5 ­Յու­լի­սին ­Կիպ­րո­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած են ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան ­Կիպ­րոս ե­ռա­կողմ պաշտ­պա­նա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ, հա­ղոր­դե­ցին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն։ ­Հայ­կա­կան կող­մէն խորհր­դակ­ցութիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած է Հ.Հ. Պ.Ն. պաշտ­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վար­չու­թեան պետ ­Լե­ւոն Այ­վա­զեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։
­Խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին քննո­ւած են ե­րեք եր­կիր­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ գտնո­ւող ա­պա­հո­վա­կան շարք մը խնդիր­ներ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցեր։ ­Կող­մե­րը վե­րա­հաս­տա­տած են ե­րեք եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­նա­կու­թեան եւ ռազ­մա­կան անվ­տան­գու­թեան ամ­րապնդ­ման հա­մա­տեղ քայ­լեր ձեռնար­կե­լու ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մութիւ­նը։ Ա­ւար­տին՝ ստո­րագրո­ւած է ե­ռա­կողմ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տա­րե­կան ծրա­գիր, որ կ’ընդգր­կէ շարք մը ձեռ­նարկ­ներ ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաստա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն ըն­դու­նած է նաեւ ­Կիպ­րո­սի Ազ­գա­յին պա­հա­կա­գուն­դի հրա­մա­նա­տար, զօ­րա­վար ­դի­մոկ­րի­տոս ­Զեր­վա­քի­ս։