Ուրբաթ՝ 29 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ բացուած 13րդ ամենամեայ «Դիջիթեք» ցուցահանդէսին առանձին տաղաւարով ներկայացուած է «Ինժեներական քաղաք»ը:
«Ինժեներական քաղաք»ի տաղաւարի մուտքին, հիւրերը կը դիմաւորէ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հաւաքուած ելեկտրական ինքնաշարժը, որ արտադրուած է «Նեշընըլ Ինսթրումընթս» (National Instruments) ընկերութեան եւ հայ մասնագէտներու ջանքերով:
Տաղաւարին մէջ ներկայացուած են նաեւ տարբեր հանգոյցներ, որոնք կ՛ապահովեն ինքնաշարժի ինքնավարութիւնը: Մասնաւորապէս, ինքնավար ինքնաշարժին մաս կը կազմեն ռատիօ-տեղորոշիչները, տեսախցիկները, լէյզըրով գործող «սքենըր»ները: Ինքնաշարժը կ՛աշխատի միայն ելեկտրականութեամբ: Որոշ հանգոյցներ պատրաստուած են Հայաստանի մէջ, իսկ այլ մասեր ներածուած են, բայց ընդհանուր համակարգը ամբողջութեամբ հաւաքուած է Հայաստանի մէջ՝ 4էն 6 ամսուան ընթացքին:
«Նեշընըլ Ինսթրումընթս» ընկերութեան ներկայացուցիչ Ռուբէն Սիմոնեան յայտնեց, որ այս նորաձեւ ելեկտրական ինքնաշարժի գաղափարը հայ ճարտարագէտները մտայղացած են 70ական թուականներուն:
«Մեքենաշինութիւնը Հայաստանի համար նորութիւն չէ, դեռեւս 1975թ. Հայաստանում առաջին անգամ հաւաքուել է էլեկտրամոբիլ: Մենք միշտ ունեցել ենք այդ մշակոյթը եւ այս էլեկտրամոբիլը այդ ինժեներական մշակոյթի շարունակութիւնն է»,- ըսաւ Ռուբէն Սիմոնեան:
Սիմոնեան յայտնեց, որ «Ինժեներական քաղաք»ը կը համագործակցի համաշխարհային ճանաչում ունեցող զանազան ընկերութիւններու հետ՝ աւելցնելով.- «Օրինակ, մեր լուծումներից օգտագործում է համաշխարհային Audi ընկերութիւնը: Աշխատում ենք նաեւ ռուսական ընկերութիւնների հետ: Պատուէրները շատ են, սակայն մեր նպատակն է ոչ միայն պատուէրներն աւելացնել, այլեւ՝ այս ուղղութիւնը Հայաստանում զարգացնել»:
Նշենք, որ «Ինժեներական քաղաք»ը կը նախատեսուի կառուցել Երեւանի Ջրվէժ թաղամասին մէջ:
Հայաստանի մէջ կազմուած առաջին ելեկտրական ինքնաշարժը
Հայաստանի մէջ կազմուած առաջին ելեկտրական ինքնաշարժը կը ներկայացուի «Դիջիթեք»ի ցուցահանդէսին