­Ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նա­ւարտ­ներ ­Ձա­խէն՝ աջ ­Տէր-­Ղա­զա­րեան ­Գէորգ, Եոր­ղան­ճեան ­Կա­րի,­Պու­րու­շեան ­Սար­գիս, ­Յով­սէ­փեան Ա­լեքս, ­Ցա­քի­րի ­Մա­րի­լե­նա, Ս­րա­բեան ­Յով­հան­նէս, ­Յով­հան­նի­սեան Ւ­լիա­նա, ­Ռո­սիս Խ­րիս­դոս, Մկր­տի­չեան ­Կի­րա­կոս, ­Չա­լի­քեան Ա­նես­դիս, ­Մար­գա­րեան ­Մե­րու­ժան։

Սի­րե­լի ծնող­ներ եւ ներ­կա­ներ,

Յա­տուկ ու­րա­խու­թեամբ եւ յու­զու­մով ա­հա­ւա­սիկ այ­սօր տա­րեշր­ջան կը բո­լո­րենք ա­մա­վեր­ջի այս հան­դի­սու­թեամբ: Որ­քա՜ն հիա­ցած կրնայ մէ­կը զգալ՝ տես­նե­լով հան­դէ­սի ըն­թաց­քին 2 դա­սա­րան­նե­րու շրջա­նա­ւարտ­ներ — ­Ծա­ղիկ ­Դա­սա­րա­նի եւ 6րդի — յի­շե­լով անձ­նա­պէս ես ի­րենց ա­ռա­ջին օ­րը, երբ ման­կա­պար­տէզ ե­կան, իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ զատ եւ հիմ­նա­կան քայ­լե­րը, զորս ա­մէն օր միա­սին կ­՚ը­նէինք: Որ­քա՜ն կա­րե­ւոր են այս հիմ­նա­կան քայ­լե­րը, որ միշտ կ’ըլ­լան եւ պէտք է ըլ­լան, որ­պէս­զի ծրա­գիր մը իր նպա­տա­կին հաս­նի: Որ­քա՜ն հե­տաքրք­րա­կան է, երբ կը տես­նես ա­ռօ­րեա­յին մէջ բո­լոր ջան­քե­րուդ ար­դիւնք­նե­րը… երբ կը տես­նես, թէ փոք­րիկ­նե­րը որ­քա՜ն ան­համ­բեր կը սպա­սեն հա­յե­րէ­նի պա­հը եւ կ’ար­տա­յայ­տեն այս զգա­ցու­մը:
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կը ծնունդ մըն է եւ պատ­գամ­ներ ու­նի տա­լիք… Ազգ մը կը գո­յա­տե­ւէ եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն մը կը պահ­պա­նո­ւի, երբ մեր ան­ցեա­լին եւ պատ­մու­թեան՝ գի­տա­կից ենք: Եւ ա­հա­ւա­սիկ այ­սօր մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը եւ վար­ժա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը մեր պատ­մու­թիւ­նը պա­տո­ւե­ցին այս հան­դի­սու­թեամբ եւ փաս­տե­ցին մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը՝ ար­տա­սա­նե­լով, պա­րե­լով, եր­գե­լով, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով:
­Ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան մեր հա­յե­ցի ծրա­գի­րին եւ մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տո­ւին: ­Սի­րե­ցին. զգա­ցու­ցին, որ հա­յե­րէ­նը սահ­մա­նա­փակ լե­զու մը չէ, այլ գի­տու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան լե­զու, գի­տե­լիք ստա­նա­լու եւ փո­խան­ցե­լու լե­զու, հա­ղոր­դակ­ցե­լու եւ փնտռտու­քի լե­զու. հարց­նե­լու եւ զգա­ցում ար­տա­յայ­տե­լու լե­զու: ­Ման­կա­պար­տէ­զին մէջ ջա­նա­ցինք եւ ճիգ թա­փե­ցինք ստեղ­ծե­լու հա­յա­շունչ մթնո­լորտ մը՝ ­Մես­րո­պեան գի­րե­րով, եր­գե­րով եւ հե­քիաթ­նե­րով եւ մեր մշա­կոյ­թը ծա­նօ­թաց­նե­լով: ­Մեր ազ­գա­յին տօ­նե­րը նշե­լով, փոք­րիկ­նե­րուն մօ­տե­ցու­ցինք մեր պատ­մու­թեան, միշտ ման­կա­վար­ժա­կան սկզբունք­նե­րով:
Եր­կա­րա­մեայ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գի­րը, զոր կի­րար­կե­ցինք ման­կա­պար­տէ­զին մէջ, ա­ռի­թը տո­ւաւ ե­րե­խա­նե­րուն ընդ­լայ­նե­լու ի­րենց հո­րի­զոն­նե­րը եւ, ա­նոնց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ ու ապ­րում­նե­րով, զար­գաց­նե­լու լե­զու եւ միտք միաս­նա­բար, մշա­կե­լու ի­րենց բնու­թե­նա­գի­տա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը, հարս­տաց­նե­լու ի­րենց բա­ռա­պա­շա­րը՝ ի­րենց ա­ռօ­րեա­յին մէջ գոր­ծա­ծե­լով:
­Հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը եւ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը ա­ւե­լի ամ­րապն­դուե­ցաւ, մա­նա­ւանդ երբ ստեղ­ծե­ցին ման­կա­պար­տէ­զին մէջ նոր դաս­տիարկ­չա­կան ան­կիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ բան­ջա­րա­նոց մը, զոր շի­նե­ցին եւ ծաղ­կե­ցու­ցին ի­րենց ձեռ­քե­րով եւ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­մէն օր կը հե­տե­ւէին ի­րենց ցա­նած­նե­րու ա­ճու­մին. կը մեկ­նա­բա­նէին ու կը նկա­րագ­րէին մայ­րե­նի լե­զո­ւով: Ապ­րե­ցան լե­զուն ու ամ­րապն­դե­ցին հա­յու ինք­նու­թիւ­նը. սփիւռ­քա­հայ տա­րե­կից­նե­րու հետ մեծ հա­ճոյ­քով կա­պեր հաս­տա­տե­ցին եւ գծագ­րու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­ցին, ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յի ա­մե­րի­կա­հայ «Ա­րի ­Կի­րա­կոս» եւ Ֆ­րան­սա­յի ­Լիոն շրջա­նի «­Մար­գա­րեան-­Փա­փա­զեան» վար­ժա­րան­նե­րու փոք­րիկ­նե­րուն հետ: ­Գի­տակ­ցե­ցան եւ զգա­ցին, որ ի­րենց նման հայ փոք­րիկ­ներ կան աշ­խար­հի վրայ , ո­րոնք հա­կա­ռակ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու գտնո­ւե­լու, ի­րենց պէս հա­յե­ցի կրթու­թիւն կը ստա­նան:
­Թան­կա­գին ծնող­ներ,
Եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով զա­նա­զան աշ­խա­տա­նոց­ներ կ’ըլ­լան մեր ման­կա­պար­տէ­զին մէջ եւ դուք վկայ էիք ու է՛ք: Ա­ռի­թը ու­նե­ցաք նաեւ այս տա­րի լսե­լու ձեր զա­ւակ­նե­րուն ինք­նա­բուխ մաղ­թանք­նե­րը, ա­պա՝ ա­նոնց հետ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու մեր վայ­րին մէջ եւ հա­յե­րէ­նը բնա­կա­նօ­րէն դար­ձաւ գրա­ւիչ ու մայր լե­զուն: Շ­նոր­հա­կալ ենք, որ մաս կազ­մե­ցիք եւ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցիք հաս­նե­լու մեր նպա­տա­կին, ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին: 2017-2018 տա­րեշր­ջա­նի փակ­ման ա­ռի­թով ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ կը յայտ­նենք Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն: ­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն վար­ժա­րա­նիս տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Մի­նա­սեան ­Հայ­կա­նու­շին, որ ըն­դա­ռա­ջեց հրա­ւէ­րի եւ ա­ռա­ջար­կեց զիս՝ հե­տե­ւե­լու ­Կիւլ­պէն­կեա­նի կող­մէ Ֆ­րան­սա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած դա­սըն­թաց­քին, ուր ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ ամ­բա­րե­լու գործ­նա­կան մե­թոտ­ներ եւ ման­կա­վար­ժա­կան սկզբունք­ներ զար­գաց­նե­լու եւ դա­սա­ւան­դե­լու մեր մայ­րե­նին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ բո­լոր ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն, ո­րոնք վստա­հե­ցան ի­րենց զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նին։
Եզ­րա­փա­կե­լով՝ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն տրո­ւած ա­ռա­ջին լոյ­սե­րը, ա­ռա­ջին բո­ցը միշտ վառ թող պա­հո­ւի սէ­րով լե­ցուն ու խոր գի­տակ­ցու­թեամբ գնա­հա­տենք եւ քա­ջա­լե­րենք ա­նոնց ճա­նա­պար­հը եւ ջան­քը: ­Բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նինք եւ հպարտ կը զգանք, որ ի­րենց ծա­գու­մը եւ այս ճա­նա­պար­հը մենք կը տես­նենք եւ ա­մէն օր կ’ապ­րինք ի­րենց հետ:
­Մեր սի­րե­լի 11 շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րուն սրտանց եւ ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ կը յայտ­նեմ եւ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թեմ յա­ջորդ մար­զե­րուն մէջ: Այս փոք­րիկ­ներն են, որ ան­կախ թէ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու են, կրնան լիա­յոյս ա­պա­գայ մը ստեղ­ծել եւ բո­լո­րիս հպար­տաց­նել, վառ պա­հե­լով մեր լե­զուն, մեր պատ­մու­թիւ­նը եւ մեր մշա­կոյ­թը:

­Բա­րի ար­ձա­կուրդ եւ բա­րի վե­րա­մուտ։