­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ, ­Սերժ ­Սարգ­սեան ա­ռանձ­նազ­րոյց ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով Ե­րե­ւան ժա­մա­նած ­Տա­ճի­կիս­տա­նի նա­խա­գահ Է­մո­մա­լի ­Ռահ­մո­նիի հետ: Ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ ընդ­լայ­նուած կազ­մով հան­դի­պում՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ:
­Բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք կա­տա­րո­ւե­ցաւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն, նաեւ՝ ստո­րագ­րո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Տա­ճի­կիս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման ուղ­ղո­ւած փաս­տա­թուղ­թեր:
­Նաեւ՝ ստո­րագ­րո­ւե­ցան եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու, օ­դա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ փոս­տա­յին կա­պի բնա­գա­ւա­ռին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, կրթու­թեան ո­րա­կա­ւո­րում­նե­րու, գի­տա­կան աս­տի­ճան­նե­րու ու գի­տա­կան կո­չում­նե­րու փոխ-ճա­նաչ­ման եւ հա­մադ­րե­լիու­թեան, ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ աշ­խա­տան­քի եւ մարմ­նա­մար­զու­թեան ու ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թեր: ­Նա­խա­գահ­ներ ­Սերժ ­Սարգ­սեան եւ Է­մո­մա­լի ­Ռահ­մո­նի ի­րենց հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րը ամ­փո­փե­ցին զան­գուա­ծա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով: