Հայաստանի ու Արցախի կանայք

Հայաստանի ու Արցախի կանայք 8000 տարուան մէջ ծննդականօրէն գրեթէ չեն փոխուած

0
1335

Դա­նիա­ցի, հայ, ռուս ու բրի­տա­նա­ցի գիտ­նա­կան­նե­րէ կազ­մո­ւած խում­բը պար­զած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի կա­նայք վեր­ջին 8000 տա­րո­ւան մէջ ծննդա­կան տե­սան­կիւ­նէ (genetically) գրե­թէ չեն փո­խո­ւած:
­Հա­մա­պա­տաս­խան հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կո­ւած է Current Biology ամ­սագ­րին մէջ,- կը հա­ղոր­դէ «­Փա­նար­մի­նիըն»:
«­Սա բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան է, քա­նի որ նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին տա­րա­ծաշր­ջա­նը բազ­մա­թիւ մշա­կու­թա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կո­ւած է: ­Սա­կայն ա­տոնք, կար­ծես, կա­պո­ւած չեն ծննդա­կան փո­խա­կերպ­ման հետ, յա­մե­նայն­դէպս` կա­նանց պա­րա­գա­յին»,- կը գրեն յօ­դո­ւա­ծին հա­մա­հե­ղի­նակ­ներ Ա­շոտ ­Մար­գա­րեանն ու ­Մոր­թէն Ա­լեն­ֆեր­թը Cell Press ամ­սագ­րին մէջ: ­Գիտ­նա­կան­նե­րը վեր­լու­ծած են 52 կմախ­քի Mitochondrial genomeը, ո­րոնց­մէ ա­մե­նա­հի­նե­րը 7800 տա­րե­կան են, ու հա­մե­մա­տած են զա­նոնք 206 հա­յաս­տան­ցի­նե­րու եւ Լ.Ղ.Հ. բնա­կիչ­նե­րու գե­նո­մի հետ: Ն­մա­նա­տիպ հե­տա­զօ­տու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է նաեւ տղա­մար­դոց մօտ, ո­րուն ար­դիւն­քը շու­տով յայտ­նի կ­՛ըլ­լայ։