Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ իրականացուած է ոսկրածուծի` արիւնաստեղծ ցօղունային բջիջներու երկու փոխ-պատուաստում:
«Այդ երկու անձիքը միելոմային հիւանդներ են, քիմիաբուժութենէն ետք հիւանդութիւնը կրկնուած է: Այդ հիւանդներուն մօտ ցուցուած է ցօղունային բջիջներու փոխ-պատուաստումը»,- ըսած է Եոլեանի անուան «Արիւնաբանական կեդրոն»ի տնօրէն Սմբատ Դաղբաշեան:
Բժշկին խօսքով՝ փոխ-պատուաստումը միակ հնարաւորութիւնն է այս պարագային, որպէսզի կարենան երկարեցնել անոնց կեանքը:
Հիւանդներէն մէկը Արցախէն է, միւսը` Հայաստանէն:
50ամեայ Էլմիրան մինչեւ փոխ-պատուաստումը բժիշկին յայտնած է, որ կ՛ուզէ այն ժամանակաշրջանը, որ պէտք է ապրի, ըլլայ առողջ եւ զգալ կեանքը այնպէս, ինչպէս կայ: Եւ այդ կեանքը ապրիլ ընտանիքին հետ: «Հիւանդը կեանքի որակի բարձրացման խնդիր դրաւ»,- աւելցուցած է Սմբատ Դաղբաշեան: Փոխ-պատուաստումը իրականացուած է Համպուրկ Էփենտորֆ հիւանդանոցի փոխ-պատուաստման բաժնի ղեկավար, փրոֆեսոր Նիքոլայուս Քրեօկըրի ղեկավարութեամբ: Անոր խօսքերով` սա ամբողջ աշխարհի մէջ իրականացուող նորարարական եղանակ է: Հայաստանի մէջ փոխ-պատուաստման կարիք ունի տարեկան 60 հիւանդ: Այս տարի կը ծրագրուի 7-10 նման գործողութիւն կատարել: Բացի այդ` չի բացառուիր, որ հայ մասնագէտներուն կը սկսին դիմելու նաեւ հիւանդներ հարեւան երկիրներէն:
Հայաստանի մէջ ոսկրածուծի փոխ-պատուաստում
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ոսկրածուծի փոխ-պատուաստում կատարուած է