Հայաստանի մէջ արեւային առաջին ինքնաշարժին ստեղծումը կամաւորներու եւ խանդավառներու ծրագիր է: Բան մը, զոր կը կատարեն մասնագիտական հաճոյքի համար՝ նպատակ ունենալով Հայաստանի մէջ արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն հիմնելը:
«Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարին տեղակալը յայտնեց, որ ասիկա անձնական նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ արեւային ճարտարագիտութիւններու, յատկապէս ելեկտրական փոխադրամիջոցներու հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելն է: «Առաջին հանդիպումը հետաքրքրուած անձերու հետ երկու մասի բաժնեցինք. առաջինը՝ զերոյէն արեւային ինքնաշարժ նախագծել եւ կառուցելն է, երկրորդը՝ գործող որեւէ հին ինքնաշարժ ամբողջովին ելեկտրական շարժիչով ինքնաշարժ դարձնելը: Կ՛ուզենք ցոյց տալ, որ կարելի է գործող ինքնաշարժները փոխել ելեկտրական շարժիչի։ Յոյս ունինք, որ հետագային անիկա պիտի դառնայ տարածուած փորձառութիւն Հայաստանի մէջ»,- յայտնեց Հայկ Յարութիւնեան:
Ըստ պաշտօնատարին՝ աշխարհի առաջնակարգ ելեկտրական ինքնաշարժ արտադրող ընկերութիւնները իրենց հիմնական ճարտարապետներն ու աշխատակիցները կը գտնեն այն խումբերէն, որոնք կը մասնակցին այսպիսի աշխատանքներու: Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի «արեւային մարտահրաւէր» մրցումը, որ կը գործէ առաւել քան 30 տարիներէ ի վեր, եւ բոլոր համալսարանները աշխոյժ կերպով կը մասնակցին, իւրաքանչիւր խումբ կը նախագծէ իր արեւային ինքնաշարժը: Այդ ինքնաշարժները պէտք է 3000 քմ. ճանապարհ կարենան անցնիլ: «Մենք եւս կ՛ուզենք այստեղ նման բան ստեղծել՝ յոյս ունենալով, որ որոշ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնենք մասնագէտներու մօտ: Անոնք այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատին ա՛յն նպատակով, որ Հայաստանի մէջ դրուի արեւային ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութիւն»,- ըսաւ փոխ-նախարարը:
Հայաստանի մէջ արեւային առաջին ինքնաշարժը
Հայաստանի մէջ արեւային առաջին ինքնաշարժը կը հնարեն՝ արտադրութիւն հիմնելու նպատակով