Եւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը հրա­պա­րա­կեց ­Հա­յաս­տա­նի հետ «­Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր»ի բնա­գի­րը: ­Փաս­տա­թուղ­թը բաղ­կա­ցած է 357 է­ջե­րէ:
­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րի նա­խա­բա­նին մէջ անդ­րա­դարձ կայ ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պին: Ա­նոր մէջ նշո­ւած է, որ նկա­տի կ­՛առ­նո­ւի ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի խա­ղաղ եւ տե­ւա­կան լուծ­ման ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­ւա­տար­մու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծին մէջ ըստ կա­րել­ւոյն շուտ լուծ­ման հաս­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:
­Փաս­տա­թուղ­թին մէջ նշուած է, որ անհ­րա­ժեշտ է խա­ղաղ լուծ­ման հաս­նիլ Մ.Ա.Կ.ի Ուխ­տա­գի­րի սկզբունք­նե­րուն, Ե.Ա.Հ.Կ.ի, ­Հել­սին­քիի եզ­րա­փա­կիչ փաս­տա­թուղ­թին` յատ­կա­պէս ու­ժի կի­րար­կու­մէն կամ ու­ժի կի­րարկ­ման սպառ­նա­լի­քէն զերծ մնա­լու, պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­նե­րու հի­ման վրայ:
­Փաս­տա­թուղ­թին 2րդ գ­լու­խը կը վե­րա­բե­րի ու­ժա­նիւ­թի մար­զին: 42րդ ­յօ­դո­ւա­ծին մէջ նշո­ւած է, որ հիւ­լէա­կան ու­ժա­նիւ­թի մար­զին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը նե­րա­ռէ ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու, փոր­ձի փո­խա­նա­կում եւ վար­ժանք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում՝ անվ­տան­գու­թեան եւ թա­փօն­նե­րու կա­ռա­վար­ման մար­զե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ա­պա­հո­վո­ւի հիւ­լէա­կա­յա­նի անվտանգ շա­հար­կու­մը:
Ու­ժա­նիւ­թի մար­զին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ­՛են­թադ­րէ նաեւ ­Մե­ծա­մո­րի հիւ­լէա­կա­յա­նի փա­կում եւ ա­նոր փո­խա­րի­նում՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ նոր հզօ­րու­թեամբ:
Տն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին գլու­խին մէջ նշուած է, որ ­Հա­յաս­տա­նը պէտք է քայ­լե­րու ձեռ­նար­կէ իր տնտե­սա­կան եւ ե­լեւմ­տա­կան կար­գա­ւո­րում­ներն ու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը աս­տի­ճա­նա­բար Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան կար­գա­ւո­րում­նե­րուն մօ­տեց­նե­լու հա­մար, իսկ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը պի­տի ա­ջակ­ցի ­Հա­յաս­տա­նին՝ յու­սա­լի մաք­րօ-տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցով:
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն փաս­տա­թուղ­թի 15րդ ­յօ­դո­ւա­ծը կը վե­րա­բե­րի շար­ժու­նա­կու­թեան: Ն­շո­ւած է, որ կող­մե­րը պար­տա­ւոր են կա­տա­րե­լու Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած ար­տա­յանձն­ման եւ մուտ­քի ար­տօ­նա­գիր­նե­րու դիւ­րաց­ման հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը, ո­րոնք ու­ժի մէջ մտած են 1 ­Յու­նո­ւար 2014էն: Ն­շո­ւած է, որ կող­մե­րը երկ­խօ­սու­թեան պի­տի սկսին մուտ­քի ար­տօ­նա­գի­րի ա­զա­տա­կա­նաց­ման շուրջ: