Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ «Էյ.Թի.Փի.ե բարեգործական հիմնադրամին միջեւ ստորագրուած է փոխ-ըմբռնման յուշագիր՝ Հայաստանի մէջ առաւել լուրջ մօտեցումով բնապահպանական կրթութեան իրականացումը խրախուսելու նպատակով:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ յուշագիրի նպատակն է նպաստել բնապահպանական կրթութեան կարեւորութիւն տալուն եւ զայն առաւել եւս տարածելուն՝ Հայաստանի կրթական շրջանակին մէջ: Կողմերը կ՛աջակցին նոր մօտեցումով եւ լուրջ բնապահպանական կրթութեան տարածման եւ յառաջընթացին միտուած ծրագիրներուն ու գործողութիւններուն՝ տրամադրելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն եւ տեղեկատուութիւն: «Էյ.Թի.Փի.ե հիմնադրամը կը պարտաւորուի մասնագիտական ներուժ ներդրելու լուրջ բնապահպանական կրթութեան ուղղութիւններու զարգացման, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ այլ կառոյցներու օժանդակութեամբ նպաստելու ուսուցիչներու եւ դաստիարակներու մասնագիտական յառաջխաղացման հնարաւորութիւններու ընդլայնման մէջ՝ կազմակերպելով վերապատրաստման դասընթացքներ, «Միտք սերմանի՛ր, ծառ տնկի՛րե ուսումնական ձեռնարկի եւ այլ ուսումնական նիւթերու հիման վրայ:
Հիմնադրամը աշխատանքներ պիտի իրականացնէ նաեւ քաղաքացիական կրթութեան եւ համապատասխան կանոնաւոր աջակցութիւն:
Հայաստանի մէջ կը խրախուսուի բնապահպանական կրթութիւնը
Հայաստանի մէջ կը խրախուսուի բնապահպանական կրթութիւնը