­լի լու­ծում­նե­րը, ո­րոնք կրնան ա­ւե­լի գրա­ւիչ դարձ­նել ­Վա­նա­ձո­րի մէջ հիմ­նադ­րո­ւող ձեռ­նար­կը: