Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 17րդ նիստը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի՝ 23 Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ: Նիստի ընթացքին խօսք առնելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ նալբանդեան յայտնեց, որ «Հայաստանը շարունակում է յանձնառու մնալ Արեւելեան Գործընկերութեան նպատակներին եւ իր նպաստը բերել այդ բազմակողմ ձեւաչափում իրականացուող համատեղ ջանքերին»:
Նիստի ընթացքին հանգամանալից քննարկում կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի հարցերու լայն շրջանակի մը շուրջ: Քննարկուած նիւթերու շարքին էին քաղաքական երկխօսութիւն, առեւտուրի եւ կենսոլորտային համագործակցութիւն, մարդու իրաւունքներ, շարժունակութիւն եւ բարեփոխումներու գործընթաց:
Ընդգծելով ընթացիկ տարուան Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Տուսքի կողմէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած Գործընկերութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին մասին յայտարարութիւնը եւ Մարտին Երեւանի մէջ անոր նախաստորագրումը՝ յոյս յայտնուեցաւ, որ համաձայնագիրը հնարաւոր պիտի ըլլայ ստորագրել Ե.Մ. Արեւելեան Գործընկերութեան պրիւսքէլեան գագաթնաժողովի ընթացքին:
Նախարարի պաշտօնակատար Նալբանդեան անդրադարձաւ նաեւ 2017 Ապրիլ 2ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ նշելով, որ անոնց հետեւած էին աննախադէպ մեծ թիւով միջազգային դիտորդներ, որոնք յայտարարեցին, թէ ընտրութիւնները եղած են լաւ կազմակերպուած, հիմնարար ազատութիւնները պաշտպանուած են եւ արդիւնքները արտայայտած են բնակչութեան կամքը:
Կողմերը քննարկեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ հարցեր:
Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի խնդիրին: Ան ընդգծեց, որ 2016 Ապրիլի սկիզբը Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը ամէնէն լայն ռազմական գործողութիւններն էին 1994 եւ 1995 եռակողմ զինադադարի համաձայնագիրներու կնքումէն ի վեր: Նախարարի պաշտօնակատարը շեշտեց նաեւ, որ յարձակումի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները Արցախի բնակչութիւնը ահաբեկելու նպատակ կը հետապնդէին:
Ե.Մ.ի բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ հիմնահարցը չունի ռազմական լուծում, եւ Եւրոպական Միութիւնը լիովին կը սատարէ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահ պետութիւններու ջանքերը:
Կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան սկզբունքային դիրքորոշումը՝ հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման այլընտրանքի բացակայութեան վերաբերեալ, նախարարի պաշտօնակատար Նալբանդեան նշեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ չկատարել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, թէեւ անոնց կարեւորութիւնը շարունակաբար կ՛ընդգծուի, ներառեալ՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջերս Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին:
Նալբանդեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի հանդիպումէն ետք հանդէս եկան յայտարարութիւններով:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն
Ատրպէյճան կը շարունակէ չկատարել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները