ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

­Դէ­պի Եր­կիր

­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան աշ­խար­հին մէջ զրոյ­ցը կը սկսի բա­նա­սէր, Հ.Յ.Դ.ի ան­դամ Հ­րա­չեա­յի խօս­քով։ Ան լիո­վին հե­տաքրք­րո­ւած է «­Դէ­պի Եր­կիր»՝ լայ­նօ­րէն քննար­կո­ւած խորհր­դան­շա­կան պատ­կե­րա­ցում­ներ ամ­փո­փող, հա­մե­մա­տա­բար ի­րա­պաշտ տո­ւեալ կար­գա­խօ­սով։ Այս բա­ռե­րով, ա­տոր խո­րունկ ի­մաս­տը բնու­թագ­րո­ւած է ար­դէն Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին կող­մէ եւ զու­գա­հե­ռա­բար ընդգր­կո­ւած՝ կու­սակ­ցու­թեան ծրագ­րին մէջ, որ­պէս ­Հայ ­Դա­տի լուծ­ման հե­ռան­կա­րա­յին հիմ­նա­կան բաղ­ձանք­նե­րէն մէ­կը, որ կը մի­տի ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեամբ, ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի մը կեր­տու­մի ե­րա­զին, ազ­գի ու ժո­ղո­վուր­դի ազ­նո­ւա­գոյն մարդ­կայ­նա­ցու­մով։
­Խորհր­դան­շա­կան այս կար­գա­խօ­սը հա­յուն հա­մար թէ՛ ար­ժէ­քա­յին նպա­տակ է, թէ՛ վե­րար­ժե­ւո­րո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, թէ՛ ա­զա­տագ­րա­կան յե­ղա­փո­խա­շունչ մար­տա­կոչ, թէ՛ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար, թէ՛ պե­տա­կա­նու­թեան լիար­ժէք կեր­տում՝ զտա­րիւն մարտն­չու­մի ար­տա­ցո­լում, յե­ղա­փո­խա­կան փոր­ձա­դաշ­տե­րու ներ­գոր­ծու­թեամբ։
­Հա­յուն «­Դէ­պի Եր­կիր»ը,- կ­’ը­սէ Հ­րա­չեան,- ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեր դաշ­տի ինք­նու­րոյն պայ­քարն է, պատ­մա­կա­նօ­րէն բախ­տո­րոշ ար­ժե­ւո­րում­նե­րով ու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով, որ հա­յուն կու­տայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան յստակ ու անջն­ջե­լի ա­րե­ւե­լում ու ազ­գայ­նօ­րէն զար­գա­ցող գի­տակ­ցա­կան գնա­հա­տում­ներ։
Հ­րա­չեան նկա­տել տո­ւաւ նաեւ, թէ այս կար­գա­խօ­սը պատ­մա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը ա­րա­գաց­նե­լու (թէ ու­շաց­նե­լու) գոր­ծըն­թա­ցի մը հետ պատ­շա­ճեց­նե­լու կան­խա­տե­սու­մին հետ առն­չո­ւած հանգ­րո­ւա­նա­յին անհ­րա­ժեշտ գոր­ծըն­թաց մըն է՝ խա­ղաղ, բար­գա­ւաճ ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն շա­րու­նա­կե­լու կո­չո­ւած եր­կիր մը ըլ­լա­լու յստա­կա­տե­սու­թեամբ։
Այս­քա՛ն. որ­պէս­զի ո­մանք չկար­ծեն, թէ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րը պա­տա­հա­կան ու պա­րա­գա­յա­կան բա­ներ են։

Ինք­նու­թեան հար­ցեր

­Լե­զո­ւա­գէտ փրո­ֆե­սոր ­Զա­ւէ­նը վեր­լու­ծեց «­Հա­յաս­տան», «­Հայ­րե­նիք», «Ս­փիւռք», «հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն» եզ­րե­րը, մեր ա­մէ­նօ­րեայ — սխալ կամ ճիշդ — գոր­ծա­ծա­կան ի­մաս­տա­յին ո­լոր­տի հա­մե­մա­տա­կան ու բաղ­դա­տա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րով։
Այ­սօր, ո՞վ է ­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թած հա­յը եւ ի՞նչ են ա­նոր ազ­գա­յին-ար­ժէ­քա­յին չա­փա­նի­շե­րը։ Իսկ «Ս­փիւռք» եւ «Ս­փիւռ­քա­հայ» ա­նո­ւա­նու­մը ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն ո­րո­նե­լու, ինք­նու­թիւն դրսե­ւո­րե­լու, ինք­նու­թիւն բիւ­րե­ղաց­նե­լու ի­մաս­տով՝ ի՞նչ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կը տա­րու­բե­րի։
Ս­փիւռ­քա­հա­յը եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յը քա­նի՞ տե­սակ ինք­նու­թիւն­ներ ու­նի։ Ի՛նք ո՞­րը կը նա­խընտ­րէ, ո՞­րը կը զա­տո­րո­շէ։
Ինք­նու­թիւն­ներ կան, որ ազ­գա­յին են, ցե­ղա­յին, կրօ­նա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան, դա­սա­կար­գա­յին, ա­ղան­դա­ւո­րա­կան։ ­Հա­յը, ո՞ր մէ­կուն վրայ իր շեշ­տը կը դնէ, ո՞ր մէ­կը ա­ռա­ւել չա­փով կը դրսե­ւո­րէ քա­նա­կի ու ո­րա­կի աս­տի­ճա­նա­կան նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րով թէ ըն­կե­րա­յին դա­սա­կար­գում­նե­րով։
­Հա­յաս­տան՝ իր ներ­քին թէ ար­տա­սահ­մա­նեան գոր­ծօն կա­ռոյց­նե­րով կը զբա­ղի՞, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու կար­գով կի­զա­կէ­տի կը վե­րա­ծէ՞ ար­տա­գաղ­թող զան­գո­ւած­նե­րու հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րը։
Ո­մանք ինք­նու­թեան հար­ցե­րուն մէջ տար­բե­րու­թիւն­ներ չեն ու­զեր տես­նել, ո՛չ յատ­կա­նիշ­նե­րու, ո՛չ քա­ղա­քա­կան, ո՛չ ալ մշա­կու­թա­յին։ Ժխ­տու­մը կը մեկ­նա­բա­նեն հան­գա­մանք­նե­րու հա­սու­նա­ցու­մով։ ­Չեն հա­մա­րեր, թէ ինք­նու­թեան հար­ցը գա­ղա­փա­րա­կան է։ ­Հա­մա­ձայն են, սա­կայն, հար­ցը քննար­կե­լու նպա­տա­կա­յին հո­լո­վոյ­թի հար­թակ­նե­րու վրայ։ Այս տե­սա­կէ­տին կառ­չած­ներ հա­մո­զո­ւած են, թէ հա­յու ինք­նու­թեան հար­ցը պէտք է քննար­կո­ւի ռազ­մա­վա­րա­կան ու մար­տա­վա­րա­կան փո­խազ­դե­ցու­թեանց վեր­լու­ծա­կան ար­դիւնք­նե­րու հի­մամբ։
Եզ­րա­փա­կե­լով իր զե­կոյ­ցը՝ ­Զա­ւէն շեշ­տը դրաւ ինք­նու­թեան հար­ցի ո­րա­կա­կա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րը զա­տո­րո­շե­լու եւ փո­խըմբռն­ման մը յան­գե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։
Ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մը կեն­սա­կան է։ Ան­ցեա­լին՝ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու­տա­յին ա­նոր ո­րա­կին, հի­մա՝ կ­’ան­տե­սեն նաեւ քա­նա­կը։ ­Կը թո­ւի, թէ ինք­նու­թիւ­նը բազ­մա­տե­սակ տագ­նապ­նե­րու չի տո­կար այ­լեւս եւ կը զի­ջի ձու­լու­մի դիւ­րին ճամ­բուն։ Ինք­նու­թեան զի­ջու­մը կրա­կի հետ խա­ղա­լու պէս բան մը ե­ղած է՝ չա­րի­քին ար­մա՛­տը, ինչ­պէս կ­’ը­սենք յա­ճախ, երբ կ­’ու­զենք բան մը ա­ւե­լիով շեշ­տել։
Եզ­րա­կա­ցու­թի՛ւն. տրա­մա­բա­նու­թեամբ մէ­կը քաջ չ­’ըլ­լար. հա­ւատք ալ կ­’ու­զէ։ Ա­ռանց հա­ւատ­քի՝ քա­ջու­թիւ­նը կը նսե­մա­նայ։ Այս հար­ցին մէջ, սա­կայն, շատ տար­բե­րակ­ներ ալ չկան, ոչ ալ եր­կար-բա­րակ ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան դաշտ մը գո­յու­թիւն ու­նի։
Ա­սոնք հա­ճե­լի հար­ցա­կան­ներ չեն, բայց այ­լեւս չենք կրնար խու­սա­փիլ ա­նոնց­մէ, քա­նի այդ հար­ցե­րուն մենք բո­լորս թէ՛ մօտ ենք, թէ ալ՝ շատ հե­ռու…

10 մի­լիոն հա­յու­թիւն

Ար­ցախ­ցի ման­կա­վարժ դա­սա­խօս ­Նել­սո­նը կանգ կ­’առ­նէ հա­յու­թեան ներ­կա­յի թի­ւին վրայ։ ­Հա­ռա­չե­լով ու բարձր շեշ­տադ­րու­մով կ­’ը­սէ.- «­Տա­սը մի­լիոն հա­յու­թի՜ւն»։
Կ’ար­ժէ նշել, որ այս թե­զը նո­րու­թիւն է եւ չէ՛։ ­Վար­կա­ծը՝ ախ­տա­ճա­նա­չումն է 3 մի­լիոն հա­յու­թեան մայր հո­ղին վրայ, 7 մի­լիոն ալ օ­տար՝ հիւ­րըն­կալ թէ ո՛չ հիւ­րըն­կալ հո­ղե­րու վրայ։
Ըստ Ե­րե­ւա­նի եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի պե­տա­կան թո­ւա­յին տո­ւեալ­նե­րու՝ 1992էն մին­չեւ 2016 1.700.000 հա­յեր ան­դարձ ար­տա­գաղ­թած են ­Հա­յաս­տա­նէն։ ­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թող­նե­րուն հա­մար ­Հա­յաս­տա­նը ան­ցեա՞լ է ար­դեօք։
­Նել­սո­նը թե­րա­հա­ւա­տու­թիւն, ա­ւե­լին՝ բա­ցար­ձակ անվս­տա­հու­թիւն ար­տա­յայ­տեց պաշ­տօ­նա­կան վի­ճա­կագ­րա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեանց դրսե­ւո­րում­նե­րուն վրայ՝ դի­տել տա­լով, թէ թո­ւա­քա­նա­կա­յին այս ա­նար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թիւ­նը կու­գայ խորհր­դա­յին կար­գե­րու ժա­մա­նակ­նե­րէն իբ­րեւ տխուր ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ նա­յած պա­րա­գա­յին՝ կ­’որ­դեգ­րո­ւի յետ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մտայ­ղա­ցում­նե­րու իւ­րա­ցու­մով։
­Վեր­լու­ծեց, թէ թի­ւի յա­ւե­լում­ներն ու նո­ւա­զում­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը կա­տա­րո­ւին բարձ­րա­ձայն, կամ՝ առ­նո­ւազն լռե­լեայն։ ­Յա­ճախ ալ կա­տա­րեալ լռու­թեամբ, նա­յած նոյ­նինքն հար­ցի դե­րա­կա­տա­րու­թեան թե­մա­թիկ յատ­կա­նիշ­նե­րուն, երբ բան մը կ­’ու­զես գե­րա­դա­սել, կամ երբ բան մը կ­’ու­զես քո­ղար­կել։
­Նել­սոն հարց տո­ւաւ, թէ պէտք է վեր­լու­ծել ու եզ­րա­կա­ցու­թեան մը յան­գիլ այն ի­րո­ղու­թեան շուրջ, որ ինչ­պէ՞ս կը մեկ­նա­բա­նո­ւի հա­մա­պա­տաս­խան այն վար­կա­ծը, երբ հայ­րե­նիք­նե­րը բնակ­չու­թիւն կը կորսնց­նեն ան­կախ եր­կիր ու պե­տու­թիւն դառ­նա­լէ ետք, եւ ա­ւե­լի դիւ­րին կը դառ­նայ հայ­րե­նիք ա­զա­տագ­րե­լը, քան թէ հա­յու­թիւ­նը իր հո­ղին վրայ պա­հե­լը։
Եզ­րա­կա­ցու­թի՛ւն. ­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան թի­ւե­րը մե­զի կու­տան երկ­րի ի­րա­կան պատ­կե­րը, ան­կախ այն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ ա­նոնք պաշ­տօ­նա­պէս կը յայ­տա­րա­րո­ւին կամ չեն յայ­տա­րա­րո­ւիր։

­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան մտա­հո­գու­թիւն­ներ

­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գին մէջ մեծ­ցած ու պաշ­տօ­նա­վա­րած փոր­ձա­գէտ մը՝ ­Սու­րէ­նը, լուրջ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց, հա­մալ­սա­րա­նի մուտ­քի քննու­թիւն­նե­րու բաղ­դա­տա­կան ար­դիւնք­նե­րու ամ­փոփ­ման լոյ­սին տակ։ Ի յայտ ե­կած է, որ այս տա­րի, մօ­տա­ւո­րա­պէս 60 առ հա­րիւր տո­կո­սով թա­փուր տե­ղեր մնա­ցած են։ Ըստ ի­րեն, ներ­կա­յի բա­ցա­յայ­տո­ւած տո­ւեալ­նե­րով, հա­մալ­սա­րա­նը՝ հա­մա­կար­գի մաս­նա­ւոր ու պե­տա­կան իր հա­տո­ւած­նե­րով ու­նի շուրջ 20.000 նո­ւազ տեղ։ ­Հա­մալ­սա­րան ըն­դու­նո­ւած են 9000 դի­մորդ­ներ, ինչ որ կը պար­զէ, թէ ընդ­հա­նուր թի­ւի կէ­սէն ա­ւե­լին թա­փուր մնա­ցած է։ Ն­շեց, թէ ու­սա­նող­նե­րու քա­նա­կի նո­ւա­զու­մը ան­բա­ւա­րա­րու­թեան լուրջ բար­դու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն հա­մար։ ­Մէկ խօս­քով՝ ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը 20.000ով պակ­սած է։
­Հա­յաս­տա­նի կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան հա­մա­կար­գը ար­կա­ծախն­դիր ի­րա­կա­նու­թեան մը են­թա­կայ է՝ հա­մա­պա­տաս­խան ու­սում­նա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու պա­րա­գա­յա­կան ա­ռա­տու­թեան, այ­լեւ պա­կա­սին պատ­ճա­ռով։ Կր­թա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կա­պո­ւած են մար­դու եւ ու­սա­նո­ղի ան­մի­ջա­կան փո­փո­խու­թեանց հետ, ինչ որ ա­մէ­նէն դժո­ւար բանն է։
­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թիւ­նը առ­նե­լիք ու տա­լիք բան ու­նի, նոյ­նինքն կրթա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան պատ­շա­ճե­լու հար­կադ­րան­քով եւ իր դի­մագ­րա­ւած խայ­տափ­ղէտ մի­ջա­վայ­րին պատ­ճա­ռով։
­Փոր­ձա­գէ­տը գո­հու­նա­կու­թեամբ նշեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը 2017-2018 ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան հա­մար կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­րա­րա­կա­նով ձրի պի­տի ստա­նան ի­րենց բո­լոր դա­սա­գիր­քե­րը, քա­նի ա­նոնց ծախ­սե­րը պի­տի հա­տու­ցո­ւին կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։

­Հայ­կա­կան ան­ցա­գիր

­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան «վեր­նա­տան» մաս­նակ­ցող — յի­շե­լու հա­մար ­Թու­մա­նեա­նա­կան ­Թիֆ­լի­սեան փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տա­յին գոր­ծա­ծու­թիւ­նը — զան­գե­զուր­ցի կայ­քէ­ջի լրագ­րող ­Նա­յի­րան ար­ծար­ծեց հայ­կա­կան ան­ցա­գի­րի զգա­ցա­կան «հե­ղի­նա­կու­թեան» պա­րա­գան։ Ան խօ­սե­ցաւ իր կա­տա­րած մէկ ու­սում­նա­սի­րու­թեան մա­սին՝ ընդգ­ծե­լով, թէ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռու­մով հա­յաս­տա­նեան անձ­նա­գի­րը 68րդ ­տե­ղը կը գրա­ւէ գոր­ծա­ծա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան ու մաք­սա­յին ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թեան տե­սա­կէ­տէն։
­Նա­յի­րան դի­տել տո­ւաւ, թէ ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով՝ սու­րիա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու — ո­րոնց կար­գին նա­՛եւ հա­յե­րու — ի­րա­ւունք տրո­ւած է ա­նար­գել ըն­դա­մէ­նը 29 տար­բեր եր­կիր այ­ցե­լե­լու։ Լ­րա­ցու­ցիչ ը­սաւ, թէ ­Գեր­մա­նիոյ եւ ­Սին­կա­փու­րի ան­ցա­գիր­նե­րը 158 եր­կիր­ներ ա­զա­տօ­րէն մուտք գոր­ծե­լու ար­տօ­նու­թեան ի­րա­ւունք ու­նին, իսկ Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու ան­ցա­գիր­նե­րը՝ 127 եր­կիր։
­Շա­րու­նա­կե­լով պար­զել իր հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը՝ լրագ­րո­ղը յայտ­նեց, թէ Մ.Ա.Կ.ի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Գաղ­թա­կա­նաց ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, կա­տա­րո­ւած 160 եր­կիր­նե­րու մէջ, 710 մի­լիոն մարդ յայ­տա­րա­րած է, թէ իր երկ­րէն այլ տեղ գաղ­թել կը ցան­կայ։ Այս թի­ւէն 66 մի­լիո­նը ծրագ­րած է ար­դէն 2018ին գաղ­թել, իսկ 23 մի­լիոնն ալ գաղ­թե­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նի։
­Հե­տաքրք­րա­կան է, որ ­Թուր­քիա գաղ­թել ու­զող­նե­րը, գաղ­թա­կա­նա­կան այս ցան­կին 15րդ ­կար­գի վրայ կը գտնո­ւին, իսկ Ատր­պէյ­ճան գաղ­թե­լու փա­փաք յայտ­նած չէ բա­ցար­ձա­կա­պէս ոե­ւէ՛ մէ­կը։
Եզ­րա­փա­կեց իր խօս­քը՝ թե­թեւ հեգ­նա­կան ժպիտ մը շուր­թե­րուն վրայ.
— Ան­շուշտ, յայտ­նի չէ, թէ ա­նոնք որ կ­’ու­զեն ­Թուր­քիա գաղ­թել, ան­կէ ետք դէ­պի ո՜ւր կ­’ու­զեն ճամ­բոր­դել…
Ա­ւար­տե­լով՝ ան նշեց, թէ հա­յաս­տա­նեան ան­ցա­գի­րը անհ­րա­ժեշտ չէ, որ մէ­կը հայ զգայ, ոչ ալ ան­ցա­գի­րը կոր­սո­ւած հա­յը կը վե­րա­դարձ­նէ իր ազ­գա­յին ա­կունք­նե­րուն, կամ՝ հայ­կա­կան ապ­րում­նե­րուն ու զգա­ցում­նե­րուն։
Ան­ցա­գի­րը նաեւ հա­յու ինք­նու­թեան կամ ինք­նա­հաս­տատ­ման նո­ւա­ճում կա­րե­լի չէ հա­մա­րել, ո­րե­ւէ՛ պա­րա­գա­յի։
Եզ­րա­փա­կե­լով՝ նշեց նաեւ, թէ հայ­կա­կան ան­ցա­գի­րի տի­րա­նալ ու­զող հա­յը կը քա­ջա­լե­րո­ւի դես­պա­նա­տուն­նե­րու անձ­նա­կազ­մի դի­մու­մէն, որ կ­’ար­ժէ 2 եւ­րօ, բայց այդ տետ­րին տի­րա­նա­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը վճա­րէ 150 եւ­րօ, հա­յաս­տա­նեան հա­մա­պա­տաս­խան հաս­տա­տու­թեան (ՕՎԻ­Րին)։ ­Գու­մա­րը մեծ չէ, բայց տրո­ւած խոս­տու­մին ու յանձ­նա­ռու­թեան բա­րո­յա­կան վնա­սը մեծ է։
Այս աշ­խա­տան­քին հա­մադ­րու­մը՝ հա­մադ­րու­մի պէտք ու­նի, չյի­շե­լու հա­մար սկիզ­բի օ­րե­րը, երբ ան­ցա­գի­րի տի­րա­նա­լու հա­մար 1000 տո­լար կը պա­հան­ջո­ւէր իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­սէր սփիւռ­քա­հա­յէ։
­Լաւ կ­’ըլ­լայ, որ պահ­պա­նենք ան­ցա­գի­րի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, զգա­ցա­կան ու բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քը՝ դի­տել տո­ւաւ ­Նա­յի­րան, քիչ մը տրտմած շեշ­տով։
Որ­պէս­զի հա­յը չվախ­նայ հայ ըլ­լա­լէ…։

Անձ­նաս­պա­նու­թիւն­նե­րը չեն պակ­սիր

Բժշ­կու­թեան ու­սա­նող ­Սեր­կէյ ծան­րա­ցաւ ըն­կե­րա­յին ա­ռաջ­նա­հերթ ու սիրտ ճմլող հար­ցի մը վրայ, որ այ­լա­պէս կա­պո­ւած է իր ուս­ման ու մաս­նա­գի­տու­թեան մար­զին հետ, այն է որ՝ ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան ­Յու­լիս ամ­սու ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ճգնա­ժա­մա­յին կա­ռա­վար­ման կեդ­րո­նի տո­ւեալ­նե­րուն հի­մամբ՝ 2017ի ա­ռա­ջին 7 ա­միս­նե­րու ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ 90 հո­գի անձ­նաս­պան ե­ղած է։
­Սեր­կէյ, բաղ­դա­տա­կան մը կա­տա­րե­լով, նշեց, թէ նոյն ա­միս­նե­րուն, նա­խորդ տա­րո­ւան զո­հե­րու թի­ւը 85 էր։
Անձ­նաս­պա­նու­թեան դի­մած քա­ղա­քա­ցի­նե­րը մեծ մա­սով ի­րենց կեան­քին վերջ տո­ւած են բնա­կա­րան­նե­րու թէ ա­ռանձ­նա­տու­նե­րու մէջ, ու­րիշ­ներ նե­տո­ւած են բարձր շէն­քե­րէ, մաս մըն ալ բարձր կա­մուրջ­նե­րէ։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ անձ­նաս­պա­նու­թիւ­նը ա­նուն ու­նի։ ­Կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու՝ մա­կա­նուն ալ ու­նի, քա­նի կեան­քը մեր ներ­կան ու ա­պա­գան է ա­ռա­ջին ու վեր­ջին հա­յուն հա­մար ալ, մա­նա­ւանդ երբ կը պա­տա­հի պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տէն դուրս։
Երբ երկ­րի մը բնա­կիչ­նե­րը անձ­նաս­պա­նու­թեան կը դի­մեն, այդ երկ­րի բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քը կը ստո­րագ­նա­հա­տո­ւի, կը նսե­մա­նայ, երկ­րի ա­պա­գա­յի հա­կակ­շի­ռը, հա­շո­ւեկ­շի­ռը, հա­ման­ման զու­գակ­շի­ռը կը խախ­տի, կը կոր­սո­ւի, մտա­ծող ու զգա­ցող հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կ­’ա­նէա­նան, գա­ղա­փա­րա­յին, դա­սա­կար­գա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը կը մրցին ի­րա­րու հետ, մա­նա­ւանդ ի­րա­րու դէմ։
Այս երկ­րին մէջ՝ Աս­տուծ­մէ ղրկո­ւած փրկա­րար­ներ չկա՞ն,- եզ­րա­փա­կեց ու­սա­նող բժիշկ ­Սեր­կէ­յը, հիաս­թա­փեց­նող դառն շեշ­տով մը։

(­Շար. 2)