Իր հոգաբարձուներու խորհուրդի ամենամեայ նիստին ծիրէն ներս, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը` գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, Մայիս 20էն սկսեալ կ՝իրականացնէ շարք մը հաշուետու ձեռնարկներ, ներառեալ` ենթակառուցուածքներու բացման հանդիսութիւններ եւ այցեր, ինչպէս եւ հայաստանեան ու արցախեան ծրագիրներ:
Պատուիրակութիւնը, որ կազմուած է Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէ, բարերարներէ եւ աշխատակիցներէ, Մայիս 20ին մեկնած է Արցախ` ծանօթանալու հաշուետու տարուան ընթացքին աւարտած եւ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրներուն: Շուրջ 45 հոգիէ կազմուած խումբը Արցախ ուղեւորուած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիով, որուն վերակառուցումը պիտի աւարտի այս աշնան:
Այցելութեան առաջին օրը, Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը հանդիսաւորութեամբ բացաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհին հարող Կոճողոտ համայնքի (Մարտակերտի շրջան) նորակառոյց համայնքային կեդրոնը, որուն կառուցումը հովանաւորած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիւթական համատեղ աջակցութեամբ: Արդէն իսկ կահաւորուած կեդրոնին մէջ այսուհետեւ պիտի գործեն գիւղապետարանը, բժշկական կեդրոնը, գրադարանը, խաղասենեակը եւ հանդիսութիւններու սրահը իր խոհանոցով: Սրահին մէջ տեղադրուած բեմը հնարաւորութիւն պիտի տայ տարաբնոյթ ձեռնարկներ իրականացնելու այստեղ: Ֆրանսաբնակ մեր հայրենակիցներու հանգանակութիւններով՝ վերջին տարիներուն նման կեդրոններ կեանքի կոչուած են Արցախի տասներկու համայնքներու մէջ` առաւել յարմարաւէտ ու յագեցած դարձնելով ընդհանուր 7700 բնակիչի առօրեան:
Մայիս 21ին, պատուիրակութիւնը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ բացաւ եւս երկու համայնքային կեդրոն Արցախի մէջ` Քիւրաթաղ (Հադրութի շրջան) եւ Սարգսաշէն (Մարտունիի շրջան): Ժամանակակից յարմարութիւններով համալրուած այս նորակառոյցները նոյնպէս ֆրանսահայերու նուէրն են արցախցի մեր հայրենակիցներուն: Կեդրոններուն կառուցման համատեղ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը: Վերջին տարիներուն ֆրանսահայերու աշխոյժ մասնակցութիւնը Արցախի մէջ ենթակառուցուածքներու իրականացման մեծ գնահատանքի կ՝արժանանայ արցախցիներու կողմէ:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ձեռնարկած է հաշուետու այցերու