Միցոթաքիս. «Յունաստանը միշտ կանգնած է Հայաստանի կողքին։ Յունաստանի հայկական համայնքը կարեւոր օղակ մըն է, որ կ՚ամրապնդէ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը՝ աւելի մօտեցնելով երկու երկիրներու ժողովուրդները»
Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ միջպետական գործակցութիւնը, որոնք ամրապնդուած են վերջին 33 տարուան ընթացքին, դարձան կիզակէտը Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Նիկոլ Փաշինեանին հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին։ Ք. Միցոթաքիսի հրաւէրով երէկ՝ Երեքշաբթի, 27 Փետրուարին Աթէնք ժամանեց Ն. Փաշինեան ու իր պատուիրակութիւնը եւ հանդիպումներ ունեցաւ յոյն բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։
Երեք տասնամեակներու վրայ երկարող Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ ղեկավարներու այցելութիւնները Աթէնք, նպաստած են երկու երկիրներու գործակցութեան խորացման, ստեղծելով հնարաւորութիւններ առաւել զարգացման ու ընդլայնման բոլոր մարզերէն ներս։
Նշենք, որ անցեալ Դեկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած էր Յունաստան, իսկ Յունուարին՝ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը գտնուեցաւ Երեւան։
Հանդիպում Յունաստանի նախագահին հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախապէս ընդունուեցաւ Յունաստանի նախագահ Էքաթերինի Սաքելարոփուլուին կողմէ՝ նախագահական ապարանքին մէջ։
Ողջունելով վարչապետի այցելութիւնը Յունաստան, նախագահը նշեց. «Ձեր այցելութիւնը կ՚արտացոլայ մեր յարաբերութիւններու գերազանց մակարդակը, ինչպէս նաեւ մեր ընդհանուր կամքը, որպէսզի մեր գործակցութիւնը զարգանայ ու աւելի խորանայ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Մեր երկու երկիրները կապուած են դարաւոր բարեկամութեան եւ եղբայրական յարաբերութիւններու ու փոխըմբռնման զգացումներով»:
Անդրադառնալով տարածաշրջանի խնդիրներուն, յոյն նախագահը շեշտեց, թէ Յունաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, առաջին իսկ վայրկեանէն համերաշխութիւն արտայայտեց հայ ժողովրդին` ուղարկելով մարդասիրական օգնութիւն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հազարաւոր հայերուն, միաժամանակ, ըլլալով միջազգային իրաւունքի ջատագով` դիւանագիտական երկխօսութեան միջոցով խնդիրները լուծելու գործին մէջ: Յունաստան ուղղակի կը դատապարտէ ուժի կիրարկումը եւ կը սատարէ Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ բանակցութիւններու գործընթացին, ընդգծեց Յունաստանի նախագահը։
Իր պատասխանին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց. «Ուրախ եմ, որ առիթ ունինք վերջին 33 տարիներու ընթացքին խորացնել նաեւ մեր միջպետական յարաբերութիւնները: Յունաստան Եւրոպական Միութեան մէջ մեր կարեւորագոյն գործընկերներէն է: Շնորհակալ ենք նաեւ, որ Յունաստանը մասնակցութիւն ունի Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին Ե.Մ. քաղաքացիական առաքելութեան»:
Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Յունաստան-Հայաստան գործակցութեան, Հարաւային Կովկասին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Հանդիպում վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ
Յաջորդաբար, Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Յունաստանի վարչապետարանը եւ ընդունուեցաւ իր յոյն պաշտօնակիցին կողմէ։
Երկու այրերու առանձնակի հանդիպումէն ետք, տեղի ունեցաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս եւ կատարուեցան պաշտօնական յայտարարութիւններ։
Յունաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած են երկկողմանի գործակցութեան հետ առնչուող հարցեր, մասնաւորապէս վերականգնուող ուժանիւթի ու ժամանակակից արհեստագիտութեան վերաբերեալ։ Այդ տրամաբանութեամբ ալ ստորագրուած է յատուկ յուշագիր։
«Քննարկեցինք նաեւ զարգացումները հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ՝ արձանագրելով մօտեցումներու ընդհանրութիւնը։ Յունաստանը դէմ է ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման», յայտնեց Միցոթաքիս։
«Քննարկեցինք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան հարիւր հազար տեղահանուածներու կեանքը աւելի հեշտացնելու ձեւաչափը։ Յունաստանը դիւանագիտական տեսանկիւնէն կանգնած է Հայաստանի կողքին՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու գործին մէջ, որովհետեւ միայն կայուն համաձայնագիրը կրնայ բանալ լաւ ապագայի ճանապարհները Հարաւային Կովկասի մէջ», նշեց Յունաստանի վարչապետը։
Ք. Միցոտաքիս իր յարգանքի զգացումները յայտնեց նաեւ Յունաստանի հայկական համայնքին, որ տարիներ շարունակ նպաստած է փոխշահաւէտ յարաբերութիւններուն եւ իր դերակատարութիւնը ունենալով յունական հասարակութեան մէջ։ Ան նշեց, որ հայկական համայնքը գործուն ու կարեւոր օղակ է, որ կ՚ամրապնդէ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը՝ աւելի մօտեցնելով երկու երկիրներու ժողովուրդները։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսք առնելով անդրադարձաւ տարածաշրջանի խնդորներուն։ «Ի հարկէ, տարածաշրջանային իրավիճակը, միջազգային իրավիճակը մեր քննարկումների կարեւոր թեմաներից մէկն էր: Ի հարկէ, տեղեակ էք, որ առաջիկայում սպասւում է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարարների հերթական հանդիպումը, եւ պէտք է յոյս ունենանք, որ այդ հանդիպման ընթացքում հնարաւոր կը լինի առաջընթաց արձանագրել», յայտարարեց Հայաստանի վարչապետը:
Երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն անդրադառնալով ան ըսաւ. «Սա, իսկապէս, կարեւոր այց է մեզ համար՝ քննարկելու Հայաստան-Յունաստան երկկողմ օրակարգի հարցերը, ինչպէս նաեւ Եւրամիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւնների յետագայ խորացման հարցերը: Հաճոյքով պիտի ընդգծեմ, որ մեր միջպետական կապերը նոյնպէս բաւական լաւ տեմպերով զարգանում են, եւ այսօրուայ այցի արդիւնքներով, ի հարկէ, նոր խթան կը տանք մեր երկկողմ յարաբերութիւններին՝ տնտեսութեան ոլորտում, մշակոյթի ոլորտում, կրթութեան ոլորտում, նաեւ անվտանգութեան ոլորտում: Պաշտպանութեան ոլորտում ունենք համագործակցութեան բաւականին երկար պատմութիւն եւ, համոզուած եմ, որ այդ մեր համագործակցութիւնն աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ»:
Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան Յունաստանի մասնակցութեան.
«Ուզում եմ ընդգծել նաեւ Յունաստանի մասնակցութիւնը Հայաստանում Եւրամիութեան քաղաքացիական առաքելութեանը, որը դիտարկում է Ադրբեջանի հետ Հ.Հ.-ի սահմանը: Յունաստանի մասնակցութիւնն այստեղ շատ գնահատելի է եւ կարեւոր»:
Յաջորդաբար, քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմերով: Մասնաւորապէս, քննարկուած են առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, ներդրումային ծրագիրներու իրականացման հետ վերաբերող հարցեր: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Հայաստանի մէջ իրականացնել միացեալ առեւտրական համագումար: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործակցութեան շուրջ:
Հանդիպում Յունաստանի խորհրդանի նախագահին հետ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Աթէնք այցելութեան առիթով, տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում Յունաստանի խոհրդարանի նախագահ Քոնստանտինոս Թասուլասի հետ:
Խորհրդարանի նախագահը ողջունած է վարչապետի այցելութիւնը Յունաստան եւ ընդգծած երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմադարեայ բարեկամական յարաբերութիւններու փաստը:
Վարչապետը իր կարգին նշած է, որ նախապէս կարեւոր քննարկումներ ունեցած է Յունաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է նաեւ խորհրդարանական ձեւաչափով գործակցութեան շարունակական զարգացումն ու ամրապնդումը եւ նշած, որ այս հանդիպումը նոր խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի գործունէութեան համար:
Քոնստանտինոս Թասուլաս հայ վարչապետին պարգեւատրած է Յունաստանի խորհրդարանի ոսկի մետալով:
Ապա, կայացած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր պատուիրակութեան հանդիպումը Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական խումբի անդամներուն հետ: Քննարկուած են երկկողմանի գործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային նշանակութեան տարբեր հարցեր: Յոյն երեսփոխանները ընդգծած են, որ այս դժուար ժամանակահատուածին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կողքին կանգնած են:
Նշենք, որ նախապէս ծրագրուած էր յատուկ աշխատանքային նիստ եւ նախաճաշ ունենալ նաեւ Յունաստանի Առեւտրական եւ ճարտարապետական հիմնարկէն ներս, սակայն վերջին պահուն ծրագիրը չեղեալ նկատուած է ու վարչապետի այցելութեան ժամանակաշրջանը յապաւուած է։