ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

­Վեր­ջա­բան

­Հա­յաս­տա­նի հար­ցե­րը հոս չեն սկսիր, ոչ ալ հոս կը վեր­ջա­նան։ Ու­սա­նող­նե­րու բո­լոր մատ­նան­շում­նե­րը եւ հա­րա­զատ անձ­կու­թեամբ դրսե­ւո­րո­ւած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու վեր­լու­ծում­նե­րը հան­դի­սադ­րե­լը, թե­րեւս, մեր թեր­թէն քա­նի մը շա­րու­նա­կու­թիւն­նե­րու յա­ւե­լեալ կա­րի­քը զգաց­նէր։ ­Հոս կը կե­նամ։ ­Բա­ւա­կան է այս­քա­նը։
­Մեր ա­ռօ­րեայ բազ­մա­պի­սի ու բազ­մա­գոյն հար­ցե­րու մա­սին դեռ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան ­Նու­նէն, ­Լե­նան, ­Վա­չա­կա­նը, ­Շա­հէ­նը, ­Շա­ւար­շը, քա­հա­նայ մը, ­Նա­րէն, ­Ռա­տի­կը, ­Նա­ղա­շը, ­Ճու­լիէ­թան եւ ու­րիշ­ներ։ ­Բո­լո­րին շնոր­հա­կալ եմ։ Ա­նոնք հարս­տա­ցու­ցին գի­տե­լիք­ներս, վե­րապ­րե­ցու­ցին մտա­հո­գու­թիւն­ներս, ազ­գա­յին ապ­րում­ներս, ի­րենց ստեղ­ծա­գործ մտո­րում­նե­րով, գործ­նա­պաշտ, ի­րա­պաշտ, գա­ղա­փա­րա­պաշտ։ Ինչ ալ ըլ­լայ, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը — ո­րե­ւէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն — նախ կը պատ­կա­նի ազ­գին, ա­պա՝ իր ստեղ­ծա­րար զա­ւակ­նե­րուն։
Այս հան­դի­պու­մը իս­կա­կան բա­րիք մըն էր։ ­Հա­յե­րը ա­ւան­դա­բար կը հա­ւա­տան ու կ­’ը­սեն.- «Չ­կայ չա­րիք, ա­ռանց բա­րի­քի», կամ՝ «Չ­կայ բա­րիք, ա­ռանց չա­րի­քի», փոր­ձե­լով գտնել ի­րենց ապ­րած ժա­մա­նա­կին ի­մաստն ու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը։
­Թո՛ղ ու­սա­նող­նե­րը չկար­ծեն, թէ ի­րենց ը­սած­նե­րը պի­տի չնշեմ։ ­Բա­ցար­ձա­կա­պէ՛ս. յի­շո­ղու­թեան պա­կա­սէ չեմ տա­ռա­պած եր­բեք եւ ո­րե­ւէ՛ պա­րա­գա­յի թոյլ պի­տի չտամ, որ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան զգա­ցում­ներս աղ­քա­տա­նան իմ նե­րաշ­խար­հիս մէջ։
­Յա­ճախ կը մտա­ծեմ. որ­քա՜ն պա­տա­հա­կան մար­դե­րով լե­ցո­ւած է մեր կեան­քը, եւ միա­ժա­մա­նակ՝ որ­քա՜ն տա­ղան­դա­ւա­ւոր­նե­րով ու ար­ժէ­քա­ւոր­նե­րով։ ­Մար­դիկ կան, որ մէկ ակնթար­թով յար­գան­քիդ կ­’ար­ժա­նա­նան. մար­դիկ ալ կան, որ…
­Մեր կեան­քի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներն ու ներ­դաշ­նա­կու­թիւն­նե­րը ազ­գա­յին գե­րա­գոյն յատ­կա­նի­շի պէտք է վե­րա­ծենք։ Այ­լա­պէս, ժա­մա­նա­կը կը սա­ռի եւ կը սա­ռեց­նէ. ար­դիւնք՝ բան չի յա­ռա­ջա­նար։
Այս­քա՛ն, որ­պէս­զի հայ­րե­նա­սի­րա­կան քա­րոզ­նե­րով չշա­րու­նա­կենք ու դիւ­րին հռե­տո­րու­թեան նմոյշ­նե­րու զոհ չեր­թանք։
­Հա­յու ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մը ա­ւե­լի քան կեն­սա­կան է, ոչ միայն սփիւռ­քի, ոչ միայն ան­հա­մե­մա­տօ­րէն զար­գա­ցող նոր սփիւռ­քի, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Այս գոր­ծին մէջ խո­հեմ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի շուրջ 17.000 դաս­տիա­րակ­նե­րը, որ­պէս­զի լոյ­սը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր դարձ­նեն խա­ւա­րէն ու խա­ւա­րամ­տու­թե­նէն։ Ա­նոնք պէտք է վա­յե­լեն պե­տու­թեան ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան քա­ջա­լե­րան­քը եւ մղու­մը։
­Հա­յաս­տա­նը պէտք է լաւ հասկ­նայ, թէ սփիւռ­քի հար­ցը միայն հա­յա­պահ­պա­նու­մը չէ։ ­Հա­յա­պահ­պա­նումն ալ սա­կայն, պէտք է կա­տա­րո­ւի ժա­մա­նա­կա­կից դաս­տիա­րակ­չա­կան կշի­ռով ու նոր տա­րա­զա­ւո­րու­մի մը սրսկու­մով, որ­պէս­զի կազ­մա­ւո­րո­ւի հա­յու նո­րօ­րեայ շեշ­տո­ւած դի­մա­գի­ծը։
­Հարց տանք սա­կայն, սփիւռ­քի մէջ մեր հասկ­ցած հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը հա­սունց­նե­լու կազ­մա­ւո­րո­ւած ու թի­րա­խա­ւո­րո­ւած մշա­կոյթ ու­նի՞նք։ Կ’ը­սեմ այս, քա­նի տար­բեր տե­սա­կէտ մըն ալ կայ, ըստ ո­րուն՝ սփիւռ­քա­հա­յուն մէջ կու­տա­կո­ւած են հա­յու­թե­նէ բխող տար­բեր ու տար­բեր ազ­գա­յին նո­րօ­րի­նակ բար­դոյթ­ներ, որ ար­գելք կը հան­դի­սա­նան այդ մշա­կոյ­թի հե­զա­սահ զար­գա­ցու­մին։ Ի՛նչ ալ ըլ­լայ, ­Հա­յաս­տա­նը եր­կու­քի պէտք չէ բաժ­նո­ւի, մին­չեւ որ հայ­րե­նի­քը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ իր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ճիշդ քայ­լե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը գտնէ։ Վս­տա­հա­բար, պի­տի տանք այդ ժա­մա­նա­կը յոյ­սով, այլ նաեւ հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ, հա­կա­ռակ որ մենք, հա­յերս, ի բնէ թե­րա­հա­ւատ ենք նկա­րագ­րով, ինչ որ եր­բեմն լաւ է ու ճիշդ, եր­բեմն ալ չա­փա­զան­ցո­ւած հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով։
­Հա­յը՝ հա­յուն հա­մար, հա­յը՝ հա­յով, հա­յը՝ հա­յու­թեամբ ու հայ­րե­նի­քով, ան­շուշտ ա­ռանց որ այս խօս­քե­րուն տրո­ւի լո­զուն­գա­յին պարզ ու ըն­թա­ցիկ ի­մաստ ու նշա­նա­կու­թիւն, այլ ժա­մա­նա­կա­կից հայ­կա­կան ինք­նու­թեան սահ­մա­նում ու հե­ռան­կար։
­Հա­յաս­տա­նը լուրջ օ­րա­կար­գի վրայ պէտք է բե­րէ ու վեր­լու­ծէ սփիւռ­քի ու սփիւռ­քա­հա­յու հա­յա­թա­փու­մի, լե­զուա­կան ան­կու­մի եւ ընդ­հան­րա­պէս իր ազ­գա­յին նա­հան­ջո­ղա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ ու երկ­րոր­դա­կան հար­ցե­րը, պատ­ճառ­նե­րը, ե­րեւ­ցող ու չե­րեւ­ցող մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։ Ա­մէն նո­րու­թիւն՝ սկիզ­բը ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի ո­դի­սա­կան մը հա­մա­րո­ւած է մեր կեան­քին մէջ, բայց յե­տոյ՝ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ճամ­բան լա­ւա­պէս հար­թո­ւած է, մրցու­նակ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու տո­ւեալ­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լով դէ­պի ա­պա­գայ։
­Հայ­րե­նի­քը՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ալ հայ­րե­նիք։ Ինչ­պէս՝ ո­րե­ւէ բա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան սկիզ­բը, կամ սկիզ­բին վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Բայց հա­յե­րուն հա­մար հա­յու ժա­մա­նա­կը կայ. ի՛նք դժբախ­տա­բար բա­ցա­կայ է…։ ­Մենք ի՞նչ կ­’ը­նենք այդ ժա­մա­նա­կին հա­մար։ Ի՞նչ ը­րած ենք մին­չեւ հի­մա։ Ան­շուշտ ոե­ւէ մէ­կը հա­ւա­տաքն­նու­թեան կան­չե­լու մի­տում չկայ։ Զ­գոյշ ըլ­լանք նախ, որ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ա­ռըն­թեր ար­տա­գաղ­թը չքրէա­կա­նացնենք։
­Հա­յու պատ­մու­թիւ­նը հա­յու մարդ­կա­յին կեան­քին պատ­մու­թիւնն է. ու­րիշ բան չի կրնար ըլ­լալ։ ­Մէ­կը կը լրացնէ միւ­սը, փո­խա­դար­ձու­թեան կա­նո­նով։ Իւ­րա­քան­չիւ­րը կը խա­ղայ իր դե­րը՝ հասկ­ցած ու իր չհասկ­ցած ձե­ւով, ե­թէ այս մէ­կը բան մը կը նշա­նա­կէ ուղ­ղա­կի, կամ ա­նուղ­ղա­կի հասկ­նա­լու ու չհասկ­նալ ու­զող­նե­րուն հա­մար։
­Հա­յու ներ­քին կա­պո­ւա­ծու­թեան կա­ռոյ­ցը տար­բեր է, այլ ազ­գե­րու մօ­տա­կայ թէ հե­ռա­կայ կա­պո­ւա­ծու­թե­նէն։ ­Հա­յու կա­պո­ւա­ծու­թեան մէջ իւ­րօ­րի­նակ ու զգա­ցա­պաշ­տա­կան «ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւն» մը կը դրսե­ւո­րո­ւի յա­ճախ, ա­մէն ան­գամ որ հա­յեր ի­րա­րու կը հան­դի­պին։ Ա­սի­կա՝ հա­յու ազ­նո­ւա­կան «քա­րի­քա­թու­րան» (ծաղ­րան­կար)ն­ է, որ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ կրնայ եր­կար խօ­սիլ Ե­րե­ւա­նի կլկլակ­նե­րու սառն ջու­րին ու հա­զար ու մէկ այլ բա­նե­րու մա­սին։
­Հա­յը՝ ի՛նչ որ կ­’ապ­րի իր պատ­մա­կան ար­մատ­նե­րու օ­ղակ­նե­րուն հետ կապ ու­նի։ Ե­թէ չփնտռո­ւած հայ­կա­կան ար­խիւ­ներ ստու­գենք, գան­ձեր պի­տի գտնենք ա­նոնց մէ­ջէն, գան­ձեր՝ ո­րոնք դժբախ­տա­բար չեն ար­ժե­ւո­րուիր եւ զա­նոնք ար­ժե­ւո­րե­լու ալ ո­րե­ւէ ծրա­գիր ու հե­ռան­կար չկան։
Պ­րեխտ կ­’ը­սէր.- մի մտա­ծեր փա­րա­ւոն­նե­րու մա­սին, երբ բուր­գե­րը կը տես­նես. մտա­ծէ ար­հես­տա­ւոր­նե­րու մա­սին, ո­րոնք զա­նոնք հիւ­սե­ցին։ Ե՛ւ ստրուկ­նե­րուն՝ պի­տի ա­ւելց­նէի ես։
­Հա­յերս չենք ու­զեր, որ մեր քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը թան­գա­րան ըլ­լայ, թան­գա­րան մնայ։ ­Հայ­կա­կան հա­րուստ քա­ղա­քակր­թու­թիւն կայ՝ կը բա­ւէ, որ փնտռենք, գտնենք, տի­րա­նանք ա­նոր ու վե­րա­կեն­դա­նաց­նենք ա­նոնց ար­ժէք­նե­րը։ ­Մեր հին ար­ժէք­նե­րէն որ­քա­նի՞ն տի­րա­ցանք ու պահ­պա­նե­ցինք։ ­Քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը կը սոր­վեց­նէ՝ ինչ որ ու­րիշ­ներ չեն դա­սա­ւան­դեր մեր գրա­ւոր ու ման­րա­մասն ժա­ռան­գու­թե­նէն։ Ե­կէք քա­ղա­քա­կան այլզ­հայ­մե­րէ չվա­րա­կո­ւինք։
Ե­կէ՛ք խօ­սինք ի­րա­կան բա­նե­րու մա­սին ալ։ Ա­մէ­նէն գէշ հայ­րե­նի­քը այն է, որ մեր մէ­ջը չէ, կամ այն՝ որ մեր մէ­ջէն դուրս ե­կած է, ար­մա­տա­խիլ ե­ղած է, ու մենք զայն կը դի­մագ­րա­ւենք ա­րո­ւես­տա­կան լռու­թեամբ ու հա­մա­կեր­պու­մով։
Աս­կէ ա­ւե­լի նո­ւազ բան չեմ կրնար ե­րե­ւա­կա­յել։ Ա­մէն տեղ փա­ղաք­շա­կան խօս­քեր ար­տա­յայ­տե­լը մե­զի տեղ չի հասց­ներ։ ­Հայ­րե­նի­քի մա­սին խօ­սե­լով պի­տի խօ­սինք բաց, ան­կեղծ ու հե­զա­սահ ո­ճով, ոչ ան­պայ­ման կմկմա­լով ու բա­ռե­րը ծամծ­մե­լով։
Այս բո­լո­րէն վերջ, կը թո­ւի թէ՝ հա­յու վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ա­ւե­լի ճիշդ կար­դա­ցո­ւին, մեր գնա­հա­տում­նե­րուն մէջ չձա­խո­ղե­լու հա­մար։

(­Շար. 4 եւ վերջ)