Հայաստան-Յունաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակին նուիրուած երեկոյ մը կազմակերպեց Հայ-Յունական Բարեկամութեան Միութիւնը, Չորեքշաբթի 22 Նոյեմբեր 2017ին, Աթէնքի մէջ կոնսդանդնուպոլսեցիներու միութեան սրահէն ներս։
Բացումը կատարեց Բարեկամութեան խմբակի նախագահ Անտոնիս Փաւլիտիս, որ խօսեցաւ երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակի նշումի կարեւորութեան մասին, նշելով սակայն թէ երկու ազգերու մակարդակին վրայ՝ հայ-յունական յարաբերութիւնները շատ աւելի խորն ու փոխադարձ վստահութեամբ յատկանշուած դարաւոր կապեր են։
Ձեռնարկին ներկայ եղաւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեան, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասեան հարցերու բաժանմունքի ղեկավար պրն. Գոնսթանտինոս Քաքիուսիս, յոյն պոնտական ու քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, նախկին դեսպաններ, հայ եւ յոյն անհատներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Յունաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախօրեակին տեղի ունեցած նախապատրաստական անցուդարձերուն անդրադարձաւ նախկին դեսպան պրն. Մանոս Մեղալոքոնոմոս, որ իր զեկոյցին մէջ տարբեր դէպքեր հանդիսադրեց, կապակցուած Հ.Հ. կայացման առաջին դժուար տարիներուն։
Նոյնպէս, իր ունեցած փորձառութիւններուն, քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ տարբեր դէպքերու ու դէմքերու հետ խորհրդակցութեանց քուլիսային հարցերու անդրադարձաւ՝ Հ.Հ.ի մէջ առաջին յոյն դեսպան Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս, շատ հետաքրքրական եւ կարգ մը հարցերու մէջ լոյս սփռող տեղեկութիւններու շուրջ զեկուցելով։
Բանախօսներու շարքը ամբողջացաւ ռազմավարական հարցերու խորհրդատու, ծանօթ փորձագէտ Նիքոս Լիղերոսի զեկոյցով, որ զինք յատկանշող սեփական ոճով՝ խօսեցաւ հայ եւ յոյն ազգերուն միջեւ ուրոյն բարեկամական բարձր մակարդակին, գիտակցաբար իրարու միացող եւ դարերու խորերէն իրարու դաշնակից մնացած հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն մասին։
Հայաստան-Յունաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակ
Հայաստան-Յունաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակ