
Ուրբաթ՝ 9 Յունիս 2017ին, տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի 2016-2017 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, որու ընթացքին մանկապարտիզպանուհի Անի Աբիկեան արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
Բարի եկած էք «Զաւարեան» վարժարանի «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի հանդէսին՝ բոլորելով այսպէս հետաքրքրական եւ արդիւնաբեր տարեշրջան մը, գեղեցիկ պահերով եւ պիտանի փորձառութիւններով:
Գոհ կը զգանք ու հպարտ, որ 90 տարի առաջ հիմնուեցաւ մեր ազգային վարժարանը, եւ այսօր ալ հայեցի կրթութեան այս անկիւնաքարը դեռ անփոփոխ մնացած է տարիներու անցքին, դիմագրաւած ըլլալով հանդերձ բազմատեսակ դժուարութիւններ:
Մանկապարտէզէն սկսեալ, փոքրիկները իրենց տարիքին յարմար նախապատրաստութիւններով, մանաւանդ հայկական ոգիով, մեր Մեսրոպեան գիրերով ու սէրով, պիտի ճանչնան ու ապագային պիտի հարստացնեն ու պահպանեն մեր մշակոյթային ժառանգը:
Կրթութիւնը վաղահաս տարիքէն սկսեալ արժանիք մըն է, դաստիարակութեան դրութիւն մըն է, որ կը միտի կազմաւորելու անձնաւորութիւններ՝ ինքնազօր, ազատ եւ կատարեալ, կարող դիմագրաւելու կեանքի պահանջները:
Մշակոյթը, կրթութիւնը եւ մանաւանդ մեր հայ լեզուն, մեծ կապուածութիւն մը ունենալով, նախաենթադրելով ու առաջնորդելով, կը մշակեն ու կը զարգացնեն մեր ազգային գիտակցութիւնը:
Մեր հեքիաթները, որոնք անփոխարինելի են ու միշտ կը զօրացնեն մեր մայրենի լեզուն, մանաւանդ՝ փոքր տարիքին, մեր երգերը, որ իրենց հնչիւնով մեզ կը փոխադրեն մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին, ապա՝ մեր հայրենիքին, ինչպէս նաեւ մեր հայկական պարերը, իբրեւ մեր մշակոյթի արժէքաւոր զարդը, մանկավարժականօրէն հաճելի այն միջոցներն են, որ այս փոքրիկներուն ազգային սէրը կը մշակեն ու գիտութիւն կը մատուցանեն:
Միաժամանակ՝ շնորհիւ մարդու այժմէական արժէքներուն եւ արժանիքներուն, որոնք են յարգանքը, ազնուութիւնը, սէրը, բարեկամութիւնը, խաղաղութիւնը, առաքինութիւնը, համբերութինը, փոքրիկները կ’որդեգրեն կեցուածքներ ու բնաւորութիւններ, զորս պիտի գործածեն իրենց կեանքի ընթացքին:
Այս բոլորին անհրաժեշտութիւնը աւելիով զգալի է մեր օրերուն, երբ աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ փոքրիկներ, որ խաղաղ կեանքէ ու երջանիկ օրերէ կը զրկուին, ինչպէս են սուրիահայութեան փոքրիկները:
Մե՛նք՝ թէ՛ ծնողք, թէ՛ ուսուցչիչ, մաս կը կազմենք այս իրականութեան, մեր փոքրիկներու յաջող կրթութեան եւ ուսումին, որոնք պիտի բարեփոխեն աշխարհի այս դժուար կացութիւնները եւ պիտի ստեղծեն աւելի լաւ եւ յուսալի ապագայ մը:
Ու գալով մեր դպրոցին, ծնողները եւ ուսուցչիչները գլխաւոր դերակատարներն են, ըլլա՛յ փոքրիկներու լաւ դաստիարակութեան, ըլլա՛յ անոնց հայեցի կրթութեան, արդիւնքները որոնց զգալի եղան թէ՛ տարուան ընթացքին, թէ՛ պիտի ըլլան մօտալուտ ապագային:
Շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ՝
Գերաշնորհ Սրբազան Հօր, շրջանիս Հոգեւոր Հօր, թեմիս Ազգային Վարչութեան, Տնտեսական եւ Ուսումնական Խորհուրդներուն, Հայ Կապոյտ Խաչին, Թաղային Մարմնոյ, տնօրէնութեան՝ տիկին Մինասեան Հայկանուշին, որ միշտ մեր կողքին է, հոգալով դաստիարակութեան որակին համար, սկսելով մանկապարտէզէն եւ մեզ ներշնչելով ինքնավստահութեան զգացումներ, քաջալերելով գործակցութիւնը ուսուցիչներու միջեւ, ստեղծելով այսպէս գեղեցիկ եւ ջերմ մթնոլորտ մը մեր դպրոցին մէջ, այնքան կարեւոր անոր բարգաւաճման համար:
Շնորհակալութիւն նաեւ Ծնողական Միութեան, գործակից մանկապարտիզպանուհի տիկին Մելեդի Խրիստինային:
Մասնաւոր շնորհակալութիւններ մանկապարտէզի ծնողներուն՝ գործակցութեան եւ այն վստահութեան համար, զոր ցոյց տուիք ամբողջ տարուան ընթացքին: Տիկին Արուս Փոստաճեանին, տիկին Մարի Առաքելեանին, պարոն Գաբրիէլ ֆէնտեանին ու այն բոլոր ծնողներուն, որոնք օժանդակեցին մանկապարտէզին:
Յատուկ շնորհաւորութիւններ մեր սիրելի շրջանաւարտ աշակերտներուն՝ մաղթելով, որ անոնք յաջող դպրոցական կեանք մը ունենան «Զաւարեան» նախակրթարանին մէջ ու արժանանան աւելի բարձր վկայականներու:
Թող այս մատղաշ շրջանաւարտներով մեր հայութեան ապագան աւելի փայլուն եւ յուսաբեր ըլլայ: Անոնք մասնակից դառնան հայապահպանման բոլոր ջանքերուն՝ միշտ վառ պահելով հայ լեզուն եւ մեր մշակութային գանձը, որոնց առաջին հիմերը դրուեցան «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզին մէջ:
Շնորհակալութիւն