«­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան մար­մի­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Ուր­բաթ՝ 26 ­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան, ու­նե­ցաւ իր Ա­մա­նո­րի գա­թա­յի հա­տու­մը: ­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան հայ­կա­կան յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րը, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նը, գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար պրն. Անդ­րա­նիկ Եօլ­ճեան եւ հիմ­նադ­րա­մի վար­չա­կան­նե­րը: ­Հիմ­նադ­րա­մի ա­տե­նա­պետ տոքթ. ­Վա­չէ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով եւ ա­ռող­ջու­թեան բա­րե­մաղ­թանք­ներ կա­տա­րե­լով բո­լո­րին:
Ա­պա՝ հրա­ւի­րեց յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րը, որ­պէս­զի օրհ­նեն ­Նոր ­Տա­րուան գա­թան եւ հա­տեն զայն՝ օ­րո­ւան յա­տուկ ա­ղօ­թա­սա­ցու­թիւն­նե­րով:
Այս առ­թիւ, հիմ­նադ­րա­մի 25ա­մեա­կի յու­շաշ­քան­շա­նը, որ կը շնոր­հո­ւի Հ.Հ. նա­խա­գահ, «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սար­գի­սեա­նի կող­մէ, «­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման գոր­ծում ներդ­րած նշա­նա­կե­լի ա­ւան­դի հա­մար» շնոր­հո­ւե­ցաւ բա­րե­րար­ներ Անդ­րա­նիկ եւ ­Փե­րուզ Եօլ­ճեան­նե­րու, ձե­ռամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի:
­Ծա­փող­ջիւն­նե­րու տակ, պրն. դես­պա­նը զար­դա­րեց բա­րե­րար պրն. Եօլ­ճեա­նի կուրծ­քը, որ յու­զում­նա­խառն իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց:
Ա­պա՝ ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ, ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին բա­րե­րար եւ շքան­շա­նա­կիր պրն. Անդ­րա­նիկ Եօլ­ճեա­նը. յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն: