Հայաստանի վերանկախացման 28ամեակ

Հայաստանի վերանկախացման 28ամեակ

0
13396

Իմ սրտի մէջ մի եր­կիր կայ
­Դո՛ւ ես ­Հա­յաս­տան,
Ես ապ­րում եմ քո սրտի մէջ
Իմ ­Հա­յաս­տան…

­Ման­նիկ ­Պէօ­րէք­ճեան-Աշ­րեան

­Հայ­րե­նի­քի վե­րան­կա­խաց­ման 28րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, վե­րոն­շեալ եր­գի տո­ղե­րը ան­գամ մը եւս յու­զու­մով պա­րու­րե­ցին հայ­րե­նա­կա­րօտ սփիւռ­քա­հա­յու սիրտս:
­Սեպ­տեմ­բե­րի 21ը պատ­մա­կան այն հանգ­րուանն է, որ մեզ կը կա­պէ Ա. հան­րա­պե­տու­թեան ու պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­ման ա­մե­նա­մեծ տօ­նին՝ 1918ի ­Մա­յի­սի 28ին ու նաեւ ա­պա­գա­յի «ան­կախ ու միա­ցեալ» հայ­րե­նի­քի ազ­գա­յին մեր ե­րա­զի ի­րա­կա­նաց­ման թի­րա­խին:
­Ծա­նօթ է, թէ ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քը զայն դար­ձու­ցած է, դա­րե­րու ըն­թաց­քին, կռո­ւախն­ձոր ա­րե­ւե­լեան ու ա­րեւմ­տեան մեծ ու­ժե­րու մի­ջեւ, յա­ճախ նաեւ բար­բա­րոս հոր­դա­նե­րու ներ­խու­ժու­մի անցք:
­Հի­նա­ւուրց ու բազ­մա­չար­չար մեր ազ­գի պատ­մու­թիւ­նը, սա­կայն, թէեւ լի է օ­տար լու­ծի տակ եր­կա­րա­տեւ մութ շրջան­նե­րով, բայց նաեւ վսեմ ի­տէալ­նե­րու եւ ա­զա­տու­թեան ի խնդիր մղո­ւած հե­րո­սա­կան պայ­քար­նե­րու շա­րան մըն է: ­Մեր հո­ղին հա­մար, մեր հա­ւատ­քին հա­մար, մեր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան հա­մար ան­հա­ւա­տա­լի հե­րո­սա­մար­տեր ենք մղած:
Ո՞ր մէ­կը նշել: ­Պար­սից ա­մե­նա­զօր կայս­րու­թեան դէմ Ա­ւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մա՞ր­տը, ա­զա­տագրա­կան պայ­քա­րի մեր ֆե­տա­յի­նե­րու սխրանք­նե­րը, ­Ղա­րա­քի­լի­սէի, ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի, ­Սար­տա­րա­պա­տի, ցե­ղաս­պա­նո­ւած ազ­գի մը մա­հու կե­նաց վճռո­րոշ կռիւ­նե՞­րը, ­Լիզ­պո­նի հինգ անձ­նա­զոհ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ող­ջա­կի­զո՞ւ­մը, Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա՞­րը, քա­ռօ­րեայ պա­տե­րա՞զ­մը…
Այս­պի­սին է մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ պայ­քա­րու­նակ, բայց միայն վսեմ գա­ղա­փար­նե­րու իբր պաշտ­պան:
Ինչ­պէս կը գրէ ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ՝
«­Պար­զա­պէս գի­տենք…
Ու­սուց­ման հա­մար եւ ա­շա­կեր­տե՜լ
­Գե­ղեց­կի՜ն
­Բա­րո՜ւն,
Վ­սե­մի՜ն,
­Լա­ւի՜ն…
Ոչ ոք չի տու­ժել զար­կից մեր բազ­կի:
Ե­թէ գե­րել ենք՝
­Լոկ մեր գրքե­րով.
Ե­թէ տի­րել ենք՝
­Լոկ մեր ձիր­քե­րով…»
­Հա­յերս, ու­րեմն, աշ­խար­հի որ ան­կիւնն ալ գտնո­ւինք, կը պար­տինք դառ­նալ, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ, մեր նախ­նի­նե­րու ար­ժա­նի ժա­ռան­գորդ­նե­րը:
­Մեր հո­գու պարտքն է դա­սեր քա­ղել «եւ տա­ռա­պած եւ փա­ռա­պանծ» մեր հայ­րե­նի­քի ան­ցեա­լէն:
­Վեց դա­րե­րու ստրկու­թե­նէ ետք ու ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն միայն ե­րեք տա­րի­ներ վերջ, իր ան­կախ հայ­րե­նի­քը վե­րա­կանգ­նող ազ­գի մը զա­ւակ­նե­րը ըլ­լա­լու հպար­տանքն ու լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ մեր կեան­քի միակ ան­շեղ ու­ղե­գի­ծը:
­Մա­յի­սեան ո­գիով տո­կաց ողջ սփիւռ­քը ի­րեն պար­տադ­րո­ւած քա­ղա­քա­կան աք­սո­րի դժնդակ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ­Մա­յի­սեան ո­գիով, թէ­կուզ իր հոգ­ւոյն խո­րը թա­քուն պա­հո­ւած, տո­կաց նաեւ մեր ազ­գը 70 եր­կար տա­րի­ներ, պոլ­շե­ւի­կեան ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գի եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րի ե­տին: Ա­նա­զա­տու­թեան ու քօ­ղար­կո­ւած օ­տա­րա­ցու­մի դէմ, հայ­րե­նի հո­ղին ու­ժով, ծաղ­կե­ցուց իր մշա­կոյ­թը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­ղան­դը, սպա­սե­լով այն օրհ­նեալ պա­հուն, ուր պի­տի կա­րո­ղա­նար բարձ­րաց­նել կրկին իր սե­փա­կան դրօ­շը ու միա­ձայ­նու­թեամբ քո­ւէար­կել իր ան­կա­խու­թեան ի նպաստ:
Այս­պէս, ­Սեպ­տեմ­բե­րի 21ը ե­կաւ, ե­ռա­գոյ­նով, օրհ­ներ­գով ու զի­նան­շա­նով, հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար ­Մա­յի­սեան ո­գիի նոր հանգ­րո­ւա­նը դառ­նա­լու:
Այժմ, մեր ազ­գա­յին եր­թը միայն մէկ ու­ղի ու­նի՝ հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գե­րով եւ ­Հայ դա­տի իս­կա­կան տէր դառ­նա­լով հար­թել ճա­նա­պար­հը դէ­պի վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ՝ Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ հայ­րե­նիք:
­Թե­րեւս այս մէ­կը ա­նուրջ թո­ւի ո­րոշ ան­ձե­րու հա­մար: Այս­տեղ, կ’ար­ժէ մէջ­բե­րել փրո­ֆէ­սէօր ­Ռի­չարտ ­Յով­հան­նէ­սեա­նի պա­տաս­խա­նը լրագրո­ղի մը հար­ցու­մին, թէ ինչ յոյ­սե­րով այդ­քան պայ­քար կը մղէ ­Հայ դա­տի ուղ­ղու­թեամբ: «­Շատ պարզ է, կ’ը­սէ փրո­ֆէ­սէօ­րը, մի՞­թէ աս­կէ քսան տա­րի­ներ ա­ռաջ ա­նուրջ ու ան­հա­ւա­տա­լի չէր թուեր ­Սո­վե­տա­կան ­Միու­թեան փլու­զու­մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը: Ին­չո՞ւ ու­րեմն, տար­բեր քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ, չի գայ նաեւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի օրհ­նեալ օ­րը»:
Ան­տա­րա­կոյս, հեշտ չէ մեր իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հը, յատ­կա­պէս հայ­րե­նա­զուրկ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հա­մար:
­Հին թէ նոր սփիւռք ազ­գի 70% կը կազ­մեն ու կը պար­տին օ­տար ա­փե­րու վրայ հայ մնալ:
­Նա­խա­պայ­ման է, որ խոր հա­մո­զում դառ­նայ մեր մօտ, եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Գա­րե­գին Ա. կա­թո­ղի­կո­սի յատ­կան­շա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ «­Լի­բա­նա­նը եր­կիրս է ան­շուշտ, բայց հայ­րե­նիքս ­Հա­յաս­տանն է»: Ա­մե­նայն յար­գան­քով ու ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րով մեզ հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րուն հան­դէպ, գի­տակ­ցինք, թէ մեր հայ­րե­նի­քը ­Հա­յաս­տանն է, որ միշտ պէտք է ապ­րի մեր սրտե­րուն մէջ:
­Հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գի յա­ջորդ տո­ղե­րը, սա­կայն, «ես ապ­րում եմ քո սրտի մէջ, իմ ­Հա­յաս­տան», հար­ցա­կա­նով մը կը զբա­ղեց­նեն միտքս: «Ես, սփիւռ­քա­հայս, ապ­րում եմ իս­կա­պէ՞ս քո սրտին մէջ, իմ ­Հա­յաս­տան»: Ար­դեօ՞ք իշ­խա­նու­թեանց ու հայ­րե­նաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հայ­րե­նա­կից եմ տե­սա­կա­նօ­րէն, բայց գործ­նա­կա­նին մէջ, օ­տա­րա­ցի:
Ի սրտէ կը մաղ­թեմ, որ շրջան­ցենք նման մտայ­նու­թիւն­նե­րը եւ մեր սրտի մէջ ապ­րող հայ­րե­նի­քը տէր դառ­նայ սփիւռ­քա­հա­յուն ու տեղ տայ ա­նոր իր սրտին մէջ, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք ե­ռա­միաս­նու­թիւ­նը չմնայ լո­զունգ, այլ դառ­նայ դէ­պի հա­յա­վա­յել ա­պա­գայ ա­ռաջ­նոր­դող ի­րա­կան միաս­նա­կան ճամ­բայ, մին­չեւ որ գայ այն ե­րա­նե­լի օ­րը, ինչ­պէս կը գրէ պատ­մա­բան ­Վա­հան ­Մե­լի­քեան՝
«­Մին­չեւ պար­զած սրտե­րը մեր
­Դիպ­չին դաշ­տին,
­Լուռ քա­ղա­քին
Ու ան­սահ­ման այդ
­Սահ­մա­նից
­Մի քայլ ա­նեն
­Քեզ, Ա­նի»: