Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում՝ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարին եւ Կիպրոսի ու Յունաստանի պետական պատուիրակութեանց միջեւ։ Հանդիպման նպատակը երեք երկիրներու սփիւռքներուն միջեւ համագործակցութեան կայացումն ու ամրապնդումն է, ինչպէս նաեւ երկիրներու երիտասարդներու միջեւ կրթական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ նախաձեռնութեանց իրագործումը։
Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքով՝ եռակողմ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով։ Հայ-յունական եւ հայ-կիպրական սփիւռքներու միջեւ աշխոյժ գործակցութիւն սկսաւ դեռեւս այս տարուան Յունիս 19ին, երբ Հայաստանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի պաշտօնական պատուիրակութեան միջեւ ստորագրուեցաւ փոխ-ըմբռնման յուշագիր։
«Դեկտեմբեր 15ին, Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութիւնում կը ստորագրուի փոխ-ըմբռնման յուշագիր Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութեան միջեւ՝ սփիւռքի հարցերի շուրջ գործակցութեան վերաբերեալ»,- յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեան։
Նախարարը նշեց, որ երեք երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը վերջին շրջանին աշխուժացած է, ինչպէս պետական, այնպէս ալ համայնքային-հասարակական մակարդակներով։ Ըստ անոր՝ սփիւռքեան կառոյցները եւս շատ աշխոյժ կ’աշխատին մէկը միւսին հետ։
«Մեր գլխաւոր նպատակն է աւելի աշխոյժ աշխատանք տանել երիտասարդութեան հետ, տարբեր երկիրներում կազմակերպել երիտասարդական հաւաքներ երեք երկիրների միջեւ, ինչպէս նաեւ աշխատանքներ տանել, որպէսզի երեք երկիրներում ձեռնարկենք կրթական, մշակութային միջոցառումներ երեքիս մասնակցութեամբ»,- ըսաւ ան։
Իր խօսքի աւարտին, Հ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի կառավարութիւններուն այն ամէնուն համար, որ անոնք ստեղծած են հայկական համայնքներու կեանքը իրենց երկիրներուն մէջ բարելաւելու համար։ Սփիւռքի նախարարը նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի կողմէ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան մասին օրէնք ընդունելու համար։
Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիս յայտնեց, որ այս հանդիպումներուն միջոցաւ հնարաւոր կ’ըլլայ երեք երկիրներուն միջեւ շարունակել գործակցութիւնը։
«Մենք ունինք պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութիւն մշակութային, քաղաքական, կրօնական եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Այս կարգի հանդիպումները, գործակցութիւնը նոր սկիզբ է, նոր էջ կը բանայ սփիւռքներու միջեւ գործակցութեան համար։ Նիկոսիոյ մէջ մենք ռազմավարութիւն մշակեցինք սփիւռքի հարցերուն շուրջ գործակցութեան վերաբերեալ։ Կարեւոր նպատակը, որ դրինք այդ ռազմավարութիւնը իրականացնելու համար այն էր, որ մենք պէտք է խրախուսենք մեր սփիւռքները՝ միասին գործակցելու, ճանչնալու իրար եւ աշխատանքներ տանելու մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ»,- ըսաւ Ֆոթիու Ֆոթիս։
Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Թերենս-Նիքոլաոս Քուիք ալ յատկապէս կարեւոր նկատեց երեք երկիրներու երիտասարդներու հետ աշխատանքը։ Ըստ անոր՝ երիտասարդներու շնորհիւ հնարաւոր կ’ըլլայ կեանքի կոչել նախատեսուած կարեւոր ծրագիրները։
«Երիտասարդները ամենամեծ ուժն են, անոնք ունին տեսլական, ուժ եւ կարող են մեծապէս օգնել մեր կարեւոր ծրագրերուն իրականացման հարցով։ Տարուան օրակարգը արդէն ներկայացուեցաւ ամբողջութեամբ, բայց կ’ուզեմ որոշ յաւելեալ բաներ յայտնել։
Առաջինը՝ Փարիզի մէջ հանդիպում պիտի ըլլայ երիտասարդութեան հետ, իսկ երկրորդ միջոցառումը պիտի ըլլայ Թեսաղոնիկէի մէջ, ուր մեծ հայկական համայնք կայ։ Այստեղ մենք ցուցահանդէս պիտի կազմակերպենք»,- յայտնեց Յունաստանի փոխ-արտգործնախարարը։
Հայաստան — Յունաստան — Կիպրոս
Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի սփիւռքներուն միջեւ աշխոյժ գործակցութիւնը կը շարունակուի