Անոնք, որոնք Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2023-ին, առիթը ունեցան ներկայ գտնուելու Աթէնքի համերգասրահէն ներս, վայելեցին Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիկ նուագախումբի բարձր կատարողութեամբ ելոյթ մը, որ երկար ժամանակ անջնջելի պիտի մնայ յոյն եւ հայ երաժշտասէր հասարակութեան սիրտին մէջ։ Բարձրորակ ներկայացում մըն էր, որուն ընթացքին անմահացան համբաւաւոր երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի մշակումները, ինչպէս նաեւ մեծ երաժիշտ Սէրգէյ Ռախմանինովի մէկ ստեղծագործութիւնը։
Առաջին անգամ չէ, որ Հայաստանի պարծանքը հանդիսացող նուագախումբը ելոյթ կ՚ունենայ Յունաստանի մէջ։ Արդէն, անկախութեան առաջին տարիներէն, ֆիլարմոնիկ նուագախումբը բազմիցս ներկայացած է յոյն հանրութեան առջեւ, ցոյց տալով մեր հայրենի մշակոյթի եւ նուագախումբի երաժիշտներուն բարձր արժէքն ու համբաւը։
Այս անգամ եւս, ղեկավար Եդուարդ Թոփչեանի ճպոտին տակ, նուագախումբը ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի ջութակի եւ նուագախումբի համար գրուած ստեղծագործութիւններ։ Համերգը կը վայելէր Հ.Հ. Աթէնքի մէջ դեսպանատան օժանդակութիւնը։
Աթէնքի համերգասրահը արդէն ողողուած էր դասական երաժշտութեան սիրահարներով, իսկ պաշտօնական հիւրերու կարգին նստած էին Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս, Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնատար անձեր։
Համերգին՝ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ անգլերէն լեզուով նախ խօսեցաւ 1965-ին Աթէնքի մէջ, Արամ Խաչատուրեանի ղեկավարութեամբ, Աթէնքի ֆեսթիվալի ելոյթին մասին, որ պատմական արձանագրութիւն մը եղաւ յունական երաժշտական պատմութեան մէջ։ Դեսպանը յաջորդաբար անդրադարձաւ Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիկ նուագախումբի իրերայաջորդ ներկայացումներուն Աթէնքի մէջ, ապա ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած միջազգային շրջագայութեան յայտագիրը նաեւ ամերիկեան ցամաքամասի զանազան քաղաքներուն մէջ։
Դեսպանը խօսեցաւ Արցախի հողէն բռնի տեղահանուած հայութեան մասին, որ ատրպէյճանական ռազմական քաղաքականութեան պատճառով ստիպուեցաւ լքել իր պապենական օճախը ու դառնալ տարագիր։
Յաջորդաբար, Էդուարդ Թոփչեանի կախարդական ղեկավարութեան տակ, 80 հոգիէ բաղկացած նուագախումբը իր անթերի կատարումներով հմայեց ժողովուրդը։ Հարկ է նշել, թէ ելոյթի ամբողջ տեւողութեան, նուագախումբի տաղանդաւոր ղեկավարը անգիր առաջնորդեց բոլոր բաժինները, ցոյց տալով բարձր հմտութիւն, երաժշտական բարձրագոյն աստիճանի արհեստավարժութիւն, որ գնահատուեցաւ երաժշտական աշխարհի գիտակ անձերուն կողմէ։
Արամ Խաչատուրեանի ջութակի համար գրուած բարդ կտորով հանդէս եկաւ երիտասարդ ջութակահարուհի Անոյշ Նիկողոսեան, որուն հմայիչ եւ ինքնավստահ ներկայացումը սիրտի ու հոգիի պարգեւ մը եղաւ հանդիսատեսներուն համար։ Իրօք, հայրենի ջութակահարուհիի կախարդական նուագը գրաւեց մեր հոգիները, միաժամանակ՝ ցոյց տուաւ հայրենի երաժշտական աշխարհէն ներս բազմաթիւ տաղանդաւոր արուեստագէտներու կազմաւորումը, որոնք Հայաստանի ու միջազգային բեմերէն կը պանծացնեն հայ երգի ու նուագի հարուստ անդաստանը։
Ելոյթի երկրորդ մասին, ֆիլարմոնիկ նուագախումբը ներկայացուց Ռախմանինովի ստեղծագործութիւնը, որուն աւարտը վերացումի եւ հոգեկան բաւարարութեան գլուխ գործոց բաժիններէն մէկն է։
Շարունակական ծափահարութիւններու ալիքին տակ, նուագախումբը կատարեց յաւելեալ երկու կտորներ՝ Արամ Խաչատուրեանի «Մասքարատ»ը եւ «Գայանէ» պալէթէն հատուած մը։ Երկու կտորներն ալ, Ա. Խաչատուրեանի ստեղծագործական հարստութեան լաւագոյն բաժիններէն են, որոնք խանդավառեցին եւ ոտքի հանեցին մշակութասէր հասարակութիւնը, որ կարծես աւելի շատ կրկնումներ կը պահանջէր նուագախումբէն, յագեցնելու համար մեր հայրենի երաժիշտներուն կողմէ աննախընթաց ելոյթի պատճառած ոգեւորութիւնը։
Հայաստանի ֆիլարմոնիկ նուագախումբը, անոր ղեկավար Էդուարդ Թոփչեանը, մենակատարուհի Անուշ Նիկողոսեանը եւ բոլոր անոնք, որոնք սատարեցին սոյն համերգի կազմակերպման արժանի են բարձր գնահատանքի։
Կը մաղթենք, որ մօտ ապագային, Հայաստանի ֆիլարմոնիկ նուագախումբի ելոյթները դարձեալ երանգաւորեն Յունաստանի մէջ դասական երաժշտութեան երկրպագուներու նախընտրութիւնները։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