«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը կապի մէջ մտնելով Հայաստանի պետական ձայնասփիւռի լրագրող Լիանա Մանուկեանի հետ, տեղեկացաւ թէ, Կիրակի՝ 9 Յունիս 2019էն սկսեալ, այլ լեզուներու շարքին, պետական ձայնասփիւռի կայքէջէն, Հայաստանի եւ Յունաստանի հետ առնչուած յունարէն լեզուով լուրերու հաղորդումներ կը կատարուին, ինչպէս նաեւ անոնք կը ներկայացուին կայքէջին վրայ։
Լիանա Մանուկեան կը կատարէ լուրերու թարգմանութիւնը, ապա նաեւ կը կատարէ յունարէն լեզուով հաղորդումները։
Պետական ձայնասփիւռի https://el.armradio.am կայքէջէն կարելի է օրուան հաղորդումները լսել ամէն օր, ինչպէս նաեւ կարդալ օրուան լուրերը յունարէն լեզուով։
Յայտագրի հաղորդավարը յայտնեց թէ, կայքէջը վերանորոգուած է, այցելուներուն աւելի մատչելի դարձնելու համար լուրերու ընթերցումը եւ սփռումը։ Այցելողը հոն կը գտնէ ճոխ պարունակութեամբ եւ նկարներով յունական եւ հայկական լուրեր։
Հայաստանի պետական ձայնասփիւռը յունարէն լեզուով հաղորդումներ կը կատարէ
Հայաստանի պետական ձայնասփիւռը յունարէն լեզուով հաղորդումներ կը կատարէ