­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ծրա­գիր ստո­րագ­րո­ւած է, յայտ­նած է ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը, հա­ղոր­դեց «Ար­մենփ­րես»։ ­Մար­տի 28-ին, ­Յու­նաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու դաշ­նա­կից եւ բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու հետ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցութեան ծի­րին մէջ եւ ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի ծրա­գիր­նե­րու նա­խա­գի­ծին հա­մա­ձայն, Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշտ­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վար­չու­թեան պետ ­Լե­ւոն Այ­վա­զեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի ­Մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բաժ­նի տնօ­րէն ­Վա­սի­լիոս ­Ցա­մի ստո­րագրած են 2023 տա­րո­ւան «­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գիր» (­Ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գիր)։
Ծ­րա­գի­րը կը նե­րա­ռէ 21 գոր­ծո­ղու­թիւն, ո­րոնց­մէ 15-ը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Յու­նաս­տան, վե­ցը՝ ­Հա­յաս­տան։
Ծ­րա­գի­րը, ի մի­ջի այ­լոց կը նե­րա­ռէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ու­սուց­ման մէջ, յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան ջո­կատ­նե­րու-յա­տուկ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ու­ժե­րու հա­մա­տեղ պատ­րաս­տու­թիւն, հա­մա­տեղ ու­սու­ցում ե­լեկտ­րո­նա­յին պա­տե­րազմ­նե­րու ա­ռարկա­նե­րու մա­սին, մաս­նակ­ցու­թիւն խա­ղա­ղու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու բազ­մազգ ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նի դա­սըն­թաց­նե­րոււն, ՀՕՊ հա­մա­կար­գե­րու կի­րառ­ման փոր­ձի եւ քա­ղած դա­սե­րէն գի­տե­լիք­նե­րու փո­խա­նա­կում, անձ­նա­կազ­մե­րու փո­խա­նա­կում եւ այ­ցե­լու­թիւն­ներ դպրոց­ներ, նե­րա­ռեալ՝ բազ­մազգ, ինչ­պէս նաեւ սե­մի­նար­նե­րու կազ­մա­կեր­պում, փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող հար­ցե­րու շուրջ անձ­նա­կազ­մի հան­դի­պում­ներ եւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ՝ յա­տուկ շեշտ դնե­լով ռազ­մա­կան հե­տա­խու­զու­թեան մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ։
Ծ­րա­գի­րի ստո­րագ­րու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­մուր ռազ­մա­կան կա­պե­րը եւ ա՛լ ա­ւե­լի կ’ամ­րապն­դէ ա­նոնց զի­նո­ւած ու­ժե­րու ներ­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ փոխ­գոր­ծու­նա­կու­թեան մա­կար­դա­կը՝ նպաս­տե­լով ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի դե­րի ամ­րապնդ­ման՝ շրջա­նի կա­յու­նու­թեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան պահ­պան­ման մէջ։