Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի (Ա.Ա.Խ.) նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 1ին հրաւիրած է Ա.Ա. Խորհուրդի նիստ:
Մինչեւ օրակարգի հարցերու քննարկման անցնիլը, նախագահը նախ նիստին մասնակցող բոլոր գործընկերներուն անունով շնորհաւորած է Գագիկ Յարութիւնեանը` Ազգային Ժողովին լայն համաձայնութեամբ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի անդամի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ մաղթած, որ դատական խորհուրդի անդամ իր միւս գործընկերներուն հետ միասին ան յաջողութեամբ իրականացնէ խորհուրդի սահմանադրական գործառոյթը` ապահովել դատարաններու եւ դատաւորներու անկախութիւնը:
Ա.Ա. Խորհուրդի նիստի օրակարգի շրջագիծին մէջ, քննարկումի ներկայացուած է Հոկտեմբեր 2009ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններու մասին հարցը, որուն վերաբերեալ զեկուցած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Հանրապետութեան նախագահը նիստի բացման խօսքին մէջ հակիրճ անդրադարձած է շրջանին մէջ ապահով ու համերաշխ ապագայ կերտելու տեսլականով իր նախաձեռնութեամբ սկիզբ դրուած` առանց նախապայմաններու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործառոյթին եւ այնուհետեւ տեղի ունեցած զարգացումներուն. նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է Ցիւրիխեան Արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ետք միջ-պետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղութեամբ Հայաստանի ջանքերն ու հակառակ անոր` միջազգային հանրութեան առջեւ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կողմէ դրական տեղաշարժի բացակայութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յիշեցուցած է, որ Հայաստան տարբեր առիթներով յայտարարած է, թէ այս հարցով Թուրքիոյ կողմէ նշեալ քաղաքականութեան չփոխուելու պարագային՝ Հայաստան Ցիւրիխեան Արձանագրութիւնները չեղեալ պիտի յայտարարէ եւ 2018 թուականի գարուն պիտի մտնէ առանց անոնց: Հ.Հ. նախագահը ըսած է.- «Յարգելի՛ գործընկերներ, կը յիշէք, որ բոլորիդ համաձայնութեամբ, երբ ես նախաձեռնեցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները առանց նախապայմանի կարգաւորելու գործընթացը, կ՛առաջնորդուէի շրջանին մէջ ապահով եւ համերաշխ ապագայ կերտելու տեսլականով: Հայաստան կատարեց կարելին մեր հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան յարաբերութիւնները կարգաւորելու բեռը գալիք սերունդներուն չձգելու համար: Մեր ցանկութիւնը այդ էր, որպէսզի այդ բեռը մենք կրենք, աւարտենք գործընթացը եւ չձգենք անոնց ուսերուն: Սակայն Արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ետք անցած ինը տարիներու ընթացքին Անգարան, վերադառնալով իր անհիմն նախապայմաններուն, ո՛չ միայն որեւէ քայլ չառաւ արձանագրութիւնները վաւերացնելու եւ ուժի մէջ մտնելու համար, այլեւ որեւէ կասկած չձգեց, որ ան պատրաստ չէ այդ գործընթացը իրականացնելու: Սեպտեմբեր 2017ին Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովի ամպիոնէն ես յայտարարեցի, որ Թուրքիոյ կողմէ Արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը ըստ պատշաճի չիրականացնելու պարագային՝ մենք գարուն պիտի մտնենք այդ Արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարած, այսինքն` առանց այդ Արձանագրութիւններուն: Հիմա եկած է որոշում տալու ժամանակը, եւ այսօրուան մեր քննարկումին նիւթը ա՛յդ է»,- ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` աւելցնելով, որ Հայաստանը, նախաձեռնելով այս գործառոյթը, կը գիտակցէր, որ անիկա պիտի չընդունուէր հասարակութեան բոլոր անդամներուն ու յատկապէս սփիւռքի հայրենակիցներուն կողմէ, որոնք Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդներ են, այսուհանդերձ, գնաց այդ քայլին` գիտակցելով անոր անհրաժեշտութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարի զեկուցումէն ետք Ա.Ա. Խորհուրդի անդամները ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները հարցին վերաբերեալ` նշելով, որ դրացի Թուրքիան չօգտուեցաւ ընձեռուած պատմական առիթէն, աւելին` յառաջ քաշած իր նախապայմաններով ո՛չ միայն չնպաստեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, այլեւ բարդութիւններ ստեղծեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացին մէջ` նպաստելով Ազրպէյճանի դիրքորոշումին առաւել կարծրացման: Ա.Ա. Խորհուրդի անդամները ընդգծած են, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանին այլընտրանք չի մնար, քան դադրեցնել Արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգները:
Անոնք նաեւ նշած են, որ Հայաստան աւելի շատ հիմքեր ունէր Թուրքիոյ նախապայմաններ առաջադրելու, սակայն ընտրեց դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումով խաղաղ եւ կայուն շրջան ունենալու հեռանկարը:
Քննարկումի լոյսին տակ Ա.Ա. Խորհուրդը միաձայնութեամբ համաձայնութիւն տուաւ 10 Հոկտեմբեր 2009ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» Արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգներու դադրեցումին:
Ամփոփելով նիստը` նախագահը անգամ մը եւս շեշտած է, որ «Թուրքիան խախտելով ընդունուած միջազգային փորձը եւ այն յանձնառութիւնները, զորս պետութիւնները ունին միջազգային հանրութեան առջեւ, ուղղակի կոպիտ ձեւով չվաւերացուց այդ արձանագրութիւնները` յառաջ մղելով անոնց հետ կապ եւ որեւէ աղերս չունեցող նախապայմաններ:
«Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ կրկնել, որ մենք ոեւէ մէկուն հետ յարաբերութիւններու մէջ նախապայմաններ չենք առաջադրեր, եւ ոեւէ մէկուն նախապայմաններ առաջադրելու փորձ չունինք: Մենք փոքր պետութիւն ենք, ո՛չ հզօր զինուորական, ո՛չ ալ տնտեսական ներուժ ունինք, բայց մենք անկախ պետութիւն ենք եւ պիտի գործենք միայն ի շահ մեր պետութեան եւ մեր ժողովուրդին:
«Եւ հաշուի առնելով մեր համաձայնութիւնը այս հարցին շուրջ` ես նիստէն ետք անմիջապէս պիտի ստորագրեմ հրամանագիր այս ընթացակարգը դադրեցնելու մասին: Կը խնդրեմ արտաքին գործոց նախարարէն` մեր այս որոշումին մասին ծանուցել Թուրքիոյ, որմէ ետք այդ համաձայնագիրներով ստանձնած որեւէ պարտաւորութիւն մեզի համար իրաւական որեւէ նշանակութիւն պիտի չունենայ»,- ընդգծած է նախագահ Սարգսեան` նշելով, որ այս հարցին առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումներուն մասին նամակով տեղեկացուցած է նաեւ Արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան ներկայ բոլոր կողմերուն, յատկապէս` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Զուիցերիոյ նախագահներուն, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց եւ բոլոր այն երկիրներուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած են այս նախաձեռնութեան:
«Ես կ՛ուզեմ մեր հանրութեան եւ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել երկու հանգամանքի վրայ:
«Հանգամանք առաջին` իմ խորին համոզումով, մեր անցած ճամբան շատ օգտակար էր: Երբ մենք կը սկսէինք բանակցային գործընթացին, բնական է, որ կը նախատեսէինք երկու ելք` դրական կամ բացասական: Եւ եկանք այն եզրակացութեան, որ երկու պարագային ալ մենք շահող ենք. եթէ յարաբերութիւններ հաստատելը յաջողի` ատիկա կը բխի երկու ժողովուրդներու շահերէն, եթէ չյաջողի, ապա միջազգային հանրութիւնը կը համոզուի, որ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը պէտք է փնտռել այլ տեղ, յամենայն դէպս ոչ Հայաստանի գործելաոճին մէջ: Եւ կը կարծեմ` մենք անոր ամբողջովին հասած ենք: Չկայ միջազգային կառոյց, չկայ շատ թէ քիչ միջազգային գործընթացներուն մասնակցող որեւէ պետութիւն, որ ունենայ այլ կարծիք: Եւ այդ կարծիքը բազմիցս մենք լսած ենք հրապարակաւ` թէ գնդակը որո՛ւ դաշտն է, թէ որո՛ւ պատճառով չեն վաւերացուիր այս Արձանագրութիւնները:
«Հանգամանք երկրորդ` ինչպէս ըսի, մեր սկզբունքային դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ. մենք խորապէս համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելը, այնուհետեւ այդ յարաբերութիւններու զարգացումը կը բխին մեր երկու ժողովուրդներու շահերէն: Գիտէք, վստահաբար, շահը ակնյայտ է, բայց միշտ վազել այդ շահին ետեւէն` յոյս չունենալով, թէ որեւէ պարագայի կրնաս հասնիլ, այդ ընթացքին կրնաս շատ բան կորսնցնել: Ուստի, մենք պատրաստ կ՛ըլլանք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, եթէ այս գիտակցումը ըլլայ նաեւ թրքական կողմին մօտ: Եթէ վաղը, միւս օրը ըլլան առաջարկներ, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք այս առաջարկները քննարկելու, իսկ մինչ այդ մենք կ՛աշխատինք զարգանալու այնպէս, ինչպէս մինչեւ հիմա կը զարգանայինք` առանց Թուրքիոյ հետ ունենալու դիւանագիտական յարաբերութիւններ»,- ընդգծած է հանրապետութեան նախագահը:
Արձանագրութիւնները Չեղեալ Նկատելու
Վերաբերեալ Նախագահ Սարգսեանի Հրամանագիրը
Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի 7րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պայմանագիրներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 39.1 յօդուածի առաջին մասը` նախագահ Սերժ Սարգսեանը որոշած է.
1.- Դադրեցնել 2009 թուականի 10 Հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաuտանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» Արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը:
2.- Յանձնարարել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին` Արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը դադրեցնելու մասին ծանուցել Թուրքիոյ Հանրապետութեան: