­Հինգ­շաբ­թի, 14 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեան եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ իր յոյն պաշ­տօ­նա­կից ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սին հետ։ Ն­շենք, որ ­Յու­նաս­տան ժա­մա­նե­լէն ա­ռաջ, ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն ­կա­տա­րեց ­Կիպ­րոս եւ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ իր կիպ­րա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցին եւ ­Կիպ­րո­սի զի­նեալ ու­ժե­րու բարձ­րա­գոյն հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հետ։ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, հայ նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը մեկ­նար­կեց երկ­րի խորհրդա­րա­նին առ­ջեւ՝ Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին վրայ ծաղ­կեպ­սա­կի տե­ղադր­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ:
Այ­նու­հե­տեւ, ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դի­մա­ւո­րու­մի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ պա­տո­ւոյ պա­հա­կա­խում­բի եւ զի­նո­ւո­րա­կան նո­ւա­գա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թեամբ:
Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ե­տք մեկ­նար­կեց ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեա­նի եւ ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի հան­դի­պու­մը, ո­րուն ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան հայ-յու­նա­կան պաշտ­պա­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հետ առն­չո­ւող հար­ցեր։ Եր­կու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու համա­տեղ հան­դի­պու­մին մաս­նակ­ցե­ցան հայ եւ յոյն բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ։ ­Մաս­նա­ւո­րա­բար, յու­նա­կան կող­մէն մաս­նակ­ցե­ցաւ փոխ­նա­խա­րար Իոան­նիս ­Քե­ֆա­լոեան­նիս, ­Յու­նաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու պե­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ցա­մա­քա­յին, օ­դա­յին եւ ծո­վա­յին ու­ժե­րու պե­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան։
«Եր­կուս­տեք ար­ձա­նագ­րո­ւել է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման մեծ նե­րու­ժը, եւ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն է ձեռք բե­րո­ւել այն զար­գաց­նել նոր թա­փով՝ նե­րա­ռե­լով ռազ­մա­տեխ­նի­կա­կան, փոր­ձի փո­խա­նակ­ման, կրթա­կան, ու­սում­նա­վար­ժա­կան, մար­տա­վա­րա­կան պատ­րաստու­թեան եւ այլ ուղ­ղու­թիւն­ներ», ը­սո­ւած ­է Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։
­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ստո­րագ­րած են «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ ռազ­մա-ար­հես­տա­գի­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին» հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։
­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը հան­դէս ե­կած են մա­մու­լին հա­մար միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ։
­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան հա­մա­ձայն, ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, ի մի­ջի այ­լոց կա­տա­րած է հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «­Զօ­րա­վիգ կը կանգ­նինք բո­լոր եր­կիր­նե­րու հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին, ինչ­պէս նաեւ ու­ժեղ կեր­պով հա­կա­ռակ ենք սահ­ման­նե­րու բռնի փո­փո­խու­թեան։ ­Կը դա­տա­պար­տենք ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, կը պայ­քա­րինք ան­զէն ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ, կը զօ­րակ­ցինք իր պա­պե­նա­կան օ­ճա­խին մէջ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին։
­Մեր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման՝ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ, որ­պէս­զի ի­րա­գոր­ծո­ւի խա­ղա­ղու­թեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան պայ­ման­նե­րու ձեռք­բե­րու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար։ Բ­նա­կա­նա­բար եւ ինչ­պէս սպա­սե­լի է, մենք կը կանգ­նինք հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին»։
­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան շրջա­­գի­ծէն ներս՝ նա­խա­րար ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեան այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու ռազ­մա­կան ա­կա­դե­միան, ուր հան­դի­պե­ցաւ սպա­յից վար­ժա­րա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան եւ ու­սում­նա­րա­նին մէջ ի­րենց ռազ­մա­գի­տա­կան ու­սու­մը կա­տա­րող հայ սպա­նե­րուն հետ։ ­Նա­խա­րա­րին հան­գա­մա­նա­լից ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան սպա­յից վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւնն ու կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րը։