«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի շնորհիւ այս տարի օգտագործման յանձնուած է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող «Վարդենիս-Մարտակերտ» մայրուղին, իրականացուած են համայնքային նշանակութեան շարք մը ծրագիրներ:
Ըստ «Արցախփրես»ի՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու համակարգող Վալերի Ղազարեան ըսած է, որ ընթացիկ տարուան մէջ իրականացուած մեծ ծրագիրներէն Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի օգտագործումը թոյլ կու տայ զարգացնելու մերձակայ շրջաններու տարածքներու ընկերատնտեսական վիճակը: «Արցախը Հայաստանին կապող երկրորդ մայրուղիի (Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհէն ետք)` Վարդենիս-Մարտակերտի գործարկումը զգալիօրէն կը կրճատէ ոչ միայն ժամանակն ու տարածութիւնը, այլեւ հնարաւորութիւն կու տայ սերտացնելու միջ-համայնքային կապերը, նպաստելու յարակից համայնքներու տնտեսական զարգացման»,- նշած է Ղազարեան:
2017 թուականին օգտագործման յանձնուած են նաեւ համայնքային կեդրոններ Մարտակերտի շրջանի Կոճողոտ, Մարտունիի շրջանի Սարգսաշէն եւ Հատրութի շրջանի Քիւրաթաղ գիւղերուն մէջ:
Աւարտած ծրագիրներէն են նաեւ Ստեփանակերտ քաղաքի ուռուցքաբանութեան կեդրոնի շէնքի եւ Շուշիի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճի կառուցումը:
Վ. Ղազարեանի խօսքով` մանկապարտէզներ օգտագործման յանձնուած են Շուշիի շրջանի Քարին Տակ եւ Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքներուն մէջ, իսկ Մարտունիի շրջանի Սօս գիւղին մէջ` նորակառոյց դպրոց:
Խօսելով բազմազաւակ ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու ծրագիրի մասին` ան նշած է, որ այս տարի 13 առանձնատուն յանձնուած է իրենց տէրերուն: Կը կառուցուի եւս 10 առանձնատուն: «Ընթացիկ ծրագիրներէն է նաեւ Ստեփանակերտի 9րդ դպրոցի վերակառուցումը: Դպրոցական շէնքի մէկ մասնաշէնքը եւ մարզադահլիճը արդէն վերակառուցուած են: Այժմ աշխատանքները կը շարունակուին միւս հատուածին մէջ»,- նշած է Ղազարեան:
Նոր դպրոցական շէնք կը կառուցուի նաեւ Հատրութի շրջանի Ուղտասար համայնքին մէջ:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի շնորհիւ շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներ կը տարուին Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ:
Արցախի գրասենեակին ղեկավարը ըսած է, որ ընթացքի մէջ է Մարտակերտի շրջանի Գետաւան, Հատրութի շրջանի Տումի եւ Թաղասեռ, Ասկերանի շրջանի Քռասնի ու Խնձրիստան գիւղերու մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցումը:
Անդրադառնալով այս տարուան «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող հեռուստամարաթոնին` ան նշած է, որ «Հեռուստամարաթոն 2017»ի արդիւնքով հաւաքուած 12 միլիոն 505 հազար 456 Ա.Մ.Ն. տոլարը պիտի ուղղուի երկու մեծ ծրագիրներու. Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններուն մէջ խորքային հորերու հորատման ու նոր ոռոգման ցանցի կառուցման, ինչպէս նաեւ Ասկերանի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրման ու Քարին Տակ գիւղը ամբողջութեամբ տաք ջուրով ապահովելու ծրագրին:
Հիմնադրամի 2018 թուականի ծրագիրերէն պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի պետական համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքի վերակառուցումը:
«Հայաստան» Հիմնադրամ
«Հայաստան» Հիմնադրամը այս տարի Արցախի մէջ շարունակած է ռազմավարական եւ տնտեսական նշանակութեան ծրագիրները