Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Յունիս 26ին ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Թերենս Քուիքին։ Այս մասին «Արմէնփրես»ին տեղեկացուց Հ.Հ. արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը՝ աւելցնելով.- «Ողջունելով հիւրին՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, թէ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ դարերու խորքից եկող եղբայրական յարաբերութիւնները հիմնուած են մեր երկու ժողովուրդներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած ամուր բարեկամութեան վրայ»։
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պատասխանատուն ընդգծեց, որ ուրախալի է իր յոյն գործընկերոջ՝ Նիքոս Քոծիասի Երեւան կատարելիք այցէն կարճ ժամանակ առաջ, ըստ ձեռք բերուած համաձայնութեան, ընդունիլ Յունաստանի փոխ-արտգործնախարարին՝ արտերկրի մէջ հայկական եւ յունական համայնքներու միջեւ համագործակցութեան հարցերը քննարկելու համար։
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակեցին առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերու շուրջ։ Փոխ-նախարար Քուիք տեղեկացուց, որ ի կատարումն երկու երկիրներու արտգործնախարարներու պայմանաւորուածութեան՝ աշխատանքներ կ’ընթանան հայ-յունական գործարար համաժողով կազմակերպելու ուղղութեամբ։
Հանդիպում՝ նաեւ Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահին հետ
Հ.Հ. Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Էդուարդ Շարմազանով Յունիս 26ին ընդունեց աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Թերենս Քուիքին: Հանդիպման ներկայ էր Հայաստանի մօտ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նաֆսիկա Նենսի Էվա Վրայլան:
Ողջունելով հիւրին՝ Էդուարդ Շարմազանով նշեց, որ Հայաստան-Յունաստան քաղաքական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, սակայն տարբեր ոլորտներու մէջ դեռ եւս առկայ է չօգտագործուած մեծ ներուժ: Ա.Ժ. փոխ-նախագահը կարեւոր նկատեց Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւններու զարգացումը եւ գնահատեց տիկին դեսպանի աշխատանքը: Ա.Ժ. փոխ-նախագահը բարձր գնահատեց Հայաստան-Յունաստան կապերու ամրապնդման հարցով Թերենս Քուիքի անձնական ներդրումն ու ջանքերը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային խնդիրներու, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցին, Արցախի, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հիմնախնդիրներու կարգաւորման հարցերուն: Ա.Ժ. փոխ-նախագահը նշեց, որ Հայաստանը եւ Արցախը արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորումը կ’ակնկալեն բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի շրջանակով: «Խնդրի կարգաւորման միակ խոչընդոտն Ադրբեջանն է իր ռազմատենչ քաղաքականութեամբ»,- նշեց Էդուարդ Շարմազանովը եւ աւելցուց, որ Թուրքիան, հաւատարիմ մնալով իր ժխտողական քաղաքականութեան, կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Հայաստանի հետ սահմանները եւ յայտարարութիւններով սատարել Ադրբեջանի յանցագործ քաղաքականութիւնը, որու քաղաքակիրթ աշխարհը ականատես եղաւ նաեւ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն»:
Իր կողմէ՝ Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Թերենս Քուիք շնորհակալութիւն յայտնեց Էդուարդ Շարմազանովին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ Յունաստանը եւս շահագրգիռ է շարունակելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացման քաղաքականութիւնը տարբեր մակարդակներով:
Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի խորհրդարանին՝ Օսմանեան Թուրքիայի մէջ 20րդ դարու սկիզբին տեղի ունեցած Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունման համար: Խօսելով Արցախի հիմնախնդրի վերաբերեալ՝ Քուիք ընդգծեց, որ այս հարցով Յունաստանի դիրքորոշումը յստակ է եւ չէ փոխուած. Յունաստանը եւս խնդրի կարգաւորումը կ’ակնկալէ խաղաղ ճանապարհով՝ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խմբակի շրջանակներուն՝ համահունչ միջազգային սկզբունքներուն:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը Ղուրանի ընթերցմամբ, աղօթքի միջոցով մզկիթի վերածելու փորձին, որը անթոյլատրելի եւ քրիստոնէական արժէքներու դէմ ուղղուած քայլ համարեցին զրուցակիցները:
Քննարկուեցան նաեւ հայկական եւ յունական սփիւռքներու միջեւ համագործակցութեան հարցերուն՝ անոնց ներուժի օգտագործման առաջադրանքը շեշտելով:
Թ. Քուիք Է. Շարմազանովին փոխանցեց Հ.Հ. Ա.Ժ. նախագահ Արա Բաբլոյեանին ուղղուած Յունաստան այցելելու հրաւէրը: