­Հա­յաս­տան կ­՛ակն­կա­լէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու «յստակ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը»՝ մուտ­քի ար­տօ­նագ­րի ա­զա­տա­կա­նաց­ման շուրջ երկ­խօ­սու­թեան սկսե­լու հար­ցով,- ըստ ­Մե­դիա­մաք­սի՝ ը­սած է ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան, ­Յու­նիս 19ին ­Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ ե­լոյթ ու­նե­նա­լով Ա­րե­ւե­լեան ­Գոր­ծըն­կե­րու­թեան նա­խա­րա­րա­կան հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ: «­Հա­մե­մա­տա­բար կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ մենք կրցանք ա­ւար­տել ­Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած ­Գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: Բ­նա­գի­րը նա­խաս­տո­րագ­րո­ւած է եւ կ­՛ակն­կա­լենք զայն ստո­րագ­րել գա­լիք գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:
«Գ­րե­թէ զու­գա­հե­ռա­բար քննար­կե­ցինք եւ հա­մա­ձայ­նու­թեան ե­կանք 2017-2020ի ­Գոր­ծըն­կե­րու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն շուրջ: Այս եր­կու կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղ­թե­րը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն ­Հա­յաս­տան-Ե.Մ. գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն եւ պի­տի օգ­նեն մե­զի ամ­րապն­դե­լու մեր փոխ-շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը»,- ը­սած է նա­խա­րա­րը: