­­­Յու­նի­ս 4ին, ­­­Կիպ­րո­սի մայ­րա­քա­ղաք ­­­Նի­կո­սիոյ մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­­­Հա­յաս­տա­նի, ­­­­Յու­նաս­տա­նի եւ ­­­­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մի­ջեւ, ­ իր կար­գին՝ բա­ցա­ռիկ եւ կա­րե­ւոր ե­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը։
Ինչ­պէս որ նշո­ւած էր ­­­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, հան­դի­պու­մը կը մի­տէր ա­ռա­ւել եւս զար­գաց­նել ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, կա­րե­ւո­րե­լով խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ամ­րապնդ­ու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։
Իսկ, յու­նա­կան մա­մու­լը ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նե­լով օ­րա­կար­գի հար­ցե­րուն, գրեց թէ հան­գա­մա­նօ­րէն քննո­ւե­ցան ա­րե­ւե­լեան ­­­­Մի­ջերկ­րա­կա­նի հար­ցե­րը, ­­­­Թուր­քիոյ ա­պօ­րէն քայ­լե­րը եւ սպառ­նա­լիք­նե­րը կիպ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիին նկատ­մամբ, ­­­­Կով­կա­սի եւ ա­րեւմ­տեան ­­­­Պալ­քան­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը, ­­­­Հա­յաս­տա­նի կա­պե­րը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­կան ­­­Միու­թեան հետ, ինչ­պէս նաեւ՝ ու­ժա­նիւ­թի եւ սփիւռք­նե­րու կարգ մը հար­ցեր։
­­­Քա­ղա­քա­կան տե­սա­կէ­տով, ըստ լրագ­րա­կան տե­ղե­կու­թեանց՝ ­­­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ յա­ռաջ ե­կած ե­ռա­կողմ այս ձե­ւա­չա­փը, գոր­ծակ­ցու­թեան նոր հար­թակ մը կը ստեղ­ծէ, որ­պէս­զի՝ Ե­րե­ւա­նը, Ա­թէնքն ու ­­­Նի­կո­սիան վե­րամ­շա­կեն տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի­րենց հա­մա­տեղ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­բար՝ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու հետզ­հե­տէ զար­գա­ցող ո­լորտ­նե­րուն մէջ։
Բ­նա­կա­նա­բար, ­­­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ մի­ջամ­տու­թիւ­նը ­­­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ռազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մէջ, եւ ան­կէ ան­դին՝ ­­­Կիպ­րո­սի ու­ժա­նիւ­թի ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիին վրայ ի­րա­ւունք­ներ ստա­նա­լու հա­մար թրքա­կան ռազ­մա­շունչ քայ­լե­րը կազ­մե­ցին խօ­սակ­ցու­թեանց գլխա­ւոր օ­րա­կար­գե­րէն մէ­կը։
Այս նոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու­շի-ու­շով հե­տե­ւող ­­­Թուր­քիան, բա­ւա­կան ան­հան­գիստ կը զգայ ե­րեք եր­կիր­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Ան­գա­րան յստակ կերպով կրնայ պատ­կե­րաց­նել ե­ռա­կողմ այս ձե­ւա­չա­փի խոր­քա­յին նե­րու­ժը, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին բազ­մա­շերտ ճիւ­ղա­ւո­րում­նե­րուն վրայ սպա­սո­ւած ազ­դե­ցիկ դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, որ նաե՛ւ առն­չո­ւած կրնայ ըլ­լալ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գին մէջ շատ խօ­սո­ւած յարա­փո­փոխ զար­գա­ցում­նե­րու ծա­ւա­լու­մին հետ:
Հայ­կա­կան ա­ռու­մով, ե­ռա­կող­մը ու­նի ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն՝ մա­նա­ւանդ երբ ­­­Հա­յաս­տա­նը ո՛չ թէ պար­զա­պէս կը միա­նայ, այլ դե­րա­կա­տարն է այս ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան:
­­­Կա­րե­ւոր պէտք է հա­մա­րել ­­­Յու­նաս­տա­նի եւ ­­­Կիպ­րո­սի հաս­տատ կե­ցո­ւածքն ու կապ­տու­մը, թէ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րը պի­տի սա­տա­րեն ­­­Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պա­կան ու­ղիի ամ­բող­ջաց­ման՝ որ­քան կա­րե­լի է ա­ռագ կեր­պով ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ­­­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­­­Միու­թիւն գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մը։
­­­Հա­յաս­տան ու­նի ա­մէն տե­սա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն, դառ­նա­լու հա­մար հիմ­նա­կան ազ­դակ մը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, օգ­տա­գոր­ծե­լով նաեւ ­­­Յու­նաս­տա­նի եւ ­­­Կիպ­րո­սի կա­րե­ւոր դե­րը շրջա­նէն ներս։ Իսկ մեր երկ­րին հա­մար կը բա­ցո­ւի լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը՝ Եւ­րո­պա­կան ­­­Միու­թեան մէջ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու ակն­կա­լու­թեամբ։
Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին բա­ցո­ւե­լու իր գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, կը հա­ւա­տանք, որ հայ­րե­նի մեր պե­տու­թիւ­նը պի­տի կա­րո­ղա­նայ զար­գաց­նել իր մի­ջազ­գա­յին դիրքն ու կշի­ռը, ի հե­ճուկս ­­­Թուր­քիոյ, որ ա­ւե­լի քան քսա­նա­մեա­կէ մը ի վեր կանգ­նած կը մնայ Եւ­րո­միու­թեան մէջ մուտք գոր­ծե­լու «սա­ռեց­ման» ու խո­չըն­դոտ­նե­րուն առ­ջեւ։
­­­Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի կեդ­րո­նա­կան ա­տեան­նե­րուն մէջ, նաեւ զսպա­նակ մը կրնայ հան­դի­սա­նալ Ատր­պէյ­ճա­նի ու Եւ­րո­պա­կան ­­­Միու­թեան մի­ջեւ տնտե­սա­կան-ու­ժա­նիւ­թա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, նաե՛ւ ստեղ­ծե­լով բա­րեն­պաստ քա­ղա­քա­կան պայ­ման­ներ՝ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի լուծ­ման հա­մար։
­­­Վեր­ջա­պէս՝ ե­ռա­կողմ այս ձե­ւա­չա­փի գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել խո­րաց­ման ճա­նա­պար­հին, յոյժ կա­րե­ւոր պէտք է հա­մա­րել ­­­Հա­յաս­տա­նի, ­­­Յու­նաս­տա­նի եւ ­­­Կիպ­րո­սի պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը, որ կը նա­խա­տե­սո­ւի կազ­մա­կեր­պել 2020ի ­­­Յու­նո­ւա­րին՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ։
Այդ հան­դի­պու­մը ու ան­կէ յա­ռաջ գա­լիք հե­տա­գայ քայ­լե­րը, սպա­սո­ւած ա­ռիթ­նե­րը կրնան բա­նալ մեր երկ­րին առ­ջեւ, որ­պէս­զի ­­­Հա­յաս­տան դառ­նայ նկա­տա­ռե­լի դե­րա­կա­տար­նե­րէն մէ­կը՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան ծա­ւա­լուն զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ։
Նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գին վրայ, պատ­շաճ ու­շադ­րու­թեամբ քննո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան սփիւռք­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ե­ռա­կողմ գոր­ծակ­ցու­թեան կարգ մը կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րու զար­գաց­ման հա­մար։
Այս կա­րե­ւոր օ­րա­կար­գի ընդգր­կու­մը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով, հարկ է շեշ­տել, թէ ­­­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գլխա­ւոր եւ ան­հե­տաձ­գե­լի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հա­մա­րենք՝ ­­­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան եւ Ս­փիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապն­դու­մը ու ա­նոնց հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան վե­րար­ժե­ւո­րու­մը գոր­ծակ­ցա­կան նոր են­թա­հո­ղի մը վրայ։
Կ­՚ակնկա­լենք որ այս գոր­ծակ­ցու­թեան՝ հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նէ նոր ե­րանգ մը տալու քայլին որը ան­կաս­կած պի­տի սա­տա­րէ մեր հայ­րե­նի­քի լիի­րաւ ներ­կա­յու­թեան՝ մի­ջազ­գա­յին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ դիր­քե­րուն վրայ։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»