Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­րա ­Բաբ­լո­յեան 20 յու­լի­սին ըն­դու­նած է ­Հա­յաս­տա­նի մօտ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլ­զը:
Ող­ջու­նե­լով դես­պա­նը` Ա­րա ­Բաբ­լո­յեան յոյս յայտ­նած է, որ նմա­նա­տիպ հան­դի­պում­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան ըլ­լան: ­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամ եր­կիրն ու կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կեր­նե­րէն է եւ ա­ռանց­քա­յին տեղ ու­նի մեր երկ­րի քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան կեան­քին մէջ:
­Կա­րե­ւոր նկա­տե­լով խորհր­դա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դե­րը  երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ` ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի  նա­խա­գա­հը անհ­րա­ժեշտ նկա­տած է հա­մալ­րել խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու  փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­ներն ու կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մը:
Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին` Ա­րա ­Բաբ­լո­յեան կա­րե­ւոր նկա­տած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու` իբ­րեւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հող երկ­րի, շա­րու­նա­կա­կան ջան­քե­րը` ուղ­ղո­ւած տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման, շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար` ­Ռի­չըրտ ­Միլզ վստա­հե­ցու­ցած է, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նոր վար­չա­կազ­մը կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տա­րիմ մնալ ­Մինս­քի Խմբա­կի հո­լո­վոյ­թին մաս­նակ­ցե­լու յանձ­նա­ռու­թեան:
«­Խորհր­դա­րա­նա­կան հար­թա­կին վրայ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն  յոյ­սերն ու ե­րա­զանք­նե­րը, մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը  ար­տա­ցո­լող բո­վան­դա­կա­լի բա­նա­վէճ ծա­ւա­լե­լու հար­ցով ա­ռանց­քա­յին է բազ­մա­կար­ծու­թիւ­նը: ­Մենք պատ­րաստ ենք փտա­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ վստա­հու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման եւ մեր եր­կու մեծ ազ­գե­րուն մի­ջեւ երկ­կող­մ կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ա­ջա­կից ըլ­լա­լու ձեր ու ձեր գոր­ծըն­կեր­նե­րու ջան­քե­րուն»,- իր խօս­քին մէջ ը­սած է դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլզ:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ հաստատած են, որ Հա­յաս­տա­ն-Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­ր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին զար­գա­ցած են  տար­բեր մար­զե­րու մէջ: