Մոսկուայի մէջ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպումին շարունակուած են քննարկումները Ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու շուրջ: Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ 2016ի Ապրիլին եւ Յունիսին կայացած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները երախտագիտութիւն յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Ա.Գ. նախարարին` Ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման աջակցելուն ուղղուած շարունակական ջանքերու համար: Նախարարները պայմանաւորուած են շարունակելու շփումները քննարկուած բոլոր հարցերու առնչութեամբ:
Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք անոնց միացած են նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահները` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Կայացած է մտքերու փոխանակում` Ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի հանդիպում
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կայացած է