Հայաստան Համահայկական հիմնադրամ եւրոպական Phoneton 2019
«Ես իմ անուշ Հայաստանի. կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն»՝
բնաբանով Ֆոնէթոնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 24 Նոյեմբեր 2019ին,
կէսօրուայ ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8.00։
Բոլոր մեր յարգելի հայրենակիցները, որոնք կը փափաքին
իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով սատար հանդիսանալ
Phoneton 2019ի դրամահաւաքին եւ իրենց ներդրումը ունենալ
հայրենաշինութեան վսեմ գործին, կրնան իրենց գումարները
փոխանցել Հ. Հ. Հ.ի դրամատան հաշիւի հետեւեալ թիւին՝
ΤΡΑΠΕΖΑ ΠΕΙΡΑΙΩΣ GR 410172195000 5195050350 – 189
Հիմնադրամի եւ Յունաստանի տեղական կառոյցներու
կամաւորները հեռաձայնային կապի մէջ պիտի մտնեն ձեզի հետ,
առիթը տալով ձեր սրտաբուխ մասնակցութեան։
Նմանապէս, փափաքողները կրնան իրենց սրտաբուխ
նուէրները փոխանցել տեղական հայկական որեւէ եկեղեցին
եւ կամ Հիմնադրամի գրասենեակը
(Լամիաս փողոց, թիւ 30, Բալէա Գոքինիա)։
Հ. Հ. Հ. Յունաստանի Վարչութիւն