­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րը ա­ւար­տե­ցին Close Quarter Battle 2021 միա­ցեալ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րը։ Այս մա­սին գրած է «Կ­րիք ­Սի­թի ­Թայմզ» կայ­քը։ ­Միա­ցեալ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու նպա­տա­կը մար­տա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող միա­ւո­րո­ւած ու­ժե­րու մար­տու­նա­կու­թեան եւ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձ­րա­ցումն էր։  ­Զօ­րա­վաչ­ժու­թիւն­նե­րը նե­րա­ռե­ցին ա­րագ ար­ձա­գանգ­ման մար­տա­կան հրաձ­գու­թիւն, շար­ժող թի­րախ­նե­րու ոչն­չա­ցում, գի­շե­րա­յին եւ քա­ղա­քա­յին մար­տեր, բնա­կե­լի թա­ղա­մա­սե­րու մէջ մա­հա­ցած­նե­րու եւ վի­րա­ւոր­նե­րու հետ աշ­խա­տանք­ներ:  «Այս­պի­սի զօ­րա­վար­ժու­թիւն­ներ՝ ­Յու­նաս­տա­նի, ­Կիպ­րո­սի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ե­ռա­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րին մէջ կ­՛ար­տա­ցո­լաց­նեն ե­րեք եր­կիր­նե­րու զի­նո­ւած ու­ժե­րու հիա­նա­լի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը», յայ­տա­րա­րեց ­Կիպ­րո­սի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: