ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Ա­մէն ան­գամ ­Հա­յաս­տան եր­թա­լը նո­րու­թիւն չէ. շա­րու­նա­կու­թիւն է։ ­Հա­յաս­տան եր­թա­լը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ հա­յու հարց է։ ­Հա­յու ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն է։ Այդ շա­րու­նա­կա­նու­թեան վեր­ջին զո­հե­րը ա­նոնք են, որ հապ­ճեպ փութ­կո­տու­թեամբ, ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու տակ հե­ռա­ցան երկ­րէն, ա­ռանց խա­բու­սիկ «մնաս բա­րով» մը իսկ ը­սե­լու, պա­հու մը՝ երբ հայ­րե­նի­քին մէջ ա­մէն բան շատ յստակ չէր եւ գորշ պղտո­րը կը տի­րա­պե­տէր իր սուր ժա­նիք­նե­րով հա­յաշ­խար­հի կա­պոյտ երկ­նա­կա­մա­րի տա­րած­քին։
Ան­կա­խու­թե­նէն ետք, ­Հա­յաս­տան եր­թա­լը քա­նի մը տե­սակ կ­՚ըլ­լայ։ ­Վեր­ջին 25 տա­րի­նե­րուն պիզ­նէ­սի հա­մար հայ­րե­նիք այ­ցե­լող­ներ ե­ղան։ ­Մարդ չեմ դա­տա­պար­տեր ա­տոր հա­մար, ո՛չ ալ կը նա­խան­ձիմ։ ­Բո­լոր սրտցաւ հա­յե­րը կը փա­փա­քին, որ հայ­րե­նի­քը բար­գա­ւա­ճի, նաեւ ու մա­նա­ւանդ սփիւռ­քի ուղ­ղա­կի ներ­դու­մով ալ։ Ու­րիշ­ներ ալ կան, որ կ­’ու­զեն սփիւռ­քի բար­գա­ւա­ճու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ներդրու­մով։ ­Կար­ծեմ, այս վեր­ջին­նե­րը քիչ մը կ­՚ա­ճա­պա­րեն, կամ ա­ւե­լի ճիշդ՝ ո­րոշ բա­ներ լաւ գնա­հա­տած չեն իր եւ ի­րենց ժա­մա­նա­կին մէջ։ ­Մեր եր­կի­րը ար­դա­րու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան ու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու եր­կիր պէտք է դառ­նայ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ կա­ռոյց­նե­րուն հան­դէպ ար­հա­մար­հանք չցու­ցա­բե­րո­ւի։
­Կը հա­ւա­տամ, որ թի­ւե­րու պաշ­տա­մուն­քը բո­լո­րին հա­մար ա­ռաջ­նա­կարգ չէ։ ­Շա­տեր ­Հա­յաս­տան կ­՚եր­թան պա­տաս­խա­նա­տու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան զգա­ցում­նե­րէ դրդո­ւած, կամ՝ այս­պէս ը­սած յանձ­նա­ռու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վի­պա­պաշտ ապ­րում­նե­րով։ Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ ­Հա­յաս­տա­նը նոյն հայ­րե­նիքն է, մեր սի­րոյ ե­րանգ­նե­րու դրսե­ւոր­ման են­թա­կայ, յա­ճա­խոր­դա­յին սառն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը թո­ղե­լով ազ­նիւ շա­հագրգ­ռո­ւող­նե­րուն։ Ի դէպ, հա­մո­զո­ւած եմ, թէ պիզ­նէ­սը հա­մա­զօր է մարդ­կա­յին կա­ռոյց­նե­րէ բխող ու կազ­մա­ւո­րո­ւող հան­գոյց­նե­րու հա­մախմ­բու­մին ու հզօ­րա­ցու­մին։ Անհրա­ժեշտ է զօ­րաց­նել հա­յադ­րոշմ այն կա­ռոց­նե­րը, որ կը պաշտ­պա­նեն պե­տու­թիւ­նը, պե­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ հիմ­նա­կա­նօ­րէն մեր ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը նա­յի, պէտք է նա­յի դէ­պի ա­պա­գայ, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նը տնտե­սա­կան ան­հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բեմ չի կրնար դառ­նալ, որ­քան ալ Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ քա­լող մար­դոց մօտ դա­սա­կար­գա­յին թշնա­մի­ներ ո­րո­նենք, երկ­րի քա­ղա­քա­կան բաց­թո­ղում­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փա­զան­ցու­թեամբ ուռ­ճաց­նե­լու, ա­պա նաեւ՝ խծբծե­լու մի­տու­մով։ Այս մօ­տե­ցու­մով՝ ար­դա­րու­թիւն ու ի­րա­ւունք ո­րո­նե­լու եւ հա­տու­ցա­նե­լու մտայ­նու­թիւ­նը կը մա­շի ու հետզ­հե­տէ կը չէ­զո­քա­նայ, մեզ տեղ չհասց­նե­լով։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­ներ կան, որ բիւ­րե­ղա­ցած ու մա­քուր կնի­քի մը պէտք ու­նին։ Օ­րի­նակ՝ ըն­կե­րա­յին կնի­քի մը. նաեւ՝ յա­ւե­լեալ այն բա­նե­րը, որ մեր ժա­մա­նա­կը, հայ­կա­կան ժա­մա­նա­կը դպած չէ, ա­նոնց ու­ղիղ կամ զար­տու­ղի ո­րե­ւէ ա­նուն ու դի­մա­գիծ տո­ւած չէ։ Ա­տոնց մէջ լա­ւեր ալ կան, գէ­շեր ալ կան։ ­Բո­լոր լա­ւե­րը շատ լաւ չեն, բո­լոր գէ­շերն ալ շատ գէշ չեն։ ­Ճա­շա­կի կամ հա­մակ­րան­քի հարց չէ, օ­րէն­քի ու կա­նո­նի հարց է, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ու ա­մէն բա­նէ վերջ, որ եր­կու պա­րա­գա­յին ալ կը յի­շեց­նէ, թէ ի՛նչ տե­սակ ազ­գի զա­ւակ­ներ ենք մենք, որ յա­ճախ հա­մա­ձայն կ­՚ըլ­լանք միայն մեր տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն։
­Հա­յաս­տա­նը հա­յու­թեան հա­յե­լին է՝ փայ­լուն, ո­ղորկ, հա­րա­զատ ու ցո­լա­ցող։ ­Հա­յե­լիին լու­սար­ձակ­նե­րը ճամ­բայ կ­’ել­լեն Ե­րե­ւա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն ու կը տա­րա­ծո­ւին Եւ­րո­պա, Ա­սիա, Ա­մե­րի­կա, Աւստ­րա­լիա։ Կ­՚ե­րե­ւի՝ մար­դիկ հոն քիչ մը ա­ւե­լի կ­’ապ­րին, քան հայ­կա­կան բարձ­րա­ւան­դա­կի լեռ­նաշ­խար­հի տա­րածք­նե­րուն վրայ։ ­Բա­ցա­յայտ տար­բե­րու­թիւ­նը կու­գայ այն ի­րա­կա­նու­թե­նէն, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մար­դիկ կ­’ապ­րին ի­րենց ու­զած ձե­ւով, ե­թէ ան­շուշտ ընտ­րո­ւած ձե­ւով ապ­րի­լը ար­տօ­նո­ւած է կեն­ցա­ղա­վա­րա­կան կա­նոն­նե­րէն, ա­ւե­լի կամ նո­ւազ ծան­ծա­ղա­միտ կապ­տում­նե­րով։
­Հա­յաս­տան-սփիւռք հա­մա­հայ­կա­կան 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւնս 4րդն­ է, չհա­շո­ւե­լով որ 4րդը եւ 5րդը տի­րող անմ­խի­թար նեղմտու­թեան մը պատ­ճա­ռով դրոշ­մե­ցին բա­ցա­կա­յու­թիւնս նախ հո­գիիս մէջ, շշմած սիս­թե­մին մար­դը ըլ­լա­լու բա­ցար­ձակ մեր­ժու­միս պատ­ճա­ռով, վստա­հու­թիւնն ու անվս­տա­հու­թիւ­նը սուղ կ­՚ար­ժեն։
