Ինչ­պէս նշած էինք մեր նա­խորդ թի­ւով, ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­Կա­րէն Բ­րու­տեա­նի հրա­ւէ­րով, ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թան փոխ­նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս 2 եւ 3 ­Յու­նի­սին այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տան եւ ու­նե­ցաւ բարձր կար­գի հան­դի­պում­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին քննո­ւե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցան եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րու բարձր կա­պե­րը եւ հա­սա­րա­կաց մարտ­ա­հրա­ւէր­նե­րը։

­Յար­գան­քի տուրք ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ

Իր ժա­մա­նու­մէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս ու իր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լե­ցին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րը եւ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղե­ցին Ե­ղեռ­նի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, ա­պա իջ­նե­լով ան­մառ կրա­կին մօտ ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հե­ցու­ցին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ա­նոնք ա­ռի­թը ու­նե­ցան այ­ցե­լե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը, ո­րու յու­շա­մա­տեա­նին մէջ փոխ­նա­խա­րա­րը ար­ձա­նագ­րեց՝ «­Միա­ւո­րո­ւած եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րով, մեր վսեմ ազ­գե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ու­ղին դա­րե­րուն ընդ­մէ­ջէն, հա­սա­րա­կաց սրբա­զան պարտ­քով մը՝ եր­բեք չմոռ­նալ»։

Այ­ցե­լու­թիւն ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծին

­Նոյն օ­րը՝ ու­ղեկ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ նա­խա­րար ­Կա­րէն Բ­րու­տեա­նի, ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս եւ իր պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րե­ցին Ս. Էջ­միա­ծին եւ հան­դի­պում ու­նե­ցան ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։
­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց եր­կու եր­կիր­նե­րու ռազ­մա­կան գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րո­ւած սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան առն­չու­թեամբ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս տի­րող բարդ ի­րա­վի­ճա­կին՝ ­Կա­թո­ղի­կո­սը իր մտա­հո­գու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն եւ վերջ չու­նե­ցող սպառ­նա­լիք­նե­րուն հա­մար։ Այս ա­ռի­թով, ­Գա­րե­գին Բ. վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րը պի­տի կա­րո­ղա­նան ո­գի եւ կամք դրսե­ւո­րել կան­խե­լու Ատրպէյ­ճա­նի ռազ­մա­տենչ նկրտում­նե­րը։ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը, ի դէմս ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիա­սի, իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ծանր օ­րե­րուն ­Հա­յաս­տա­նին ցու­ցա­բե­րած եղ­բայ­րա­կան զօ­րակ­ցու­թեան եւ ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րա­րը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, ընդգ­ծեց, որ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կու գայ դա­րե­րու խոր­քե­րէն։ ­Յոյն նա­խա­րա­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով հայ-յու­նա­կան ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան, նշեց, որ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կամ է ա­մէն ջանք ներդ­նե­լու՝ զայն ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լու հա­մար եւ ա­ջակ­ցե­լու ­Հա­յաս­տա­նին առ­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման գոր­ծին։

­Հան­դի­պում պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին հետ

2 ­Յու­նի­սին ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիա­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:
Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը բարձր գնա­հա­տած է պաշտ­պա­նա­կան ո­լոր­տէն ներս հայ-յու­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ մա­կար­դա­կը եւ կա­րե­ւո­րած է յատ­կա­պէս ռազ­մա-ար­հես­տա­գի­տա­կան ուղ­ղու­թեամբ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:
­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս հաս­տա­տած է գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու յու­նա­կան կող­մի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը եւ նշած, որ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ ջերմ, բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը պար­տա­ւո­րեց­նեն ա­ռա­ւել խո­րաց­նել փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը` ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մա­կա­յե­լու նպա­տա­կով:
­Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քննար­կուած են նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան առն­չո­ւող հար­ցեր: ­Հայ նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ար­ցա­խի մէջ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ ստեղ­ծո­ւած անվ­տան­գա­յին ի­րա­վի­ճա­կը եւ շա­րու­նա­կո­ւող սպառ­նա­լիք­նե­րը: ­Նոյն օ­րը ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րա­րի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ըն­դու­նո­ւած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Կա­րէն Բ­րու­տեա­նի կող­մէ: Քն­նար­կուած են ռազ­մա-ար­հես­տա­գի­տա­կան բնա­գա­վա­ռին մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս այ­ցե­լեց Պ.Ա.Հ.Հ.-ը

3 ­Յու­նի­սին, ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս եւ իր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ­Պաշտ­պա­նու­թեան ազ­գա­յին հե­տա­զօ­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան ­Հա­մալ­սա­րա­նի ընդհ. տնօ­րէն, զօ­րա­վար ­Գե­նա­տի ­Տա­ւա­րա­ծեա­նի կող­մէ։
­Յու­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան ու ա­նոր պատ­մու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ու­սում­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու եւ գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ու­ղե­ցոյց­նե­րը։ ­Գե­նա­տի ­Տա­ւա­րա­ծեան եւ ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս կա­րե­ւո­րե­ցին հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րու եւ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը, յատ­կա­պէս ռազ­մա­կան կրթու­թեան ո­լոր­տին մէջ:

Այ­ցե­լու­թիւն «­Վազ­գէն ­Սարգ­սեան» ռազ­մա­կան ու­սում­նա­րան

­Նոյն օ­րո­ւան մէջ, ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Վ.­Սարգ­սեա­նի ա­նո­ւան ռազ­մա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պետ, գնդա­պետ Ա.Ե­րո­յեան ըն­դու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիա­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:
­Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը ծա­նօ­թա­ցան հա­մալ­սա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան, ու­սում­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցին, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա-ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ար­տադ­րան­քի ո­րոշ նմուշ­նե­րուն:
Քն­նար­կո­ւե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ռազ­մաու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան, փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման եւ շարք մը այլ հար­ցեր: