Յուլիսի 1-7ը Յունաստանի Օլիմպիա քաղաքին մէջ կայացաւ Միջազգային ողիմպիական ակադեմիոյ (հիմնարկութեան) կողմէ կազմակերպուած (Մ.Օ.Ա.) անդամ երկիրներու վերապատրաստման տարեկան գիտաժողովը։ Նստաշրջանին կը մասնակցէին 75 անդամներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ։
Հայաստանի ներկայացուցիչներն էին մարզական լրագրութեան եւ ճատրակի միաւորումի կրտսեր դասախօս Արեւիկ Պաղտասարեան եւ մարզական բժշկութեան ու ֆիզիոլոգիայի (կենսագիտութեան) միաւորումի աւագ դասախօս (դոցենտ) Լուսինէ Ստեփանեան։
Կարեւորելով մարզական պատրաստուածութեան դերն ու նշանակութիւնը աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ՝ համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցան լիագումար եւ խմբային նիստեր։
Զեկուցումով հանդէս եկաւ Արեւիկ Պաղտասարեան «Ողիմպիզմի գաղափարախօսութիւնը մարզիկի ակմեաբանական (անձի զարգացումի բարձրագոյն կէտը) մշակոյթի կառուցուածքում» նիւթով։ Նպատակն էր իրազեկել ողիմպիական կրթութեան գաղափարախօսութիւնը, առանց խնդիրներու՝ միջանձնային եւ միջազգային յարաբերութիւններու ստեղծումը։ Ինչպէս նաեւ, նախանձի բացասական ազդեցութիւնը անհատի անձնային, մասնագիտական որակներու զարգացման վրայ՝ շեշտելով մարզիկի զարգացուածութեան-մշակոյթի եւ ողիմպիական գաղափարախօսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխ-կապուածութիւնը:
Քննարկումներու ընթացքին Հայաստանի պատուիրակները ներկայացուցին նաեւ ողիմպիական շարժումի եւ արժէքներու տարածման ուղղութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող աշխատանքները, լուսաբանումի եւ հանրայնացումի միջոցներն ու իւրահատկութիւնները:
Գործընկերներու հետ հանդիպումներու ընթացքին Երեւանի «Բ.ՈՒ.Հ»ի (Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) դասախօսները նաեւ գիտական, կրթական ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւն ծաւալելու պայմանաւորուածութիւն ապահովեցին։
Ամփոփելով իրենց աշխատանքային այցը Յունաստան՝ Արեւիկ Պաղտասարեան նշեց, որ իրենց ներկայացուցած գիտական զեկուցումները պիտի զետեղուին Միջազգային ողիմպիական ակադեմիոյ (International Olympic Academy) յօդուածներու ժողովածուին մէջ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին «Բ.ՈՒ.Հ»ի տնօրէնութեան՝ գիտաժողովին իրենց մասնակցութեան համար։