Անց­նող 5 հա­մա­ժո­ղով­նե­րը խօ­սե­ցան ան­ցեա­լի մա­սին. 6րդը՝ ա­պա­գա­յի մա­սին, ա­ւե­լի ա­զատ, ա­ւե­լի ան­կախ, ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­վար եւ բար­գա­ւաճ, ա­ւե­լի հե­ռան­կա­րա­յին ­Հա­յաս­տա­նի մը մա­սին։ 6րդը՝ ժա­մա­նա­կին մէջ ու ժա­մա­նա­կին հետ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ժա­ռան­գեց անց­նող 5ի ար­ժէք­ներն ու փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը։ Իւ­րա­ցուց բա­ներ, որ 7րդին պի­տի փո­խան­ցէ, ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ու ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան պոր­տա­կա­պը իր յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան մէջ դնե­լու հե­ռան­կա­րա­յին ակն­կա­լու­թեամբ։ Անց­նող 6ի սխալ­նե­րը՝ 7րդը պի­տի խու­սա­փի, պի­տի շրջան­ցէ, պի­տի զեղ­չէ, ինչ­պէս՝ անց­նող 26 տա­րուան հայ­րե­նա­կան պե­տա­կա­նու­թեան կազ­մա­ւոր­ման սխալ­նե­րը յա­ջոր­դող 26 տա­րի­նե­րուն կը հա­ւա­տամ պի­տի չկրկնո­ւին, պի­տի խու­սա­փո­ւին։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կա­նա­ցու­մը բնա­կա­նոն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնն է հի­նի հե­տե­ւան­քին, որ կ­’ըն­դե­լու­զո­ւի ան­ցեա­լի մէջ, կը վե­րա­կա­ռու­ցո­ւի նո­րին, ա­պա­գա­յին մէջ եւ ճամ­բայ կը բա­նայ գա­լի­քի ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ի­մաս­տը ճիշդ սոր­վեց­նե­լու գիտ­ցո­ղին ու սոր­վիլ ու­զո­ղին հա­մար։
­Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ու խիղ­ճի բնո­րո­շում­նե­րը ինչ­պէ՞ս կ­՚ըլ­լան։

***

Ժո­ղո­վա­վա­րա­կան դի­ւա­նա­կա­լու­թիւ­նը միշտ ալ լու­ծում­ներ տո­ւած չէ ընդ­հան­րա­պէս հայ­րե­նա­կան, բայց մաս­նա­ւո­րա­պէս հայ­կա­կան բարդ հար­ցե­րուն, ո՛չ ալ ինք­նա­հաս­տա­տած է մեր ազ­գա­յին մնա­յուն ար­ժէք­ներն ու գե­րիշ­խա­նու­թեան տե­ւա­կա­նա­ցու­մը, որ­քան ալ ա­նոնք ժա­մա­նա­կա­կից ու գե­րար­դիա­կան հա­մա­կար­գիչ­նե­րու բծախնդ­րու­թեամբ ալ կը պար­զա­բա­նո­ւին։
­Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ հա­յը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծա­րա­ւով ապ­րած է իր պատ­մու­թեան, իր մշա­կոյ­թին, իր լե­զո­ւա­կան գան­ձա­րա­նին եւ ար­ժէք­նե­րը ան­մա­հաց­նող խորհրդնիշ­նե­րուն հետ ու հան­դէպ։ Այդ պատ­ճա­ռով իսկ, ա­մէն ան­գամ որ իր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան խա­ւե­րուն զգա­ցում­նե­րը տա­տա­նած են իր մշտա­կան իղ­ձե­րուն հան­դէպ, հարկ զգա­ցած է քիչ մը մա­գա­ղաթ շնչե­լու, որ­պէս­զի իր քի­թին ծա­կե­րը բա­ցո­ւին ու մա­գա­ղա­թի բոյ­րը իր թո­քե­րուն մէջ սրսկո­ւի։ Ի­մա­նանք. ­Հա­յաս­տան մը կայ, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէն լե­զու մը կայ։
­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­հայ­կա­կան 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին ա­ռի­թով, տար­բեր ու խօ­սուն ո­ճով, տար­բեր ու խօ­սուն մօ­տե­ցու­մով բա­ներ պի­տի փոր­ձեմ ը­սել։ Ո­րոշ բա­ներ, գիտ­նա՜նք, կա­ղա­պա­րի մէջ չեն մտներ, պէտք է ա­զատ շնչեն. ա­զատ շնչե­լու հա­մար ալ, ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը նա­խա­պայ­ման է, որ­քան ար­տա­յայ­տո­ւո­ղին, նոյն­քան մըն ալ այդ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ըն­կա­լո­ղին ու չըն­կա­լո­ղին հաշ­ւոյն։
­Ծա­նօթ է բո­լո­րին, թէ մար­դիկ կան, որ լաւ չեն գի­տեր ի՛նչ կ­՚ը­սեն, ի՛նչ կ­՚ը­նեն։ ­Մար­դիկ ալ կան, որ շատ լաւ գի­տեն՝ թէ՛ ինչ կ­՚ը­սեն, թէ՛ ինչ կ­՚ը­նեն։ ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան կեան­քը ե­րե­ւու­թա­պէս մա­սամբ՝ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած ներ­դաշ­նա­կու­թեան մը սահ­ման­նե­րուն մէջ կը տա­րու­բե­րի, ըն­կա­լո­ւած այն պար­զա­ցո­ւած ըն­թա­ցիկ ի­մաս­տով, որ ո­մանք հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը կը գոր­ծա­ծեն ըն­կե­րա­յին պարզ ու պար­զաց­նող հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։ Երբ գէշ բա­նե­րուն չես հա­կազ­դեր, լու­ռօ­րէն կը հա­մա­կեր­պիս։
Մ­նա­ցեա­լին մա­սին, ը­սել կ­՚ու­զեմ հա­մա­ժո­ղո­վի թղթակ­ցա­կան օ­րագ­րու­թեամբ զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են լայ­նօ­րէն։ ­Չորս տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով 16 տար­բեր նիւ­թե­րու՝ ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան, պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­նե­րու — նա­խա­գահ­ներ, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ, վար­չա­պետ, սփիւռ­քի նա­խա­րար, պաշտ­պա­նու­թեան ու ար­տա­քին նա­խա­րար­ներ։ ­Բան չու­նիմ ա­ւելց­նե­լիք. բո­լո­րին ի խո­րոց սրտէ շնոր­հա­կալ ենք, ա­ւե­լին՝ հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու 600 հրա­ւի­րեալ­նե­րու, 100 լրագ­րող­նե­րու եւ 70 եր­կիր­նե­րէ 1600 սփիւռ­քա­հա­յե­րու ա­նու­նով, ի մաս­նա­ւո­րի՝ ա­ռա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցող ­Թայ­լան­տը, Ե­թով­պիան, ­Միան­մա­րը, ­Սին­կա­փու­րը, ­Մա­րո­քը։ ­Փա՜ռք Աս­տու­ծոյ, ա­մէն տեղ հայ կայ ու հա­յու­թի՛ւն կայ, որ իր ար­տա­քին բո­լոր հար­ցե­րը կը լու­ծէ նախ­քան իր ներ­քին հար­ցե­րը լու­ծե­լը։

* * *

Ե­րե­ւա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան շրջա­կայ­քին մէջ, դի­մու­մի մը ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ տար­բեր զրոյց մը ու­նե­ցանք հա­մա­ժո­ղո­վին ար­ծար­ծո­ւած բո­վան­դա­կա­յին ու թե­մա­թիկ բազ­մա­զան նիւ­թե­րու լոյ­սին տակ։ Այս զրոյ­ցը քա­նի մը ժամ տե­ւեց՝ ա­պա­ցու­ցա­նե­լով, թէ մար­դիկ կան՝ գիտ­նա­կան­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ, ու­սա­նող­ներ, հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, որ ու­րիշ բա­նե­րով ալ կ­’ապ­րին, կը մտա­հո­գո­ւին, մտա­ծել ու զգալ գի­տեն, սի­րել ու հիա­նալ գի­տեն, սրտի խո­ռոչ­նե­րով ու քի­թի եր­կու ծա­կե­րով խո­րունկ ի­մաստ­նե­րը շնչել ու ներծ­ծել գի­տեն։ ­Բայց՝ ար­տաշն­չել ալ գի­տեն, ­Հա­յաս­տա­նի փո­խո­ւող աշ­խար­հին մէջ, ուր մար­դիկ սկսած են զի­րար փնտռել, զի­րար ճանչ­նա­լու հա­մար։
­Հան­դի­պու­մը հե­տաքրք­րա­կան էր եւ չա­փա­զանց շա­հե­կան. «ազ­գա­շունչ նիւ­թե­րով ո­ղո­ղո­ւած խօ­սակ­ցու­թիւն» պի­տի բնո­րո­շէին հի­նե­րը։ Ես՝ ա­սո՛ր պի­տի անդ­րա­դառ­նամ, նոյն ազ­գա­շունչ պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ, որ լսե­ցի այս բո­լո­րը մեր հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ։ ­Բո­լոր հար­ցե­րը ծայր աս­տի­ճան կեն­դա­նի են եւ միեւ­նոյն կեն­դա­նի ապ­րու­մով կրնաս խօ­սիլ ա­նոնց նիւ­թե­րու մա­սին։
­Բա­րե­կամ­ներս՝ հա­րա­զա­տօ­րէն լու­սան­կա­րե­ցին հա­յաս­տա­նեան հին թէ նոր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ի­րենց սրտա­մօ­տիկ ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով։ ­Խօ­սե­ցան ազ­գա­յին վէր­քե­րու մա­սին։ ­Գի­տէ՞ք, բո­լոր վէր­քե­րը սու­սե­րա­մար­տի ար­դիւնք չեն։ ­Վէր­քեր կան, որ ա­րիւն կը հո­սեց­նեն, վէր­քեր ալ կան, որ մէկ կա­թիլ ա­րիւն չեն թա­փեր, բայց կը ցաւց­նեն։
­Նոյ­նան­ման հան­դի­պում մըն ալ, ան­պաշ­տօն, գաղտ­նի, խիստ դռնփակ՝ տե­ղի ու­նե­ցած էր դար­ձեալ Ե­րե­ւա­նեան հա­մալ­սա­րա­նա­կան կեդ­րո­նի մը դահ­լի­ճին մէջ՝ փրո­ֆե­սոր­նե­րու եւ ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, խորհր­դա­յին «սպի­տակ գի­շեր­նե­րու» ճնշող օ­րե­րուն, 80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու սկիզ­բը, ըն­դա­ռա­ջե­լով քա­նի մը լու­սա­միտ ու ա­զա­տա­միտ դա­սա­խօս­նե­րու խնդրան­քին, եր­կու գլխա­ւոր նիւ­թե­րու շուրջ.- ա.) ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­ներ Ս­փիւռ­քի մէջ. բ.) ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը եւ սփիւռ­քեան հա­յա­գա­ղութ­նե­րու գո­յու­թե­նա­կան հե­ռան­կար­նե­րը։
­Կը թո­ւի թէ՝ ա՛յդ թո­ւա­կա­նէն հա­յու­թեան բա­ժան­ման կէ­տե­րը յստա­կա­ցու­մի պէտք ու­նէին, ա­տոր կա­րի­քը կը զգա­ցո­ւէր։
­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի օ­րե­րուն, մուրճ-ման­գա­ղէն ու ման­գաղ-մուր­ճէն զատ, ու­րիշ բա­նե­րով մտա­հո­գո­ւող­ներ ալ կա­յին։ Ա­պա­գայ քա­ղա­քա­ցի ձե­ւա­ւո­րե­լու խնդրին մէջ ազ­գա­յին նկա­րա­գիր ու յատ­կա­նիշ սրսկե­լու մտա­հո­գու­թիւն ու­նե­ցող­ներ ալ կա­յին։
­Գի­տեմ նաեւ, որ խորհր­դա­յին օ­րե­րուն, ա­նո­ւա­նի կարգ մը մտա­ւո­րա­կան­ներ, Ազ­գա­յին Գ­րա­դա­րա­նի հաս­ցէին ա­ռա­քո­ւող ­Պէյ­րութ, ա­պա Ա­թէնք հրա­տա­րա­կո­ւող Հ.Յ.Դ. օր­գան «Դ­րօ­շակ»ը կար­դա­լու հա­մար՝ տա­տամ­սոտ ու գաղտ­նի քայ­լե­րով ազ­գա­յին ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի սան­դուխ­նե­րը կը չափ­չփէին։ ­Կը թո­ւի, թէ ազ­գա­յին կա­րօ­տի ու ազ­գա­յին ճշմար­տու­թեան փոր­ձար­կում­նե­րը vodkaի մէկ ում­պով կը սրսկէին ի­րենց նե­րաշ­խար­հի ա­րեան բջիջ­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի մար­դիկ, ընդ­հուպ մանկ­լա­ւիկ ըլ­լա­լէ դադ­րին, փո­ղոց ու հրա­պա­րակ իջ­նեն, ներշն­չեն ու ներշն­չո­ւին՝ խօս­քով, գրի­չով, բա­հով, միտ­քով ու ապ­րու­մով, տա­պա­լե­լով խորհր­դա­յին հա­կա­հայ ու ա­պազ­գա­յին ժա­ռան­գա­կա­նու­թիւ­նը, ոս­կեայ կա­մուրջ մը փնտռե­լով սփիւռ­քի տա­րա­գիր ու տարտղ­նո­ւած հա­յու­թեան խիղ­ճին հետ։ Ա­հա՛ բնո­րո­շե­լի կէտ մը, մեր կեն­սագ­րու­թիւ­նը ճիշդ ի­մա­նա­լու հա­մար։
­Հոս տե­ղը չէ. բայց այս մա­սին ա­ռի­թով մը կը խոս­տա­նամ շա­րու­նա­կել։ Ուս­տի հոս փա­կա­գի­ծը կը փա­կեմ։
­Մար­դիկ կան, որ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգեն, թէ մե­ռե­լա­թա­ղի սառ­նա­րա­նէ մը դուրս ե­լած են, պաղ սրտով, պաղ նա­յո­ւած­քով, ան­տար­բեր ու ան­հե­տաքր­քիր, խո­ժոռ, ե­րե­սը կախ։ Ու­րիշ­ներ ալ, տե­ւա­բար կը շնչեն՝ 24 ժամ, 48 ժամ, 72 ժամ, մէկ շա­բաթ, մէկ ա­միս, մէկ տա­րի, տա­րի­նե՜ր, տա­րի­նե՜ր։ ­Կը շնչեն ու կը շնչա­ւո­րեն հայ­կա­կան տրո­փով։
­Քիչ թէ շատ, ա­մէն տեղ այս­պի­սի մար­դիկ կան։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ ին­չո՞ւ պի­տի չըլ­լան, ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րու, ա­կա­դե­միա­յի, մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու եւ գո­յա­տեւ­ման բնազ­դով ապ­րող գի­տակ­ցա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մէջ։
­Յու­շի յատ­կա­նի­շը կեն­դա­նի է մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու մէջ, այն­քան ա­տեն, որ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը ինք­նա­յօ­ժա­րօ­րէն կը դի­մա­նան, կը տո­կան, կ­՚ապ­րին ու կ­՚ապ­րեց­նեն՝ գա­ղա­փար­նե­րը գա­ղա­փար­նե­րուն հա­մար։
Ե­կէ՛ք, ­Հա­յաս­տա­նը տես­նենք ու զգանք ու­րիշ աչ­քով։
Խղ­ճի՛ աչ­քով։

(­Շար. 1)