Պ­րիւք­սէ­լի մէջ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Տո­նալտ ­Թուս­քի հետ հան­դի­պու­մէն ետք ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան հան­դէս ե­կած է յայ­տա­րա­րու­թեամբ, ո­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րին, ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շարք մը այլ մար­զե­րու, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք  յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ար­ցա­խեան տագ­նա­պին: «Կ­՛ու­զեմ ան­գամ մը եւս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ, մեր շատ լաւ բա­րե­կամ ­Թուս­քին` Պ­րիւք­սէլ այ­ցե­լե­լու հրա­ւէ­րին եւ մեր հան­գա­մա­նա­լից ան­կեղծ զրոյ­ցին հա­մար», իր խօս­քը այս­պէս սկսաւ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեանն ու շա­րու­նա­կեց` «Այ­սօ­րո­ւան մեր հան­դի­պու­մին կեդ­րո­նա­կան նիւ­թը ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիրն էր: Այ­սօր ես գո­հու­նա­կու­թեամբ կրնամ ը­սել, որ կող­մե­րը ա­ւար­տած են բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: ­Նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թը հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր է, որ կ­՛ար­տա­յայ­տէ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ի­րա­կան ընդգր­կումն ու խո­րու­թիւ­նը:
­Միա­ժա­մա­նակ, պէտք է նշել, որ շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րէն զատ, մենք զգա­լի յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած ենք ո­լոր­տա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռու­մով` ստո­րագ­րե­լով փոքր եւ մի­ջին ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու եւ նո­րա­րա­րու­թեան «­Հո­րի­զոն 20-20» ծրա­գի­րը: ­Յա­ռա­ջի­կա­յին յա­ջո­ղու­թեամբ կ­՛ա­ւար­տենք նաեւ ընդ­հա­նուր օ­դա­նա­ւոր­դա­կան գօ­տիի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին եւ «Ս­տեղ­ծա­գործ Եւ­րո­պա» նա­խա­ձեռ­նու­թեան միա­նա­լու աշ­խա­տանք­նե­րը: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, նա­խորդ եր­կու տա­րի­նե­րը ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սան­կիւ­նէն, զգա­լիօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած է քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, ընդ­լայ­նո­ւած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տար­բեր մար­զե­րու մէջ»:
­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի հա­մա­ձայն, ­Տո­նալտ ­Թուս­քի հետ քննար­կո­ւած են նաեւ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն օ­րա­կար­գի այլ հար­ցեր, այդ կար­գին` շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցում­նե­րը: «Կ­՛ակն­կա­լենք, որ յա­ռա­ջի­կա­յին կը սկսի նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ մուտ­քի ար­տօ­նա­գի­րի ա­զա­տա­կա­նաց­ման շուրջ երկ­խօ­սու­թիւ­նը, ինչ որ ամ­րագ­րո­ւած էր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ­Ռի­կա­յի վե­հա­ժո­ղո­վի միա­ցեալ հռչա­կա­գի­րին մէջ, եւ կը նպաս­տէ մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րու ընդ­լայն­ման եւ խո­րաց­ման», ը­սաւ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:
«Ինչ­պէս գի­տէք, մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռանց­քը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ  ի­րա­կա­նա­ցո­ւող բա­րե­փո­խում­ներն են: Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին մշտա­պէս ե­ղած է մեր կող­քին եւ տրա­մադ­րած էա­կան ֆի­նան­սա­կան, թեք­նիք ու բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն, ո­րուն ար­դիւն­քը տե­սա­նե­լի է տար­բեր մար­զե­րու մէջ», իր խօս­քին մէջ նաեւ նշեց նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան: