Խմ­բագ­րու­թեան կող­մէ

7 ­Մա­յիս 1964-ին, իր աչ­քե­րը յա­ւի­տե­նա­պէս փա­կեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն, մես­րո­պա­շունչ տա­ռե­րու տքնա­ջան ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան։
Ս­տո­րեւ ներ­կա­յա­ցո­ւած գրու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի «Ա­զատ Օր»-ի եր­կա­րա­մեայ սպա­սա­ւոր Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նին, որ ե­ղած էր նաեւ Ու­շագ­լեա­նի ա­շա­կեր­տը ­Փոքր Ա­սիոյ Էօ­տէ­միշ քա­ղա­քին մէջ։ Գ­րու­թիւ­նը լոյս տե­սած է «Ա­զատ Օր»-ի 11 ­Մա­յիս 1964-ի թի­ւին մէջ։
­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի 100-ա­մեակն է այս տա­րին։ ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեա­նի ա­մու­սինն ու եր­կու պա­տա­նի զա­ւակ­նե­րը զոհ գա­ցին քե­մա­լա­կան բռնու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն մեծ ու­սուց­չու­հին կա­րո­ղա­ցաւ ճո­ղոպ­րիլ ­Յու­նաս­տա­նի ա­փե­րը ու ամ­բողջ կեանք մը նո­ւի­րել հայ մա­նու­կի հա­յե­ցի կրթու­թեան ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նին մէջ, իր կրթած սե­րունդ­նե­րուն վրայ տես­նե­լով իր եր­կու զո­հո­ւած բա­լիկ­նե­րուն աչ­քե­րը։
Ա­հա­րո­նի մա­տի­տէն բխած զգա­յա­ցունց բա­ռե­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րեն ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեա­նի կեանքն ու ծա­ռա­յու­թեան մե­ծու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար յու­նա­հայ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը ե­րախ­տա­պարտ ե­ղած են ի­րենց գո­րո­վա­գութ մօր՝ տի­կին ­Հա­յաս­տա­նին հան­դէպ։

«­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ե­րախ­տա­ւոր­ներ»

 

Ի խո­րոց սրտի
­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան
(­Նո­ւի­րեալ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հին)

ԱՀԱՐՈՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

­Գո­քի­նիոյ մօտ, Եր­մա­նի­քա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, քա­նի մը օ­րէ ի վեր կը հանգ­չի յոգ­նա­տանջ մար­մի­նը նո­ւի­րեալ եւ վաս­տա­կա­ւոր ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի՝ ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեա­նի:
­Թա­ղո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նը օ­տար հո­ղի մէջ, բայց, վաթ­սուն տա­րի­նե­րէ ա­ւե­լի եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ըն­թաց­քին իր մայ­րա­կան շուն­չին եւ գուր­գու­րոտ հո­գա­ծու­թեան տակ ­Մես­րո­պեան Ա. ու Բ.ը սոր­ված սե­րունդ­նե­րը ի­րենց էու­թեան մէջ կ­‘ապ­րեց­նեն այ­սօր ու պի­տի ապ­րեց­նեն վաղն ալ՝ ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նը,- հայ­րե­նի­քը:
­Տի­կին ­Հա­յաս­տա­նը՝ ­Հա­յաս­տան­ներ կեր­տեց հայ մա­նուկ­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ…
Իզ­մի­րի նա­հան­գի Էօ­տէ­միշ քա­ղա­քէն էր այս անձն­դիր հա­յու­հին:
­Քա­ղաք մը՝ ուր կը շնչէր ե­րեք հա­րիւր տու­նե­րէ բաղ­կա­ցած հա­յու­թիւն մը, հայ­կա­կան ա­նա­ղարտ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով, բար­քե­րով եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րով:
­Զո­հա­բե­րու­թեանց շա­րան մը ե­ղաւ իր կեան­քը, ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն մին­չեւ խոր ծե­րու­թիւն: ­Զո­հա­բե­րու­թիւն՝ ի խնդիր հայ մանկ­տիին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան:
Ծնն­դա­վայ­րէն մին­չեւ ­Գո­քի­նիա, բազ­մա­հա­րիւր,- չը­սե­լու հա­մար բազ­մա­հա­զար,- հայ մա­նուկ­ներ իր­մէ սոր­վե­ցան ­Մես­րո­պեան սուրբ տա­ռե­րը գրել ու կար­դալ, ա­պա շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց ու­սու­մը նա­խակր­թա­րան­նե­րու կամ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ:
­Հայ մա­նուկ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան հիմ­նա­քա­րը կեր­տո­ղը ե­ղաւ տի­կին ­Հա­յաս­տա­նը,- մա՜յր ­Հա­յաս­տա­նը, որ իր հա­րա­զատ զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ տա­ծած սի­րով հա­ւա­սա­րա­պէս կա­պո­ւե­ցաւ հա­յու բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն հետ:

***

­Չեմ յի­շեր, քա­նի՞ տա­րե­կա­նիս,- չորս կամ հինգ տա­րե­կա­նիս, հա­ւա­նա­բար,- ծնողքս ձեռ­քէս բռնած, զիս ա­ռաջ­նոր­դեց Էօ­տէ­մի­շի ման­կա­պար­տէ­զը, Ս. Հ­ռիփ­սի­մէ ե­կե­ղե­ցիին դի­մաց, ու զիս յանձ­նեց տի­կին ­Հա­յաս­տա­նին:
Դպ­րո­ցա­կան կեան­քիս ա­ռա­ջին օ­րո­ւան տպա­ւո­րու­թե­նէս մէկ կէտ մնա­ցած է միայն յի­շո­ղու­թեանս մէջ:
­Տի­կին ­Հա­յաս­տան քա­րե­տախ­տակ մը դրաւ գրա­սե­ղա­նին վրայ եւ քա­րեգ­րիչ մը զե­տե­ղեց մատ­նե­րուս ա­րան­քին մէջ եւ իր ա­փին մէջ ա­ռած ձեռքս, տախ­տա­կին վրայ գծեց ե­րեք ուղ­ղա­հա­յեաց գծիկ­ներ: ­Յե­տոյ, ա­նոնց տակ քա­շեց հո­րի­զո­նա­կան գիծ մը, որ զի­րար կը միաց­նէր ուղ­ղա­հա­յեաց­նե­րը: Եւ ը­սաւ.- ա­սի­կա՝ Այբ է: Կրկ­նե­ցի իր ը­սա­ծը՝ Այբ: ­Պա­տո­ւի­րեց՝ որ մի­նակս գծեմ նաեւ ու­րիշ Այ­բեր: ­Ծուռ­լիկ-մուռ­լիկ գծե­ցի բա­ներ մը: ­Բայց, այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցայ, որ ա­նոնք կը նմա­նէին կո­թը կոտ­րած պա­տա­ռա­քաղ­նե­րու…: ­Քիչ յե­տոյ, մօ­տե­ցաւ տի­կին ­Հա­յաս­տա­նը ու շո­յե­լով գլուխս՝ ը­սաւ.- ապ­րի՛ս, ման­չուկս, շա՜տ ա­ղո­ւոր գրած ես:
Այդ վայր­կեա­նին, կար­ծէք, ման­կա­կան հո­գիիս մէջ հի­մը դրո­ւե­ցաւ իս­կա­կան ­Հա­յաս­տա­նին, հայ­րե­նիք-­Հա­յաս­տա­նին:

***

Ան­ցան տա­րի­ներ: ­Տաք ու պաղ ջու­րե­րէ ան­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն հետ նաեւ Էօ­տէ­մի­շի հա­յու­թիւ­նը:
­Փոք­րա­սիա­կան ա­ղէ­տը սրբեց ու աւ­լեց թրքա­հա­յու­թեան մնա­ցոր­դա­ցը եւ իբր բե­կոր­ներ մեզ քշեց ծո­վե­րէն ան­դին:
Ա­ղէ­տին ա­ռա­ւե­լա­գոյն տուր­քը տո­ւաւ տի­կին ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեա­նը: ­Քե­մա­լա­կան­նե­րու ա­նարգ եա­թա­ղա­նին զոհ գա­ցին իր ա­մու­սի­նը՝ ­Թագ­ւոր Ու­շագ­լեա­նը, Էօ­տէ­մի­շի ե­կե­ղե­ցիին «տե­միր­պաշ» տի­րա­ցու­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ իր եր­կու հա­զիւ պա­տա­նի զա­ւակ­նե­րը՝ Ա­րա­մը եւ ­Գե­ղա­մը:
­Տի­կին ­Հա­յաս­տան, սրտէն զար­նո­ւած ծի­ծեռ­նա­կի մը նման, ին­կաւ ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նին մէջ: Մ­նաց անմ­խի­թար՝ իր հիւ­ղա­կին տակ: Ի զուր սպա­սեց գո­նէ իր եր­կու ձա­գուկ­նե­րու վե­րա­դար­ձին: ­Բայց, չե­կան Ա­րամն ու ­Գե­ղա­մը: ­Յու­սաց հրաշ­քին, ա­ռանց գիտ­նա­լու որ, հրաշ­քի դա­րը ան­ցած էր:
Եւ ի վեր­ջոյ, իր միակ մխի­թա­րու­թիւ­նը յու­սաց գտնել ու գտա՜ւ հայ մանկ­տիին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծին մէջ:
Ս­տանձ­նեց ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հիի պաշ­տօ­նը, ո­րուն նո­ւի­րո­ւե­ցաւ իր ամ­բողջ հո­գիով եւ էու­թեամբ: ­Հա­յու զա­ւակ­նե­րուն մէջ տե­սաւ իր հա­րա­զատ զա­ւակ­նե­րը:
Ա­նոնց բո­լոր շար­ժում­նե­րուն, խա­ղե­րուն, եր­գե­րուն եւ ու­րա­խու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րա­զեց իր Ա­րամն ու ­Գե­ղա­մը:
Ա­նոնց աչ­քե­րուն մէջ տե­սաւ պատ­կե­րը ի­րեն­նե­րուն եւ փոր­ձեց սպիաց­նել իր սրտին այն խոր վէր­քը, որ կոտ­տա­լէ չդադ­րե­ցաւ մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջին վայր­կեա­նը:

***

­Տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ դեռ կը պաշ­տօ­նա­վա­րէր, Ա­մա­նո­րի առ­թիւ ին­ծի ուղ­ղած իր մէկ երկ­տո­ղին մէջ կը գրէր.- «Ա­մէն ան­գամ որ ա­նունդ կը յի­շեմ, ան­մի­ջա­պէս Ա­րա­մի՜ս կ­’եր­թամ, Էօ­տէ­մի­շը եւ ա­նոր հա­յու­թիւ­նը, ծա­նօթ­ներն ու ազ­գա­կան­նե­րը կը մտա­բե­րեմ: Ա­մէն ինչ փճա­ցաւ. մնա­ցին միայն վիշտն ու ցա­ւը: Ո՞վ մնաց: ­Գա­ցին ու դեռ կ­’եր­թան: Փշ­րո­ւե­ցան բո­լո­րին ալ ե­րազ­նե­րը, մնա­ցին միայն քի­չե­րը: ­Յի­շենք ան­ցեա­լը, ապ­րինք ի­րար­մով»:
­Ճիշդ է, անն­ման ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի, ա­մէն ինչ փճա­ցաւ: ­Գա­ցին բո­լո­րը: ­Բայց, մնա­ցին քու սեր­մա­նած սեր­մե­րը հա­րիւ­րա­ւոր մա­նուկ­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ: Այդ սեր­մե­րը կը ծլին ու կը ծաղ­կին եւ կ­’ար­գա­սա­ւո­րեն հայ կեան­քը՝ ­Հա­յաս­տա­նի թէ Ար­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր ցրո­ւած են քու հաս­ցու­ցած սե­րունդ­նե­րը:
­Նոյն երկ­տո­ղին վեր­ջա­ւո­րու­թեան, յոգ­նա­բեկ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հին կ­’ա­ւելց­նէր. «Ես դեռ կ­’աշ­խա­տիմ, գի­նով եմ: ­Յոգ­նու­թիւն չեմ զգար: Աշ­խա­տու­թիւ­նը ին­ծի հա­մար սփո­փանք եւ մխի­թա­րու­թիւն է: ­Սի­րով կը կա­տա­րեմ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներս: Կ’ու­զեմ մա­նուկ­նե­րու աշ­խար­հին մէջ՝ մա­նու­կի մը պէս ապ­րիլ: Այս է իմ կեանքս եւ այս է իմ եր­ջան­կու­թիւնս»:
Իս­կա­պէս, սի­րե­լի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի, ամ­բողջ կեան­քիդ մէջ զգա­ցիր հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ սե­րունդ­ներ հաս­ցու­ցած ըլ­լա­լու մխի­թա­րու­թեան գի­նո­վու­թիւ­նը: Ութ­սուն տա­րի­նե­րէ ա­ւե­լի տե­ւած կեանքդ ե­ղաւ մա­նու­կի կեանք մը: ­Մա­քուր, ա­նա­պակ եւ միա­միտ: Եւ ա­սի­կա ե­ղաւ քու միակ եր­ջան­կու­թիւնդ ու նաեւ վար­ձատ­րու­թիւնդ: ­Վար­ձատ­րու­թիւն մը, որ մոռ­ցուց քու անձ­նա­կան տա­ռա­պանք­ներդ ու մայ­րա­կան ցա­ւերդ: Եւ ա­սի­կա պզտիկ վար­ձատ­րու­թիւն չէ, մա­նա­ւանդ այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հին մէջ…
Ոչ մէկ տա­րա­կոյս, որ քեզ­մէ ետք ե­կած են ու պի­տի գան տա­կա­ւին հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ, ար­դիա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նով նոր ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­ներ: ­Բայց, կը տա­րա­կու­սիմ, որ ա­նոնց մէջ պի­տի գտնո­ւին քու եւ քու նման­նե­րուդ նո­ւի­րումն ու­նե­ցող եւ ի­րենց հո­գին սպա­ռող ան­ձինք նո­ւի­րեալ­ներ, ո­րոնք ի­րենց հա­մար «սփո­փանք» եւ «եր­ջան­կու­թիւն» նկա­տեն մա­նու­կին մէջ ՀԱ­Յը կեր­տե­լու տա­ռա­պան­քին գի­նո­վու­թիւ­նը:
Ը­սի թէ՝ հրաշ­քի դա­րը ան­ցած է: Ի խո­րոց սրտի պի­տի բաղ­ձա­յի սա­կայն, որ այդ դա­րը պահ մը գո­նէ վե­րա­դառ­նար եւ դուն կա­րո­ղա­նա­յիր քու գե­րեզ­մա­նէդ դուրս հա­նել աջ ձեռքդ եւ քեզ ծած­կող հո­ղին վրայ գծէիր ե­րեք ուղ­ղա­հա­յեաց գծիկ­ներ եւ ա­նոնց տակ՝ մէկ հո­րի­զո­նա­կան գիծ ու ը­սէիր բո­լո­րիս, բայց, մա­նա­ւանդ օ­տար հո­րի­զոն­նե­րու տակ ծնած հայ մա­նուկ­նե­րուն,- ԱՍԻԿԱ ԱՅԲ Է: