Ե­րե­ւա­նի մէջ, 16 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նին իր հա­ւա­տար­մա­գի­րե­րը յանձ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի մօտ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Է­վան­կե­լոս ­Թուր­նա­քիս:
­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րած է նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թած՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար: «­Մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րի բա­րե­կա­մու­թիւ­նը հա­զա­րա­մեակ­նե­րի պատ­մու­թիւն ու­նի, մենք դա­րեր ի վեր մշա­կու­թա­յին եւ պատ­մա­կան ա­մուր կա­պեր ենք ու­նե­ցել։ ­Յա­ջո­ղու­թիւն եմ մաղ­թում ­Ձեզ եւ վստահ եմ, որ ա­մէն ջանք կը ներդ­նէք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում առ­կայ ձեռք­բե­րում­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու եւ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով մեր երկ­կողմ կա­պերն ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լու հա­մար», ընդգ­ծած է նա­խա­գահ ­Սարգսեան։
­Դես­պան Է­վան­կե­լոս ­Թուր­նա­քիս նշած է, որ ու­րախ է իր եր­կի­րը ներ­կա­յաց­նել բա­րե­կամ ­Հա­յաս­տա­նի մօտ եւ պատ­րաս­տա­կամ է իր փոր­ձա­ռու­թիւնն ու գի­տե­լիք­նե­րը ներդնել՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել ընդ­լայ­նե­լու ջան­քե­րուն մէջ:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, անդրա­դարձ ե­ղաւ եր­կու բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով փոխ­գոր­ծա­կա­ցու­թեան զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ , որ մեծ նե­րուժ գո­յու­թիւն ու­նի գի­տակր­թա­կան, ար­հեստ­տա­գի­տա­կան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ: