ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ան­ցեալ ­Շա­բաթ օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ոտ­նագն­դա­կի «Euro 2024»-ի խմբա­յին հանգ­րո­ւա­նին վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը։ ­Հա­յաս­տան դար­ձեալ բա­ցա­կայ էր, թէեւ նա­խա­ւար­տա­կան խա­ղե­րուն մրցե­լով ու­ժեղ խում­բե­րու դէմ ցու­ցա­բե­րեց բարձր մա­կար­դա­կի ոճ եւ կար­ծես թէ ար­ժա­նի էր ստա­նա­լու ու­ղե­գի­րը։
Մր­ցա­շար­քը սկսաւ հիւ­րըն­կա­լե­լով ­Թուր­քիան։ ­Շա­տերս յի­շե­ցինք, որ 2008-ին նման մրցու­մով մը սկսած էր «ֆութ­պո­լի դի­վա­նա­գի­տու­թեան» ըն­թաց­քը։ Այս ան­գամ քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տը բո­լո­րո­վին տար­բեր էր։ Իսկ մեր հա­ւա­քա­կա­նը, մար­զիչ ­Փեթ­րա­քո­վի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ան­մի­ջա­պէս ա­պա­ցու­ցեց իր լաւ մա­կար­դա­կը՝ բա­նա­լով հա­շի­ւը ինք­նա­կօ­լով, սա­կայն բախ­տը ժպտաց հա­կա­րա­կոր­դին. ար­դիւն­քը 1-2:
­Յա­ջորդ խա­ղը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Քար­տիֆ։ Ո­ւելս, որ յա­ջող ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ վեր­ջին 2 եւ­րո­պա­կան ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րուն եւ մաս­նա­կից էր ­Քա­թա­րի ­Մուն­տիա­լին, ա­նակն­կա­լի ե­կաւ մեր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի բարձ­րո­րակ ե­լոյ­թէն։ 2-4 հա­շի­ւով փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նակ, հիա­նա­լի կօ­լե­րով։ Այս­տեղ փայ­լե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ գեր­մա­նաբ­նակ պարս­կա­հայ Հ­րանդ-­Լէօ ­Ռա­նո­սի աստ­ղը, 2 կէ­տե­րով իր ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյ­թին։ ­Նոյն­պէս 2 կօլ նշեց ար­ժան­թի­նա­հայ ­Լու­գաս ­Սե­լա­րա­յեան։ ­
Յա­ջոր­դա­բար, Ե­րե­ւան հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցաւ ­Լադ­վիան։ ­Հա­շի­ւը բա­ցո­ւե­ցաւ ռու­սա­հայ ­Նա­յիր ­Դիգ­նի­զեա­նի կող­մէն, բայց ան­բախտ կեր­պով հա­ւա­սա­րո­ւե­ցաւ։ ­Հա­յաս­տան ստեղ­ծեց հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ յաղ­թեց 2-1 ար­դիւն­քով, վեր­ջին վայր­կեան­նե­րու նշա­նա­կո­ւած 11 մեթ­րա­նո­ցով մը, որ կա­տա­րեց ­Տիգ­րան ­Բար­սե­ղեան։ ­Մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ­Լաթ­ւիոյ մար­զի­չը բարձր գնա­հա­տեց հայ­կա­կան հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը եւ հայ աղ­ջիկ­նե­րուն գե­ղեց­կու­թիւ­նը։ ­
Յա­ջորդ մրցա­վէ­ճը` Էշ­քի ­Շե­հիր, թշնա­մա­կան մթնո­լոր­տի մէջ։ 52-րդ ­վայր­կեա­նին Ար­տակ ­Դա­շեան լրե­ցուց թուր­քե­րուն աղ­մու­կը՝ իր նշա­նա­կած կէ­տով։ ­Հա­յաս­տան ու­նե­ցաւ սքան­չե­լի ներ­կա­յու­թիւն ստեղ­ծե­լով յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, ար­ժա­նի էր յաղ­թա­նա­կին, սա­կայն ան­գամ մը եւս բախ­տը ժպտաց հա­կա­րա­կոր­դին, որ վեր­ջին վայր­կեան­նե­րուն հա­ւա­սա­րե­ցուց հա­շի­ւը` 1-1: Ըստ ոտ­նագն­դա­կի ան­գիր օ­րեն­քին` «գնդա­կը կը պատ­ժէ»։
­Յա­ջորդ հիւ­րըն­կա­լո­ւող` ­Խոր­վա­թիան։ 2018-ի ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թեան հա­սած էր մին­չեւ եզ­րա­փա­կիչ եւ ­Քա­թար գրա­ւո­ւած էր 3-րդ ­տե­ղը, քա­ռորդ եզ­րա­փա­կի­չին դուրս մղե­լով Պ­րա­զի­լիան։ ­Մեր խում­բի ազ­նիւ պայ­քա­րը ան­բա­ւա­րար էր. ար­դար պար­տու­թիւն` 0-1։ ­
Յա­ջոր­դա­բար, մեր հա­ւա­քա­կա­նը ճամ­բոր­դեց ­Ռի­ղա։ ­Թէեւ ու­նե­ցաւ ա­ռիթ­նե­րը եւ ­Լաթ­ւիան 2-րդ ­կի­սա­խա­ղին ըն­թաց­քին մնաց 10 մար­զիկ­նե­րով, ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար` ճա­կա­տագ­րա­կան պար­տու­թիւն 2-0 հա­շի­ւով։ ­Մեր ազ­գա­յին խում­բին հա­մար անհ­րա­ժեշտ էին 2 յաղ­թա­նակ­ներ վեր­ջին հան­դի­պում­նե­րուն, որ­պէս­զի ստա­նայ ու­ղե­գի­րը ­Գեր­մա­նիոյ Եւ­րո­պա­կան ա­ռաջ­նու­թեան հա­մար։ Իր ցոյց տո­ւած պատ­կե­րով, օժ­տո­ւած նոր ա­րիւ­նով եւ սփիւռ­քա­հայ խաղ­ցող­նե­րով, այդ­պի­սի սխրանք մը հնա­րա­ւոր կը թո­ւէր։
Ե­րե­ւա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան «­Վազ­գէն ­Սարգ­սեան»-ի ա­նուան ծայ­րէ ծայր լե­ցուն մար­զա­դաշ­տին մէջ ­Հա­յաս­տան դի­մա­ւո­րեց Ո­ւել­սը։ 5-րդ ­վայր­կեա­նին հա­շի­ւը բա­ցո­ւե­ցաւ ­Սե­լա­րա­յեա­նի հո­յա­կապ հա­րո­ւա­ծով մը։ Ո­ւելս ան­ցաւ հա­կա­յար­ձա­կո­ղա­կա­նի, բայց մեր ազ­գա­յին խում­բը կը դի­մա­կա­յէր։ ­Սա­կայն, յա­ւե­լեալ ժա­մա­նա­կին ան­բախտ ինք­նա­կօ­լով մը` հա­ւա­սա­րու­թիւն 1-1: 2-րդ ­կի­սա­խա­ղին մեր խում­բը ու­նե­ցաւ ար­ժա­նա­վա­յել ե­լոյթ՝ ստեղ­ծե­լով բազ­մա­թիւ ա­ռիթ­ներ. մէկ ան­գամ ալ գնդա­կը զար­կաւ դար­պա­սի ձո­ղին։ Ափ­սօս։ Ար­դիւն­քը մնաց ան­փո­փոխ։ Ա­ւար­տին` հան­դի­սա­տես­նե­րը ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րով «վար­ձատ­րե­ցին» մեր ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը։ Ար­ժա­նի էր յաղ­թե­լու, բայց ինչ­պէս որ ը­սած էր հան­գու­ցեալ պոզ­նիա­ցի մար­զիչ Ի­վի­չա Օ­սիմ` «գնդա­կը պոռ­նիկ է»։
­Վեր­ջին խա­ղին` յաղ­թա­նա­կը անհ­րա­ժեշտ էր ­Խոր­վա­թիա­յին հա­մար։ Ս­կիզ­բէն ան­ցան յար­ձա­կո­ղա­կա­նին, սա­կայն ա­ռա­ջին լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ստեղ­ծե­ցին հա­յե­րը։ ­Վեր­ջա­պէս հիւ­րըն­կա­լող խում­բը յաղ­թեց 1-0 հա­շի­ւով, ստա­նա­լով ու­ղե­գի­րը։
­Փեթ­րա­քո­վի գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը, ընդ­հա­նուր գետ­նի վրայ, ցու­ցա­բե­րեց տի­պար ու ո­րա­կա­ւոր ներ­կա­յու­թիւն, մրցակ­ցե­լով բարձր մա­կար­դա­կի խում­բե­րու դէմ։ ­
Շա­րու­նա­կե­լով այս գոր­ծե­լաո­ճով, հա­ւա­նա­բար հե­ռա­ւոր պի­տի չըլ­լայ այդ օ­րը, որ հայ մար­զա­սէր­նե­րը պի­տի վա­յե­լեն ե­րա­զան­քը՝ ե­րա­գոյ­նը ծա­ծա­նի ու հնչէ մեր ազ­գա­յին քայ­լեր­գը Եւ­րո­պա­կան կամ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թեան մը ըն­թաց­քին, մի­լիո­նա­ւոր աչ­քե­րու առ­ջեւ։