21 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991-ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման հռչա­կու­մը, որ­պէս ժա­ռանգն ու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը 1918-ի փա­ռա­պանծ ան­կա­խու­թեան, հայ մար­դուն մէջ ար­մա­տա­ւո­րեց ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ձգտու­մը եւ ի­մաս­տա­ւո­րեց վե­րան­կա­խաց­ման ի­րա­գոր­ծու­մը։
Այ­սօր՝ ձեռք բե­րո­ւած բազ­մա­թիւ նո­ւա­ճում­նե­րուն եւ յաղ­թա­նակ­նե­րուն, բայց նաեւ բաց­թո­ղում­նե­րուն եւ յու­սա­խա­բու­թեան 29-ա­մեայ գո­յու­թե­նա­կան կեն­սա­փոր­ձէն մեկ­նե­լով, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը տէրն ու տի­րա­կան ար­տա­յայ­տի­չը պէտք է դառ­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ձգտում­նե­րուն, ո­րոնք քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ի­րենց ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տը կը գտնեն ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րով ամ­րագ­րո­ւած ու ան­կա­տար մնա­ցած հա­յու ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի կե­նա­գոր­ծու­մով։
­Հա­յոց քա­ջա­րի բա­նա­կի ա­րիու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ստեղ­ծա­գործ ո­գիի ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ, ան­գամ մը եւս մեր հա­յեաց­քը կ­՚ուղ­ղենք հոն, ուր բա­նաս­տեղ­ծին սիր­տը տրո­փեց «դա­րե­րէն հո­սող եր­գի՛ Ա­րաք­սով, աշ­խար­հա­կալ ան­կա՛խ Ա­րա­րա­տի ստո­ւե­րին տակ»։
Շ­նոր­հա­ւոր տօնդ, ­Հա­յաս­տան։