2017ի վեց ա­միս­նե­րու ծնունդ­նե­րուն թի­ւը, նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մե­մատ, նո­ւա­զած է 6,5 տո­կո­սով: Ծ­նե­լիու­թիւ­նը նո­ւա­զած է գրե­թէ բո­լոր մար­զե­րուն մէջ: Այդ մա­սին, ըստ Panorama.amի, յայ­տա­րա­րած է ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մար­դա­հա­մա­րի եւ ժո­ղովր­դագ­րու­թեան բա­ժի­նի պետ ­Կա­րի­նէ ­Գու­յում­ճեան` ներ­կա­յաց­նե­լով 2017ի ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կի ժո­ղովր­դագ­րա­կան ցու­ցա­նիշ­նե­րու նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րը:
Ծ­նե­լիու­թեան ա­մե­նա­ցած ցու­ցա­նի­շը ար­ձա­նագ­րուած է ­Սիւ­նի­քի մար­զին մէջ, ա­մե­նա­բարձր ցու­ցա­նի­շը` Ե­րե­ւա­նի մէջ: ­Վեց ամ­սո­ւան մէջ 100 աղջ­կայ հա­շո­ւով ծնած է 110 տղայ։
Աղ­ջիկ­նե­րուն ա­մե­նա­շա­տը տո­ւած են ­Մա­րիա, ­Նա­րէ, ­Մա­նէ, ­Մա­րի, ­Մա­րիամ, Ա­նի, Ա­նա­հիտ, Ան­կե­լի­նա, Է­լեն, ­Մի­լե­նա ա­նուն­նե­րը, տղա­նե­րուն` ­Դա­ւիթ, ­Նա­րեկ, ­Տիգ­րան, ­Հայկ, Ա­լեքս, ­Գոռ, ­Մարք, ­Սա­մո­ւէլ, Ա­րամ, Ար­թուր ա­նուն­նե­րը:
2017ի վեց ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մե­մատ, մա­հա­ցու­թեան դէպ­քե­րը ա­ւել­ցած են 306ով կամ 2,1 տո­կո­սով: ­Մա­հա­ցու­թեան 14.709 դէպ­քի 57,3 տո­կո­սը կա­պո­ւած է ա­րեան շրջա­նա­ռու­թեան հա­մա­կար­գի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րով, այ­նու­հե­տեւ նո­րա­գո­յա­ցու­թիւն­ներ, շնչա­ռա­կան օր­կան­նե­րու, մար­սո­ղա­կան օր­կան­նե­րու հի­ւան­դու­թիւն, դժբախտ պա­տա­հար­ներ, թու­նա­ւո­րում­ներ, վնա­սո­ւածք­ներ:
­Մա­հա­ցու­թեան ա­մե­նա­ցած ցու­ցա­նի­շը ար­ձա­նագ­րո­ւած է Ե­րե­ւա­նի մէջ, ա­մե­նա­բարձր ցու­ցա­նի­շը` ­Լո­ռիի, ­Վա­յոց ­Ձո­րի, ­Շի­րա­կի, ­Տա­ւու­շի մար­զե­րուն մէջ: ­Յու­լիս 1ի դրու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան բնակ­չու­թեան քա­նա­կի ցու­ցա­նի­շը կազ­մած է 2.979.900: ­Յու­նուար 1ի հա­մե­մատ՝ ցու­ցա­նի­շը նո­ւա­զած է 6200ով, որ ձե­ւա­ւո­րո­ւած է գաղ­թի բա­ցա­սա­կան մնա­ցոր­դի եւ բնա­կան յա­ւե­լա­ճի ցու­ցա­նիշ­նե­րու հաշ­ւոյն: