­Հա­յաս­տա­նի բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կա­տար ­Հայկ ­Չո­պա­նեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Է­ւան­կե­լոս ­Թուր­նա­քիս հան­դի­պում ու­նե­ցած են եւ կա­րե­ւո­րած են եր­կու կող­մե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րը բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ո­լոր­տին մէջ: ­Կող­մե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս, քննար­կած են ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­հես­տա­գի­տա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու միա­ցեալ հար­թակ­ներ ստեղ­ծե­լու, թո­ւայ­նա­ցու­մի ո­լոր­տէն ներս հա­մա­պա­տաս­խան մաս­նա­գէտ­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու շարք մը հար­ցեր: ­Հայ նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րի եւ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նի հան­դի­պու­մին անդ­րա­դարձ ե­ղած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան, եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան հար­թակ­նե­րուն մէջ ար­հես­տա­գի­տա­կան կրթու­թեան լա­ւա­գոյն փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մին, միա­ցեալ ծրա­գի­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան  պար­կե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տե­լու հե­ռան­կար­նե­րուն:
­Բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ո­լոր­տին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի նո­ւա­ճում­նե­րուն ի­րա­զեկ դառ­նա­լու նպա­տա­կով՝ ­Հայկ ­Չո­պա­նեան հրա­ւի­րած է յոյն դես­պա­նը մաս­նակ­ցե­լու «­Տի­ճի­թէք Էքս­փօ», «Արմ­հայ­թէք» սպա­ռա­զի­նու­թեան եւ պաշտ­պա­նա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ա­ռա­ջար­կած է միա­ցեալ այ­ցե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նել «Ին­ժե­նե­րա­կան քա­ղաք»:
­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ ե­ղած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան ռազ­մա­կան կցորդ, գնդա­պետ  Ե­րա­սի­մոս Աւ­լո­նի­թիս:
­Ռազ­մա­կան հար­ցե­րով զբա­ղող յու­նա­կան կայ­քէ­ջե­րը խօսք ը­նե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հան­դի­պու­մին եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, կը նշեն թէ ­Հա­յաս­տան ար­դէն ա­նօ­թա­չու սար­քե­րու (Ա.Թ.Ս.) սե­փա­կան ար­տադ­րու­թիւն կ­՚ի­րա­գոր­ծէ։