Հ.Կ.Խ.-ի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի
«­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զին վա­րիչ
ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Ա­նի Ա­բի­կեա­նի խօս­քը

«­Զա­ւա­րեան» ­Վար­ժա­րա­նի ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեա­նի պայ­ծառ ծաղ­կո­ցը գե­ղա­նի ու հա­մեստ ներ­կա­յու­թեամբ՝ իր հրա­ժեշ­տը կու տայ այ­սօր: Իւ­րա­քան­չիւր դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի հունձ­քը՝ իր գոյնն ու շեշ­տը կը դնէ մեր եր­կա­րա­մեակ կրթօ­ճա­խին, հետք մը ձգե­լով մեր յու­նա­հայ կրթա­կան ի­րա­կա­նու­թեան եւ 95 տա­րո­ւայ մեր վար­ժա­րա­նի պատ­մու­թեան մէջ:
Այս տա­րո­ւայ հունձ­քը իր յատ­կու­թիւն­նե­րով, իր ստեղ­ծա­գործ եւ ըն­կե­րա­սէր ո­ճով, կրթա­սէր եւ խա­ղա­ղա­սէր ո­գիով, ե­ռան­դով եւ կրթա­կան բո­լոր ծրա­գիր­նե­րով՝ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ըմ­բոշխ­նեց եւ ինք­նու­թիւն մը ստեղ­ծեց: Եր­կու տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին՝ ­Կո­կոն դա­սա­րա­նէն ­Ծա­ղիկ դա­սա­րան, ա­կա­նա­տես ե­ղանք թէ՛ ծնողք, թէ՛ ու­ցու­ցիչ, ի­րենց յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մին: Իւ­րա­քան­չիւր ե­րե­խայ, իւ­րա­քան­չիւր ­Ծա­ղիկ՝ ա­ճե­ցաւ ու բազ­մա­թեր­թիկ ե­ղաւ, զար­դա­րեց մեր ման­կա­րա­նը ու հարս­տա­ցուց իր մտա­յին եւ ըն­կե­րազ­գա­ցա­կան աշ­խար­հը:
Ե­ռա­լե­զու մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր հա­յե­րէ­նը, յու­նա­րէ­նը եւ անգ­լե­րէ­նը ներ­դաշ­նակ ձե­ւով կը զար­գա­նա­յին, այս հունձ­քը ան­կա­րե­լին կա­րե­լի դար­ձուց, ան­ծա­նօ­թին մտեր­մա­ցաւ, ա­պա­ցու­ցե­լով թէ՝ մեր դի­մագ­րա­ւո­ւած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը կրնան յաղ­թա­հա­րո­ւիլ: ­Մէկ խօս­քով՝ մեր հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րը այն գե­ղե­ցիկ պա­հե­րը ե­ղան, ուր եր­գը եւ եր­գա­խա­ղը, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը, գի­տա­կան աշ­խար­հի յայտ­նա­բե­րու­մը եւ զա­նա­զան կի­րար­կու­թիւն­նե­րը, պատ­մու­թիւն­նե­րը եւ հե­քիաթ­նե­րը, կրցան մեր մայ­րե­նի լե­զուն զար­դա­րել ու մա­նա­ւանդ զայն սիրց­նել. կրցան աշ­խար­հը ու­րա­խու­թեամբ ծա­նօ­թաց­նել փոք­րիկ­նե­րուն մեր հայ­րէ­նով, վառ պա­հե­լով ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը եւ հա­ճոյ­քով մաս­նակ­ցիլ հա­մա­պա­տա­խան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն: ­Սէ­րը եւ ան­համ­բե­րու­թիւ­նը զորս ու­նե­ցան ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր մայ­րէ­նիին եւ հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րուն հան­դէպ, քա­ջա­լե­րա­կան եւ յու­սա­բեր է, թէ՛ մեր լուրջ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար, թէ՛ ո­րով­հե­տեւ այս­պէս մեր հունձ­քը շա­րու­նա­կու­թիւն մը կը հիւ­սէ՝ իւ­րա­յա­տուկ թե­լե­րով եւ ինք­նա­բե­րա­բար կը կեր­տէ հա­յու ա­պա­գան, զա­նա­զան խո­չըն­դոտ­նե­րու մէջ: Եր­գի ու խա­ղի մի­ջո­ցով մեր ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու պատ­մու­թիւ­նը պի­տի փո­խան­ցո­ւին սե­րուն­դէ սե­րունդ, իսկ ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, օ­ղակ — օ­ղակ պի­տի օ­ղա­կեն ու ա­ճեց­նեն մեր մշա­կոյ­թը:
Այ­սօր՝ ­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի բե­մադ­րու­թեան ըն­թաց­քին, «­Խա­ղա­ղու­թեան պար­տէ­զը» խո­րա­գի­րով, վա­յե­լե­ցինք ի­րենց խա­ղաղ ու ներ­դաշ­նակ, ան­մեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը: Ար­տա­սա­նե­ցին ո­տա­նա­ւոր­ներ ու մար­դոց խա­ղաղ հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան պատ­գա­մը տո­ւին, զգաց­նե­լով խա­ղաղ աշ­խար­հի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ նման պար­տէ­զի մը, ուր ծա­ղիկ­նե­րու եւ բնու­թեան շնորհ­քը ներ­դաշ­նա­կու­թեան զգա­ցում կը պար­գե­ւեն:
­Թէ՛ ո­տա­նա­ւոր­նե­րու յօ­րի­նու­մին, թէ՛ աս­մուն­քի ու եր­գե­րու ըն­թաց­քին, ուր խա­ղաղ ու ներ­դաշ­նակ ո­ճը կ­՚ար­տա­ցո­լար՝ բո­լո­րիս միտքն ու սիր­տը Ար­ցա­խի մեր փոք­րի­նե­րուն էր, որ ա­միս­նե­րէ ու մա­նա­ւանդ ե­րեք տա­րիէ ի վեր կը զրկո­ւին հիմ­նա­կան ման­կա­կան ու մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րէ. մեծ­նալ եւ ապ­րիլ ջերմ ու խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մը մէջ. ա­պա­հով ապ­րիլ. ման­կա­կան գուր­գու­րան­քը ու ըն­տա­նե­կան ջեր­մու­թիւ­նը ա­զա՛­տօ­րէն վա­յե­լել, անվ­տան­գու­թեան մեջ խա­ղալ ու ըն­կե­րա­նալ:
­Մեր լու­սա­փայլ ­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­յու­թեան բո­լոր զա­ւակ­նե­րը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն մեր ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի յոյսն են: ­Խոր փա­փաք ու մաղ­թանք է՝ բո­լոր չա­փա­հաս­նե­րը, պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձե­րը ա­պա­հո­վել բո­լոր վե­րոն­շեալ ման­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը, մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը ու խա­ղա­ղու­թիւ­նը ետ բե­րել մեր հայ­րե­նի­քին:
Իւ­րա­քան­չիւր ե­րե­խայ, իւ­րա­յա­տուկ ծա­ղիկ մըն է, որ ա­ճե­լու հա­մար պէտք ու­նի հո­ղի, ա­րե­ւի ու ջու­րի ու մա­նա­ւանդ սի­րոյ: ­Մեր գլխա­ւոր դերն է այս: ­Կա­յուն ցան­կա­պատ մը ըլ­լալ, ո՛ւր որ ըլ­լանք, ա­պա­հո­վե­լու բո­լոր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րը, ի­րենց պաշ­տա­պա­նե­լու. մեծց­նե­լու ու ա­ճեց­նե­լու ա­մուր եւ փայ­լուն անձ­նա­ւորւ­թիւն­ներ եւ սե­րունդ­ներ:
­Տա­րո­ւան ըն­թաց­քին՝ մեր ծրա­գիր­նե­րուն ա­ռըն­թեր ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան՝ յա­ւե­լեալ հե­տե­ւեալ ծրա­գիր­նե­րը:

­Հա­յա­լե­զու

Բ­նա­պահ­պա­նու­թիւ­նը ու վե­րամ­շա­կու­մը
­Գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ կա­պո­ւած «­Կա­ռա­ւան­ներ ա­ռանց սահ­մա­նի»
­Մեր ա­ւան­դա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րը
Ըն­կե­րու­թիւ­նը ու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը
Այ­լա­զա­նու­թիւ­նը
­Մա­նուկ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը
Զ­գա­ցում­նե­րու աշ­խար­հը
­Կեն­դա­նի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րը
­Խա­ղա­ղու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րը
­Մեր հա­ճե­լի խա­ղե­րը՝ քա­ղո­ւած Ա­նա­հիտ ­Սար­գի­սեա­նի «­Բա­րեւ Ա­րե­ւի» շար­քէն, ո­րոնք կ­՚ընդգր­կեն մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը, եւ մեր ա­ռօ­րեան կը գու­նա­ւո­րեն:

­Յու­նա­լե­զու

Υγιεινή Διατροφή
Παγκόσμια Ημέρα Ζώων
Αποταμίευση
Φιλαναγνωσία
Διαφορετικότητα
Αριθμοκυβάκια
Κυκλοφοριακή Αγωγή
Καιρικά Φαινόμενα/Πρόγραμμα STEM

­Նաեւ դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցան ՝
­Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուն, տօ­նա­կան նո­րա­րար աշ­խա­տա­նոց մը ծնող­նե­րուն եւ փոք­րիկ ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ, ուր շքեղ ներ­կա­յա­ցու­մով եւ ինք­նա­բուխ մաղ­թանք­նե­րով, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով հա­ճե­լի եւ յու­զիչ շեշտ մը տո­ւին տօ­նա­կան այդ օ­րե­րուն:
Ապ­րիլ ամ­սուն՝ բաց դռնե­րու նո­րա­րար գոր­ծու­նէու­թիւն մը, ուր յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նի ե­րե­խա­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ծա­նօ­թա­նա­լու ման­կա­պար­տէ­զը եւ մաս­նակ­ցե­լու զա­նա­զան ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու:
­Մա­յիս ամ­սուն՝ նշե­ցինք յու­զիչ մթնո­լոր­տի մը մէջ ­Մայ­րե­րու օ­րը:
Ու տե­ղի ու­նե­ցան բո­լոր ազ­գա­յին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծա­գործ ո­գիով, եր­գով, պա­րով ու խա­ղով, յար­գե­լով տա­րի­քա­յին բո­լոր յատ­կու­թիւն­նե­րը:

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք՝
­Գե­րաշ­նորհ Սր­բա­զան հօր:
­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ո­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, թա­ղա­յին եւ տիկ­նաց մար­մին­նե­րուն:
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Տն­տե­սա­կան եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն:
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղին:
Տ­նօ­րէ­նու­թեան, տի­կին ­Մի­նա­սեան ­Հայ­կա­նու­շին, որ միշտ մեր կող­քին է ու կը քա­ջա­լե­րէ մեր դաս­տի­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րը։
Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան, որ միշտ թի­կունք կը կանգ­նի ո­րե­ւէ տե­սա­կի կա­րիք­նե­րու ու յանձն ա­ռաւ ­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի յու­շա­նո­ւէր­նե­րուն:
­Գար­պա­ճա­քեան ­Սօ­սիին, որ ­Հայ ու­սոց­չա­կան կազ­մի բա­ցա­կա­յու­թեան ըն­թաց­քին, դա­սըն­թաց­քի մը պատ­ճա­ռով՝ սի­րա­յօ­ժար ստանց­նեց ­Ման­կա­պար­տէ­զի հա­յա­լե­զու ծրա­գի­րը
Կ­տի­կեան ­Վար­դին, որ ­Մայ­րե­րու օ­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ըն­թա­ցի­քին մար­զան­քի խա­ղեր կազ­մա­կեր­պեց մայ­րե­րուն եւ փոք­րե­րուն մի­ջեւ, պար­գե­ւե­լով իւ­րա­յա­տուկ ու ան­մո­ռա­նա­լի պահ մը:
­Ման­կա­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Է­ֆիին ­Քի­րիա­քի­տո­ւին եւ ­Թա­մար ­Պե­տո­յեա­նին, ո­րոնց հետ բրունձք մը ըլ­լա­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կա­տա­րեա­լին հա­սաւ տա­րի մը եւս եւ յա­ջո­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցան մեր դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­ներն եւ թի­րախ­նե­րը:
­Մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր բո­լոր գի­տա­կից ծնող­նե­րուն, որ միշտ կը գնա­հա­տեն մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներն ու դրա­կան լից­քով մեր ծրա­գիր­նե­րը կը քա­ջա­լե­րեն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կեր­տու­թեան բո­լոր ծնող­նե­րուն, որ վստա­հե­ցաք ձեր զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նին:
­Յա­տուկ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րուն, մաղ­թե­լով յա­ջող դպրո­ցա­կան կեանք մը ու­նե­նան «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նին մէջ ու ար­ժա­նա­նան ա­ւե­լի բարձր վկա­յա­կան­նե­րու:

­Սի­րե­լի ­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­ներ՝
­Ձեր օ­րի­նա­կե­լի խմբա­յին ո­ճը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ ե­ռան­դը թող միշտ ձե­զի ու­ղեկ­ցէ յա­ջորդ մար­զե­րուն մէջ: ­Միա­սին ըլ­լա­լը սկզբունք մըն է, միա­սին շա­րու­նա­կե­լը յա­ռաջ­դի­մու­թիւն մըն է, իսկ միա­սին աշ­խա­տի­լը յա­ջո­ղու­թիւնն է: Սր­տա­գին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներս, մաղ­թե­լով յա­ռաջ­դի­մու­թիւն յա­ջորդ մար­զե­րուն մէջ:
Վ­րարձ­քեր­նիդ կա­տա՛ր, սի­րե­լի փոք­րիկ­ներ: